ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Յարութիւնէ 40 օր յետոյ Քրիստոս կը համբառնայ երկինք. հայերը կը տօնեն Համբարձման տօնը. այս տարի Մայիսի 30-ին։
Չնայած օրը շարժական է, սակայն միշտ հինգշաբթի օրը կը նշուի։ Իսկ բուն ծէսերը չորեքշաբթի օրէն կը սկսին եւ գիշերուայ կախարդանքի միջով անցնելով կ՚օծուեն Համբարձման արեւի շողերով։
Համբարձման տօնի այլ ու նախկին անուններէն են Ճանկիւլիւմը, Վիճակը, Կաթնապրի տօնը։
Չորեքշաբթի օրը հայ մայրերը «Ծաղկամօր կիրակի» կը պահեն, որպէսզի իրենց մանչերը ծաղիկ կամ կարմրուկ հիւանդութիւնները չունենան, հիւանդներն ալ ապաքինուեն։
Ծաղկամայրը, կ՚ըսեն, քրիստոնէական Վարվառէ կոյսն է, ով փախչելով իր կռապաշտ հօր պատժէն, ի վերջոյ կ՚ապաստանէ Հայաստան աշխարհում՝ Արա Գեղեցիկի լերան անձաւներէն մէկի մէջ։ Սակայն հայրը կը հասնէ լերան մօտ, հովիւները կը մատնեն Վարվառէի թաքստոց-այրը, եւ հայրը կը սպանէ աղջկան։
Նահատակուելիս Վարվառէն կ՚անիծէ հովիւներուն, որոնք իրենց հօտի հետ տեղնուտեղը կը քարանան։ Վարվառան Աստուծմէ կը խնդրէ, որ իր անունով բուժուեն ծաղիկ ու կարմրուկ հիւանդութիւններով տառապողները։
Մինչ օրս ամէն Համբարձման տօնին ուխտաւորները կը գնան Արայի լերան Ծաղկամօր հրաշագործ մատուռը, մատաղ կը մատուցեն, մատուռի որմերէն հոսող բուժիչ ջրէն կը խմեն, որ, կը հաւատան, Վարվառէի արցունքներն են, եւ ցոյց կու տան քար դարձած հովիւներուն։
Չորեքշաբթի վաղ առաւօտեան կը սկսի Վիճակի հիմնական ծէսը՝ «ծաղիկ հաւաքելը» կամ Ճանկիւլիւմը։ Առտու կանուխ արեւը չծագած աղջիկները անծպտուն դուրս կ՚ելնեն դաշտերը եօթ տեսակ ծաղիկ հաւաքելու, կը գնան աղբիւրի ակունքները եօթ բուռ ջուր եւ եօթ տեսակ քար հաւքելու, կը մտնեն անտառները եօթ տեսակ ծառէն եօթ տերեւ քաղելու։
Որոշ տեղերում տղամարդու հանդիպելիս փարչի ողջ պարունակութիւնը կը պարպէին եւ վերստին կը սկսէին Ճանկիւլիւմը, իսկ այլ վայրերում, օրինակ Շիրակում, այր ու կին, մանչ ու ալեհեր, բոլորը միասին՝ երգ ու դհոլով, կը գնային դաշտերը՝ «ծաղիկ հաւքելու»։
Աղջիկները շա՜տ ծաղիկ կը քաղէին. դրանցով ետքը պիտի ծաղկեպսակներ ու տիկնիկներ պատրաստէին՝ ծաղկեպսակը իրենց գլխներին կ՚անցնէին, իսկ տիկնիկը, որը յայտնի է «Արուս», «Կաթնով ապրի Արուս», «Ծաղկամեր» անուններով կը կանգնեցնէին Վիճակի կժի վրայ։
Կուժը գիշերը կը պահէին ծածուկ մի տեղ՝ կամ երդիկին, կամ որեւէ թփի ծառի տակ, բնի մէջ, քարի կամ աղբիւրի մօտ, բայց այնպէս, որ տղաքը չգողնան։ Ողջ գիշեր այն պիտի մնար աստղալից երկնի տակ եւ զօրանար Համբարձման գիշերուայ կախարդանքի ուժով. սա է «աստղունք»-ը։
Համբարձման գիշերը՜... այդ ինչե՜ր կը կատարուին Համբարձման գիշերը։ Երկնի ու երկրի ողջ զօրութիւնը կ՚արթննայ, օդը կը լցուի հրաշքով ու կախարդանքը կը տարածուի ամենուր, կը պատի դաշտերն ու լեռները, կը դիպչէ ամէն խոտ ու ծաղկի, ծառ ու թփի, աստղաց ու լուսնի, կը մտնի ամէնքի տները, սրտերը, մտքերը… եւ կը բացի Մհերի դուռը, ուրկէ Մհերի ձին հազարներով ոսկի ու թանկագին քարեր կը թափէ։
Աստղերի վերածուած Լէյլա եւ Մեճնուն սիրահար զոյգը, ում սիրուն դէմ էին ծնողները եւ ովքեր Աստուծմէ խնդրել էին իրենց աստղի վերածել եւ իր մօտ տանել, Համբարձման գիշերը պահ մը կ՚իջնեն, կը մարդեղանան ու կը համբուրուեն, ապա նորէն վերեւ կը համբառնան։ Սրան ականատես մարդու բոլոր փափաքները կը կատարուին։
Համբոյրի պահին ողջ տիեզերքը պահ մը կանգ կ՚առնէ, ծառ ու ծաղիկ, լեռ ու դաշտ, անասուն ու կենդանի, բոլոր մարդիկ պահ մը շունչները կ՚առնին։ Ապա երկինքն ու երկիրը, ծաղիկն ու ծառերը, ամէնքը կ՚ողջագուրուին։
Նաեւ լեռները միմեանց կը մօտենան եւ կ՚ողջագուրուին։ Ալատաղն ու Քէօսէտաղը՝ քիւրտ գեղեցկուհին ու հայ տէրտէրի տղան, որոնք սիրահարուել էին միմեանց եւ ծնողների անէծքով իրարմէ յաւերժ հեռու լեռների վերածուել, այժմ կու գան Արազի ափին Վարդհեր վանքի մօտ կը գրկախառնուին ու ետ կը դառնան։
Ծաղիկներն ու խոտերը լեզու կ՚առնեն եւ կը սկսին ասել թէ իրենցմէ որ մէկը ինչի դեղ է։ Եթէ մէկը յաջողի սպաննել առասպելական Շահմար օձին, երկու հաւասար մասի բաժանել եւ պոչի մասը ուտել, նա կը հասկանայ խոտերի լեզուն եւ բոլոր հիւանդութիւնները բուժելու ձիրք կը ստանայ։
Այդ գիշեր դրախտի անմահութեան կաթիլներ կը ցօղային երկրի վրայ, գետակներու ու վտակներու մէջ՝ «ի բոյժ համայնատեսակ ցաւերու», եւ մարդիկ կը նետուէին հոսող ջրերի մէջ՝ իրենց հիւանդութիւնները բուժելու ակնկալիքով։
Կախարդանքի գիշերը աշխոյժ էին նաեւ չար ոգիները, ոմանք հարսներին կը փախցնէին, միւսները «լեբ» կ՚ընէին եւ դրկիցներու եղն ու մածունը կը տանէին, եւ հայ տիկինները ձեռնամուխ կը լինէին նրանցմէ պաշտպանուելու տարբեր գործողութիւններու…
Ահա կու գար հինգշաբթին, Վիճակը հանելու օրը եւ Կաթնապուր եփելու, այն արտերում, ի նշան բերքառատութեան, շաղախելու օրը.
Հանաներ, նաներ, նաներ,
Էսօր մեծ Համբարձում է,
Ծաղիկների հարցում է,
Աստուած երկինք Համբառցաւ,
Ամէնքի բախտ բարձաւ։
Ջանաներ, նաներ, նաներ։