Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն ետք հանրային կարծիքը զբաղեցնող կարեւոր հարցումներէն մէկն ալ պետութեան այս ընտրութեան միջամտելու վարկածն էր։ Ըստ երեւոյթի պետութիւնը գործընթացին միջամուխ եղաւ մեր սխալ դիրքորոշման հետեւանքով։ Այսպէս կը դատենք Ներքին գործոց նախարարի 13 Մայիս երկուշաբթի Պատրիարքարան տուած այցելութիւնը եւ տեղապահի ընտրութեան մասին ցուցմունքները։
Յիշենք որ Մութաֆեան սրբազանի 8 Մարտի վախճանումէն ետք քառասնօրեայ սուգ հռչակուած էր։ Ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսէր սուգի աւարտին։ Արդարեւ 29 Ապրիլին գումարուելիք Կրօնական ժողովի նախօրէին հանրութեան ակնկալութիւնը տեղապահի մը ընտրութեան մասին էր։ Թէ աւանդութիւնը կը թելադրէր տեղապահի ընտրութիւնը եւ թէ իր շարունակած ընդհանուր փոխանորդի կոչումը ստուէր կը թողուր անկողմնակալ ընտրութեան մը վրայ։ Սակայն Աթէշեան սրբազան յստակօրէն յայտարարեց թէ ինք դէմ է տեղապահի ընտրութեան եւ այդ յայտարարութեան իբր հետեւանք Կրօնական ժողովն ալ համակարծիք եղաւ իրեն 3-ի դէմ 5 ձայներու մեծամասնութեամբ։
Այս սխալ որոշումէն ետք Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու առարկած էր Կրօնական ժողովի որոշումին դէմ պնդելով թէ 1863-ի սահմանադրութիւնը կը մատնանշէ Հոգեւոր Վեհագոյն ժողովը եւ տեղապահի ընտրութիւնը։ «Կուսակալութեան դիմում մը կատարուած է։ Իմ կարծիքով պետութիւնը պիտի միջամտէ եւ տեղապահի ընտրութիւն պիտի պահանջէ» ըսած էր Շիրինօղլու։
Նման կարծիք յայտնած էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Մաշալեան։ Ան ալ կ՚ակնկալէր տեղապահի ընտրութեան նիւթով պետութեան միջամտութիւնը։ Դժբախտաբար ճիշդ եղած այս ակնկալութիւնները եւ անգամ մը եւս անհեռատես որոշումներու բերմամբ տեղի տուինք նման միջամտութեան։ Ըստ երեւոյթի արդիւնք տուած ըլլալ կը թուի Շիրինօղլուի ազդեցիկ շրջանակներու հետ ունեցած բանակցութիւնները եւ հիմա գործը կը մտնէ բոլորովին տարբեր հունի մէջ։ Թերեւս կարելի է ուրախանալ որոշ սխալ մը շրջանցած ըլլալու բերումով։ Բայց միւս կողմէն մենք մեր ձեռքով ապահոված եղանք պետութեան միջամտութիւնը։ Անշուշտ որ նման արդիւնքի մը հասնելու մէջ բաւական ծանր է Արամ Արքեպիսկոպոսի պատասխանատուութիւնը։ Արդարեւ Ներքին գործոց նախարարի այցելութենէն միայն քանի մը օր առաջ Արամ սրբազան «Արթը Կերչեք» կայանին հետ ունեցած զրոյցին, թէ կ՚անտեսէր իրեն ուղղեալ քննադատութիւնները եւ թէ անվայել ոճով կ՚արտայայտուէր Պեքճեան սրբազանի մասին։ Յայտնի է, որ Աթէշեան սրբազան այս բոլորը կ՚ընէր վստահելով կառավարական շրջանակներու հետ ապահոված յարաբերութիւններուն։ Այս բոլորը կարելի է հասկնալ, բայց ի՞նչ ըսել բոլոր այն հոգեւորականներուն, որոնք այս սխալ գործընթացին մէջ կը գործակցէին Արամ սրբազանին։
Այսօրուայ պատկերը այս սխալ որոշումներու հետեւանքն է։ Մինչդեռ եթէ կարենային եկեղեցւոյ թելադրած կանոններու հիման վրայ շարունակել ընտրութեան գործընթացը եւ որոշէին տեղապահի մը ընտրութիւնը, այս անբարոյ պատկերը չէր գոյանար։ Իսկ միւս կողմէն յայտնի է, որ նման զարգացումի մէջ կարեւոր բաժին ունեցած է Շիրինօղլուի շփումները։ Ապա թէ ոչ պետութիւնը պիտի չփորձեր իր բազմաբնոյթ գործերու խուճապին մէջ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան տեղապահով, թէ առանց տեղապահի կատարուելու հոգը։ Արդարեւ Շիրինօղլու քանի մը շաբաթներ առաջ, երբ «Աքշամ» թերթի թղթակիցին հարցումներուն կը պատասխանէր, կ՚ըսէ թէ Մսրոպ Պատրիարքի մահուան հետ վերջացած պէտք է համարուի «պատրիարքական փոխանորդ» կոչումը։
Այս արտայայտութիւնով յայտնի կը դառնայ թէ Շիրինօղլուի եւ Արամ սրբազանի յարաբերութիւնները նոր հանգրուանի մը հասած են։ Վերջապէս այս պատկերը բաւական մտահոգիչ է նախ Պատրիարքարանի եւ ապա ամբողջ հայ համայնքի առումով։ Առհասարակ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ խուսափող վարչականները եւս ունին իրենց մեղքի բաժինը այս անբարոյ իրավիճակի ստեղծման մէջ։ Արդեօք այս քայլը յաջորդ հանգրուաններուն պետութեան դարձեալ իր կամքը պարտադրելուն պատճառ կ՚ըլլա՞յ թէ ոչ, հաւանաբար պիտի տեսնենք յառաջիկայ օրերուն։
Այն ինչ որ սխալ գործուեցաւ արդէն գործուեցաւ։ Հիմա ջանանք որ յետ այսու կրկին անգամ չի մատնուինք նման սխալներու եւ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը տանինք օրինականութեան սկզբունքներու մէջ։
Այժմ Աթէշեան նախարարի այցելութենէն ետք ըրած յայտարարութիւններով պնդեց թէ տեղապահի պաշտօնին համար երկու թեկնածուներ կան, ինք եւ Մաշալեան սրբազան։ Այս յայտարարութիւնը նոր խնդիրներ յառաջացնելու ներուժ ունի։
«ԱԿՕՍ»Ի ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ