Կրօնաբարոյական զեղծարարութիւն

11Մա­յիս շա­­բաթ երե­­կոյեան իշ­­խա­­­նամէտ «ԱԹՎ» հե­­ռուստա­­կայա­­նը ու­­ղիղ եթե­­րով սփռեց հայ պա­­տանիի մը կրօ­­նափո­­խու­­թեան մա­­սին զգա­­յացունց հա­­ղոր­­դում մը։ Հա­­ղոր­­դա­­­վարն էր յատ­­կա­­­պէս Ռա­­մազա­­նի օրե­­րուն ըրած հա­­ղոր­­դումնե­­րով աստղա­­բաշ­­խա­­­կան գու­­մարներ դի­­զած Աս­­տո­­­ւածա­­բան Նի­­հատ Հա­­թիպօղ­­լու։ Հա­­թիպօղ­­լու ու­­ղիղ եթե­­րով խոս­­տո­­­վանե­­ցուց ան­­չա­­­փահաս պա­­տանին եւ հպար­­տութեամբ յայ­­տա­­­րարեց, թէ ան իս­­լա­­­մը ըն­­դունած է։ Խիստ վի­­ճայա­­րոյց այս լու­­րը խոր ընդվզում պատ­­ճա­­­ռեց հա­­ղոր­­դումը դի­­տող­­նե­­­րու մօտ։ Նախ եւ առաջ երա­­խայի մայ­­րը հեր­­քեց հե­­ռուստա­­կայա­­նի պնդումնե­­րը, ըստ որու ան յօ­­ժարած է տղուն կրօ­­նափոխ ըլ­­լա­­­լուն։

«Ակօս»ին տո­­ւած բա­­ցատ­­րութիւննե­­րուն մէջ երա­­խայի մայ­­րը հեր­­քեց իր տե­­ղեկա­­ցուած ըլ­­լա­­­լու մա­­սին պնդումնե­­րը եւ յայտնեց թէ ինք հայ է ու քրիս­­տո­­­նեայ եւ չար­­տօ­­­ներ որ տղան այլ կրօնք ըն­­դունի։ Միւս կող­­մէ ՀՏՓ-ի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան ար­­դէն իսկ շարժման ան­­ցած է այս ոտնձգու­­թեան դէմ եւ դա­­տարան դի­­մած երա­­խայի եւ մօ­­րը իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար։

Կա­­տարո­­ւածը ան­­հանգստու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած է նաեւ իս­­լա­­­մադա­­ւան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ, որոնք նիւ­­թը կը դի­­տեն ան­­չա­­­փահաս երա­­խայի մը շա­­հագործման սահ­­մա­­­նու­­մով։ «Ի՞նչ կը խոր­­հէիք եթէ իս­­լամ ըն­­տա­­­նիքի մը զա­­ւակը նման շօուի մի­­ջավայ­­րի մէջ մկրտո­­ւած ըլ­­լար։ Ար­­դեօք գո­­հացու­­ցիչ կը գտնէի՞նք –Ըն­­տա­­­նիքը տե­­ղեակ է- կամ –Ըն­­տա­­­նիքը թոյլտո­­ւու­­թիւն ու­­նի- բա­­ցատ­­րութիւննե­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ