Էսատ վերադարձի կոչ կ՚ուղղէ Սուրիահայերուն

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին Էսատ կոչ ուղղեց սուրիացի հայերուն վերադառնալ դէպի երկիր, վերակառուցել իրենց տուները եւ վերակերտել երկիրը։ Էսատ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայութեան մասին, որոնք մեծ նպաստ բերած են երկրին եւ ապահոված են հաւասար իրաւունքներ երկիրի բոլոր քաղաքացիներուն հետ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերանորոգման համար բերած աջակցութեան համար։ Ան նաեւ յիշեց Սուրիոյ յետ եղեռնեան տարիներուն հայ գաղթականութեան հանդէպ ցուցաբերած հիւրասիրութիւնը։ Կաթողիկոսը նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ հայութիւնը հաւատարիմ է իր երկրին եւ վճռակամ է երկրի վերակառուցման նպաստելու։

Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հալէպի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Գիտանեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ՝ Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ