Կիւմիւշհաճըգիւղի հայերու յիշատակարանէն

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com 

Մայրս Իւղաբեր Շիշման Կիւմիւշհաճըգիւղցի էր։ Ես հազիւ երեք-չորս տարեկան էի, երբ մայրս մեռաւ։ Հայրս Բարունակ Չորումի Մէճիտէօզի գաւառէն էր։ Դարբին էր հայրս։ Երբ կրկին ամուսնացաւ իմ եւ քրոջս Քարզուհիի խնամքը քեռիս փռապան Մամբրէն ստանձնեց։ Նշանաւոր փռապան մըն էր քեռիս։ Ուրիշներ մինչեւ որ 30 հացը թխեն ու ծախէն իմ քեռին արդէն 300 հացը վաճառած կ՚ըլլար։ Ա. Աշխարհամարտին Սարըղամըշի կողմերը գերի ինկած էր ռուսական բանակին։ Երկար տարիներ Ռուսաստան ապրած եւ ապա վերադարձած էր երկիր։ Վերադառնալէն ետք երկար ժամանակ աշխատած է քաղաքապետարանի ջրամատակարարման ցանցին։ Բազմաթիւ աղբիւրներ սարքած էր, որոնց վրայ հայերէն եւ թրքերէն նշանակութիւններ կային։ Այդ աղբիւրներուն շատերը կը գտնուէին ընդհանրապէս քրիստոնեաներով բնակեցուած Չայ թաղի մէջ։ Կը յիշեմ անոնցմէ ոմանց անունները։ «Փոս աղբիւր», «Համամ փընարը», «Իպոյին աղբիւրը» (Այս աղբիւրը պատուիրած էր Արթին անունով հայ մը, որ բոլորի կողմէ կը ճանչցուէր Իպօ անունով), «Մաղաքներու աղբիւր» եւ «Քայմաքչը փընարը» այս բոլորին մէջ միայն վերջինն է որ մինչեւ օրս կանգուն է։

Հայերս Չայ մահալլէսի կոչուած թաղը կը բնակէինք։ Սակայն բնակչութեան փոխանակումի տարիներուն մեր տուները յանձնեցին Թեսաղոնիկէ կամ Քաւալայի նման յունական քաղաքներէ եկած գաղթականներուն։

Նախքան 1915, 650 բնակարաններու մէջ 4,500 հայ բնակիչներ կային։ Անոնցմէ ոմանք չէին կրցած տարագրութեան ճամբաներէն վերադառնալ։ Իրենց տուները տուին այս գաղթականներուն։ 1934-ին բոլոր ընտանիքներուն ազգանունները փոխեցին։ Չեմ գիտեր պատճառը ինչ էր, բայց ամէն ընտանիքի ազգանունը կը սկսէր «էօզ» բառով։ Օրինակի համար Սոլաքեանները դարձան Էօզսոլաք, Ներսէսեանները Էօզներսէսօղլու, Քէշիշեանները Էօզքէշիշօղլու, Ուզունեանները Էօզուզուն, Պալեանները Էօզպալ եւ բոլորը այսպէս։

Աւանդութիւններ

Բոլոր միջոցառումնե­րը ու­­նէին իրենց աւան­­­­դութեան տար­­­­բեր եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ամէն ինչ կ՚ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նար հին սո­­­­վորու­­­­թիւննե­­­­րու վրայ։ Կը յար­­­­գուէին այդ աւան­­­­դութիւննե­­­­րը։ Խօս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պը, նշանտրէ­­­­քը, հի­­­­նայի արա­­­­րողու­­­­թիւնը եւս ու­­­­նէր իր բազ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րանգ ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րը։

Նոյնպէս թաղ­­­­ման ծի­­­­սակա­­­­տարու­­­­թիւնը ու­­­­նէր իր աւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Դա­­­­գաղը սեւ լա­­­­թերով կը ծած­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւէր եւ վրան սպի­­­­տակ ժա­­­­պավէ­­­­նով խաչ կը նախ­­­­շո­­­­­­­­­­­­­­­ւէր։ Ննջե­­­­ցեալը բաց դա­­­­գաղով գե­­­­րեզ­­­­ման կը տա­­­­նէինք։ Մին­­­­չեւ գե­­­­րեզ­­­­ման դա­­­­գաղի կա­­­­փարի­­­­չը առ­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­ւէն կ՚եր­­­­թար եւ յու­­­­ղարկա­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու թա­­­­փորը կը հե­­­­տեւեր դա­­­­գաղին։ 1940-ական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կը դժո­­­­ւարա­­­­նայինք գե­­­­րեզ­­­­ման եր­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­լու, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ թաղ­­­­ման թա­­­­փօրը կ՚անցնէր Պայ­­­­պուրթցի­­­­ներու թա­­­­ղամա­­­­սէն եւ անոնք կը քար­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ծէին սգա­­­­ւոր ժո­­­­ղովուրդը։ Աւե­­­­լի ուշ կարգ մը ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­ներ սկսան մար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րիոնէ շիր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­քարեր սար­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­լու։

 

Մեր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը

Ես 1930-ին ծնած եմ Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւղ հայրս Մի­­­­քայէլ էր իսկ մայրս Ազ­­­­նիւ։ Հօրս մայ­­­­րը Իմաս­­­­տուն Կե­­­­սարիոյ Թա­­­­լաս գա­­­­ւառէն հարս եկած էր Մար­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւան, իսկ մեծ հայրս Յա­­­­կոբ Չո­­­­պանեան ջա­­­­ղաց­­­­պան էր։ Մեր Չո­­­­պանեան ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­նը ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­նուննե­­­­րու օրէն­­­­քի շրջա­­­­նին վե­­­­րածո­­­­ւեցաւ Սէօզիւ­­­­տողրո­­­­ւի։ Մեծ հօրս ռու­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րուն գե­­­­րի ին­­­­կած ժա­­­­մանակ մեծ մայրս Իմաս­­­­տուն Մար­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւանի մէջ եր­­­­կու զա­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով առան­­­­ձին կը մնայ։ Եղ­­­­բայրը զի­­­­րենք իր քով Օս­­­­մանճըք կը բե­­­­րէ։ Սա­­­­կայն մի­­­­ջոց մը վերջ ան ալ դա­­­­ւադ­­­­րութեան մը հե­­­­տեւան­­­­քով ան­­­­հետ կը կոր­­­­չի։ Մեծ հայրս եւ իր եղ­­­­բօր կի­­­­նը եր­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւական ման­­­­չե­­­­­­­­­­­­­­­րով մէջ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղը կը մնան։ Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւ­­­­ղէն Նշան Աղա անու­­­­նով հայ մը պա­­­­տահ­­­­մամբ կը ծա­­­­նօթա­­­­նայ իրենց հետ եւ կը թե­­­­լադ­­­­րէ իր հետ Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւղ եր­­­­թան։ Հայրս այնտեղ պայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րի մը քով աշա­­­­կեր­­­­տութեան կը սկսի։

Յե­­­­տոյ կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տի կլա­­­­յագոր­­­­ծի մը մօտ։ Ան բո­­­­լորին ծա­­­­նօթ էր որ­­­­պէս կլա­­­­յագործ եւ պղնձա­­­­գործ։ Հսկա­­­­յակազմ մէկն էր եւ այդ պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ ալ ոմանք զինք կը կո­­­­չէին Քո­­­­ճա Մի­­­­քայէլ, իսկ ոմանք ալ թուխ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լուն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ Գա­­­­րա Մի­­­­քայէլ ածա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Ես տա­­­­կաւին դպրո­­­­ցական տա­­­­րիքի տղայ էի, երբ հայրս զի­­­­նուոր գրե­­­­ցին եւ տա­­­­րին Ատա­­­­նա Ճէյ­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­նի մօտ «Այ­­­­կըր Ահը­­­­րը» կո­­­­չուած տե­­­­ղը։ Ու­­­­ղիղ 75 օր մնա­­­­ցած են այնտեղ։ Զրոյ­­­­ցի մը հա­­­­մաձայն հոն տա­­­­րած են զի­­­­րենք կո­­­­տորե­­­­լու հա­­­­մար։ Կը պատ­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ւի թէ անոնց փրկու­­­­թիւնը եղած է Քա­­­­զըմ Քա­­­­րապե­­­­քիրի ձեռ­­­­քով, ան առար­­­­կած է Իս­­­­մեթ Ինէօնիւ­­­­յին ըսե­­­­լով թէ «Տա­­­­կաւին չես կրցած տալ սպա­­­­ննած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուդ հա­­­­շիւը, հա­­­­պա ասոնց հա­­­­շիւը ինչպէ՞ս պի­­­­տի տաս»։

Այսպէս կ՚ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կուին զի­­­­նանո­­­­ցէն, քա­­­­նի մը ամիս անց կրկին զօ­­­­րակո­­­­չուած եւ այս ան­­­­գամ ալ ու­­­­ղարկո­­­­ւած են ճա­­­­նապար­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­շինու­­­­թեան ճամ­­­­բարնե­­­­րուն։ Կա­­­­ռու­­­­ցած են Պա­­­­լըքէ­­­­սիր- Սըն­­­­տըրկի, Աք­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­սար- Մա­­­­նիսա ճա­­­­նապար­­­­հը։ Թե­­­­րեւս կա­­­­րելի է աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քէ աւե­­­­լի տան­­­­ջանք կամ չար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­րանք բա­­­­ռերով բնու­­­­թագրել այդ տե­­­­ղի ապ­­­­րումնե­­­­րը։

Երբ 8 տա­­­­րեկան էի զիս դպրոց ղրկե­­­­ցին։ Մեհ­­­­մետ Փա­­­­շա մեք­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­պի էր իմ գա­­­­ցած դպրո­­­­ցի անու­­­­նը։ Ան­­­­շուշտ այս մէ­­­­կը վերջէն ընտրո­­­­ւած անուն մըն էր, իրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ այդ շէն­­­­քը նախ­­­­կին Պար­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­ւեան վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանն էր, որ ու­­­­նէր երեք դա­­­­սարան­­­­ներ։ Հի­­­­ները կը վկա­­­­յեն թէ դպրո­­­­ցին մէջ եղած է Մա­­­­տուռ մըն ալ, որ կը կո­­­­չուէր Սուրբ Յա­­­­կոբ։ Դպրո­­­­ցին մօ­­­­տակայ­­­­քին կը գոր­­­­ծէր «Կա­­­­վուր Հա­­­­մամը» կո­­­­չուած բաղ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­քը, որ ան­­­­ցեալին սար­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր դպրո­­­­ցին ծախ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րը հո­­­­գալու հա­­­­մար։ Հա­­­­յերը նո­­­­ւիրեալ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քով կա­­­­ռու­­­­ցած էին բաղ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­քը եւ զայն կո­­­­չած «Ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին բաղ­­­­նիք»։ Բաղ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­քը առա­­­­ւօտուն 05.00-էն մին­­­­չեւ 20.00 կը ծա­­­­ռայէր կի­­­­ներուն եւ յե­­­­տոյ այ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Միայն Ռա­­­­մազա­­­­նի օրե­­­­րուն ինքնա­­­­շար­­­­ժի մը վրայ զե­­­­տեղո­­­­ւած բարձրա­­­­խօսով կը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարէին, թէ բաղ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­քը այդ գի­­­­շեր պի­­­­տի ծա­­­­ռայէ կի­­­­ներուն։

Նա­­­­խակրթա­­­­րանը աւար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք հայրս ին­­­­ծի հա­­­­մար յար­­­­մար տե­­­­սաւ եր­­­­կու արո­­­­ւեստներ, սափ­­­­րիչ կամ դեր­­­­ձակ։ Ես ընտրե­­­­ցի դեր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւնը եւ սկսայ աշկեր­­­­տութիւն ընել Համ­­­­բար Թէ­­­­յինեանի մօտ Համ­­­­բար վար­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­տը համ­­­­բաւ կը վա­­­­յելէր իր արո­­­­ւես­­­­տով։ Հոն արո­­­­ւես­­­­տը սոր­­­­վե­­­­­­­­­­­­­­­ցայ եւ բա­­­­նակի ծա­­­­ռայու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն վե­­­­րադառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով բա­­­­ցի իմ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանո­­­­ցը։ Ամուսնա­­­­ցայ Սի­­­­րար­­­­փիի հետ։ Մեր ժա­­­­մանակ Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւ­­­­ղի բո­­­­լոր հա­­­­յերը ար­­­­հեստա­­­­ւոր­­­­ներ էին։ Մեր բնա­­­­կած վայ­­­­րի չորս կող­­­­մը այ­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­ներով շրջա­­­­պատո­­­­ւած էր։ Նշա­­­­նաւոր էր մեր խա­­­­ղողը։ Տե­­­­սակ տե­­­­սակ խա­­­­ղող կ՚աճեց­­­­նէինք։ Կը հա­­­­ւաքէինք բեր­­­­քը ու կը տա­­­­նէինք գի­­­­նեգործ Դա­­­­ւիթին։ Ան կը ճզմէր մեր տա­­­­րած խա­­­­ղողը իր օրի­­­­նական բա­­­­ժինը վար դնե­­­­լէ ետք կը վե­­­­րադարձնէր։ Ապա մենք կը սկսէինք խա­­­­ղողը մշա­­­­կելու գոր­­­­ծին։ Մէկ մա­­­­սը կը զա­­­­տէինք, որ­­­­պէս ռուպ, իսկ մէկ մասն ալ գի­­­­նի։ Ան­­­­պայման խնձո­­­­րով կը հա­­­­մեմէինք մեր տնա­­­­կան գի­­­­նին։

Թէ­­­­յինեան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւ­­­­ղի հա­­­­րուստ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն կը հա­­­­մարուէին։ Իրենց մշա­­­­կած գի­­­­նին ու­­­­նէր վա­­­­ճառա­­­­նիշ «Թուրնա­­­­լար շա­­­­րապը»։

Յա­­­­կոբ Սէօզիւ­­­­տողրո­­­­ւի յու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ բա­­­­ցի այս հա­­­­յաշատ գա­­­­ւառի կեն­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­ղային, տօ­­­­նական կամ ծի­­­­սական աւան­­­­դութիւննե­­­­րէն կը խօ­­­­սինք նաեւ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան վկա­­­­յու­­­­թիւննե­­­­րու վրայ։ Ան կը պատ­­­­մէ թէ տե­­­­ղացի երե­­­­ւելի թուրքեր ինչպէս կցած են կան­­­­խել Թո­­­­փալ Օս­­­­ման անուն աւա­­­­զակա­­­­պետի Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւղ մուտքը։ Բո­­­­լորը պա­­­­տուի­­­­րակու­­­­թիւն մը կազ­­­­մած Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւ­­­­ղէն 2 Քմ. հե­­­­ռաւո­­­­րու­­­­թեան վրայ կը դի­­­­մաւո­­­­րեն աւա­­­­զակա­­­­պետը եւ իմաց կու տան, թէ իրենք պատ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ճը կա­­­­տարած են ուստի կա­­­­րիք չկայ այս գա­­­­ւառը մտնե­­­­լու։ Այսպէ­­­­սով Կիւ­­­­միւշհա­­­­ճըգիւ­­­­ղի հա­­­­յերը փրկո­­­­ւած են ան­­­­խուսա­­փելի կո­­տորա­­ծէ մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ