- Երեք օր կը տեւէ։ Մէկ օրէն մագլցիլ կարելի չէ, թթուածինի հարցը կայ։ Առաջին գիշերը ճամբարի մէջ կ՚անցնի, 3300 մեթրի վրայ։ Յաջորդ օրը կը հասնինք բարձր ճամբար, մօտաւորապէս 4400 մեթր բարձրութեան։ Իսկ երրորդ օրը, գագաթն ենք, 5137 մեթր։ Աշակերտներ, նախ մեր շարժանկարը դիտենք, ապա ես կը պատասխանեմ ձեր հարցումները։
Խօսողը Հայկական լեռնագնացներու ընկերակցութեան անդամ մըն է, որ նոր վերադարձած է Մասիս լերան գագաթէն։ Այսօր, զայն հրաւիրած ենք դասարան, որպէսզի իր արշաւախումբի վաւերագրական շարժապատկերը դիտենք, եւ լսենք իր արկածախնդրութիւնը։ Կը մարենք լոյսերը ու կը սկսի շարժանկարը։ Առաջին տեսարանը կանաչապատ հովիտներ են, հայրենի համայնապատկեր մը, ապա, հրաբխային ժայռեր ու վերջապէս՝ ձիւնազարդ գագաթ։ Երբ լեռնագնացներու ամէն քայլափոխին կը յայտնուին լերան գեղեցկութիւնները, «լեռ» բառն ալ կը սկսի իր լեզուական վերելքները պարզել մեր առջեւ։
Մեր «լեռ»ը նախնապէս եղեր է «լեառն» ու այդ տեսքով ալ իշխեր է հայկական դասական գրականութեան վրայ, ինչպէս Մասիսը կ՚իշխէ հայկական լեռնաշխարհի վրայ։ Ծագումը անյայտ է։ Փորձեր են զայն մեկնաբանել նախա-հնդեւրոպական մէկ կամ երկու արմատի միջոցով ու համեմատութիւններ իսկ փորձած են կատարել հին յունական եւ լատինական բառերու հետ։ Ապարդիւն։ Մեր «լեռ»ը մնացեր է ինքնուրոյն։ Այդպէս ալ կ՚ուզէինք տեսնել զայն- խորհրդաւոր ու անմեկնաբանելի։ Մեր հիները այսպէս սահմաներ են զայն. «Բարձր մասն երկրի հաստահիմն եւ լայնանիստ՝ ʼի բնէ ʼի վեր կուտակեալ, եւ որպէս կոհակ կամ բլուր մեծ դիզացեալ»։ Կարդալով այս սահմանումը, յարգելի ընթերցող, դուք չկարծէք, թէ ան հայու համար «լայնանիստ կոյտ» կամ «կոհակ» էր։ Մեր մայրենիի մէջ «լեռ» բառը, կամ՝ «լեառն», ինչպէս որ կը նախընտրէք, իր խանձարուրային օրերէն սկսեալ եւ միշտ՝ պատկառանքի առարկայ էր։ Ունեցեր է գրաբարեան ժառանգութիւն՝ ընտիր արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Լեառն Աստուծոյ», «լեառն պարարտ», «լեառն մշտնջենաւոր», «լեառն յաւիտենական», «լեառն սուրբ»։ Սուրբ գիրքի մէջ ցցուած է «լեառն» բառի հարիւր գործածութիւն, ամենէն դաստիարակիչը՝ «լերան քարոզը»։ Գրաւոր հայերէնը ունեցեր է նաեւ հարուստ բառակապակցութիւններ- կատար, կիրճ, գօտի եւ շղթայ լերանց։ Ամենէն պատկերաւորն է՝ «պար լերանց»ը։ Հայկական լեռնաշխարհը անշուշտ թէ պիտի յիշուէր հետեւեալ եռեակով. «հրաբուղխ լեառն», «սառնատափ լերինք» եւ վերջապէս՝ «Լեառն Մասիս»։ Թէեւ գոյութիւն ունի յուսախաբութիւն արտայայտող «լեառն մուկն ծնաւ» դարձուածքը, բայց մեր «լեռ» բառը եղաւ բազմածին։ Ունինք «լեռ»ով սկսող կամ վերջացող աւելի քան երկուհարիւր յիսուն բառ, որոնց մասին քիչ վերջ պիտի խօսինք։ Հիմա լսենք փորձառու լեռնագնացը։ Ան սառեցուց շարժանկարը։ Կ՛ուզէ հետաքրքրական գիտելիք մը փոխանցել։
- Ինչպէս կը տեսնէք, ջորիները կը կրեն մեր ապրանքները եւ ուտելիքները։ Սա մեր ուղեցոյցն է։ Ամէն տարի տղան ութը-տասը անգամ խումբերու հետ միասին Արարատ կը բարձրանայ։ Իսկ այդ միւս տղան Երեւանէն էր, արհեստավարժ լեռնագնաց մը, որ մեզի ընկերակցեցաւ։
6րդ դարուն յայտնուեցաւ «լեռնային» ածականը իր քնարկան գործածութեամբ. «Զամենայն երկիրն լեառնայնօք եւ դաշտայնօք»։ 7-րդ դարուն բայ մը աւելցաւ մեր բառակոյտին վրայ՝ լեառնանալ, կամ՝ լեռնանալ։ Ան ալ ունեցաւ իր խոհական գործածութիւնը. «Ելանեն՝ լեառնանան, եւ իջանեն դաշտանան»։ Ագաթանգեղոսն էր անոր հեղինակը։ Իսկ Յովհաննէս Երզնկացին, որ իր մանկութեան օրերը անցուցած էր հայրենի երկրի Լուսաւորչի լեռներու վրայ, 1291 թուականին Կարնոյ մէջ աւարտեց «Հաւաքումն մեկնութեան քերականի» աշխատասիրութիւնը եւ հոն գործածեց «լեառնաբնակ» բառը- «Ջոկ առ ջոկ են կենդանիքն, ծովայինք, լեռնաբնակք»։ Ապա ունեցանք լեռնակեաց հոգեւորականներ, լեռնադաշտեր զմրուխտ, լեռնականներ վայրի, լեռնավայրեր անտառապատ եւ լեռնագնացներ արկածախնդիր։ Իսկ օր մը, 1381 թուականն էր, սարսափով տեսանք, թէ Տաթեւի վանքի ճօճուող Գաւազանը կ՚ահազանգէ, քանզի «լեռինաթինդ» էին Լենկթիմուրի հրոսակները։ Երբ անցան այդ օրերը, ունեցանք ձիւնազարդ լեռնագագաթներ, լեռնածին հերոսներ, չնաշխարհիկ լեռնահարսեր, լեռնանիստ գիւղեր եւ անանցելի լեռնանցքներ։ Իսկ մեր դրախտային երկիրը նկարագրելու համար յարմար եկան՝ լեռնաշխարհ, լեռնաշղթայ, լեռնապար եւ լեռնավանդակ բառերը։ Մեր լեռը պայծառօրէն երեւաց նաեւ գիրքերու վրայ, որպէս խորագիր. «Մասիս լեռների հարաւային ստորոտներ», 1882, Թիֆլիս, «Ուլնիա կամ Զէյթուն։ Լեռնային աւան ի Կիլիկիա», 1884, Կ. Պոլիս, «Լերան Աղջիկը», 1904, Թիֆլիս, «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը», 1923, Պուքրէշ, «Կանոնադրութիւն ինքնավար Լեռնային Ղարաբաղի շրջանային խորհուրդների համագումարի եւ գործադիր կոմիտէի մասին», Պաքու։ Ան նաեւ դարձաւ հայ ազգի ճակատագրական օրերը նկարագրող ստուար վէպ՝ «Նաւը լերան վրայ»։
- Ահա, հասեր ենք գագաթ։ Այդ օր բուք էր։ Մեր ընկերներէն ոմանք կու լային, ոմանք գլխու ուրախ պտոյտ կ՚ունենային։ Աշակերտներ, ձեզի համար այդ սուրբ գագաթէն նուէր մը կայ...։
Լեռը կրնա՞ր խորհիլ, անիծել, կամ վրէժ առնել...։ Այո, եթէ հայրենի Մաստառն է ան։ Հայոց պատմութեան այն օրերուն, երբ երկինքը մուգ էր եւ բուքը այլանդակ ձայնով հոգոց կը հանէր, Ռուբէն Զարդարեանը գրի առաւ պատմուածք մը՝ «Զարնուած որսորդը»։ Այլաբանութիւն էր ան, ուր հայը կը ներկայանար, որպէս երկչոտ այծեամ։ Որսորդ մը դաժան, հալածելու ելած էր անոր։ Սակայն, լեռը, մայրական բնազդով գրկեց այծեամին։ Որսորդին մնաց մահը։ Զարդարեանի խօսքերը քնարական են, իմաստուն. «Այծեամը լեռներուն զաւակն է», «Լեռը մահուան կը տանի»։ Եւ սպասելիօրէն, քստմնելի մահուան արժանացաւ որսորդը։ Յետո՞յ...։ «Լեռն հիմա իր երգն ունի»։
- Հրաբխային ժայռի այս բեկորը, որպէս յիշատակ պահեցէք աշակերտներ։ Ան Արարատ բարձրանալու ներշնչում տայ բոլորիդ։ Շնորհակալ եմ, որ զիս հրաւիրեցիք։
Անկասկած, թէ «լեռ» բառը, դիւթիչ՝ ամէն հայու համար, ներշնչում պիտի տար հայկական քնարին։ Ամէն դար անպիղծ բանաստեղծներ խոնարհեցան անոր առջեւ եւ իրենց արուեստի գագաթնակէտը պսակեցին «լեռ» միավանկով։ Մէկը Վահան Տէրեանն էր. «Որպէս լեռն է մեր պայծառ տեսել հազար ձիւն, այնպէս նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն»։ Նոյն Տէրեանն էր, որ գիտցաւ «լեռ» բառին քնքշութիւն տալ. «Այնպէս վառ էր լեռնադստեր դէմքը բաց»։ Եկաւ Չարենցը եւ լերան վերադարձուց իր ոսկեդարեան պայծառութիւնը. «Լեառն վսեմ, անհաս»։ Գուսաններ եկան ու լերան նկարագիրը նոյնացուցին հայու նկարագրի հետ. «Գուսան Աշոտ, Սիւնեաց հողը անարատ է... Մարդն արծիւ է, լեռնածին է, հրահատ է»։ Իսկ մէկ այլ պայծառ օր, ո՛չ բանաստեղծներ, բայց հայ ազատամարտիկներ, պէտք է ըսել՝ լերան զաւակ եւ լեռնահասակ տիտաններ՝ փարատեցին չար մշուշը ու ազատագրեցին քաղաքներու հարս Շուշին։ Այդ գործողութիւնը, յարգելի ընթերցող, արժանապէս անուանուեցաւ՝ «Հարսանիք լեռներում»։
Մենք ալ նուէր մը ունինք մեր հիւրին, երգ մը, հայրենի լեռներու հեշտալուր մեղեդի մը։ Աշակերտները միաբերան կ՚երգեն՝ երազելով, օր մը Սուրբ Լեռը բարձրանալ.
Ա՛խ, ինչքա՜ն,
ինչքա՜ն կարօտել եմ ձեզ,
Սիգապա՛նծ լեռներ հայոց աշխարհի,
Վազել եմ, յոգնել ձեր լանջերում ես,
Իմ լեռնե՛ր, լեռնե՛ր, լեռնե՛ր հայրենի։