ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Գրականութիւն եւ քաղաքականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը կայացաւ 10 Մայիս 2019 Ուրբաթ օր Գարագիւղ, պատմական «Միներւա» խանի դահլիճին մէջ։
«Սապանճը» համալսարանի լեզուագիտական բաժնի նախաձեռնութեամբ իրականացած ժողովի ընթացքին գործադրուեցաւ երեք նիստեր եւ յաւելեալ ասուլիս մը։
Ժողովասրահը ամբողջովին լեցուն էր նիւթի նկատմամբ ուշադրութիւն ունեցող ակադէմական զանգուածով։ Ունկնդիրները ամբողջ օրուայ տեւողութեամբ լարուած հետաքրքրութեամբ հետեւեցան զեկոյցներուն, յաճախ նօթագրելով ուշագրաւ նախադասութիւնները։
Գիտաժողովը սկսաւ համալսարանի անձնակազմէն Էօզլեմ Գազանի բացման խօսքէն ետք մեկնարկող առաջին նիստով, որուն ժողովավարն էր Կիւնայ Կէօքսու Էօզտողան։ Այստեղ զեկուցեցին Թիւրքէր Արմանէր «Ներկայացում, քննադատութիւն եւ գրականութիւն», Ֆաթիհ Ալթուղ «Արդի Օսմանեան գրականութեան մէջ բաղդատման առանցքը եւ տարբերութեան կառուցումը», Էնկին Քըլըճ «Գրականութիւնը՝ իբրեւ քաղաքականութեան անթացուպ» եւ Թունճայ Պիրքան «Տնփեսայ բանասէրներէ դէպի անպիտաններ հանրապետական շրջանի գրողներուն այլախոհութեան դաստիարակութիւնը» խորագիրներով։ Ուշագրաւ այս զեկոյցներու ընթացքին ատենախօսներ լուսարձակի տակ դրին երկրի գրական կեանքի մէջ «մտաւորական» հասկացողութեան ձեւաւորման հանգրուանները։ Նկարագրեցին բազմազգի կայսրութեան մը մէջ տարբեր մշակոյթներու զարգացման եւ իրարու ազդելու երեւոյթները ու գրականութեան պետական գաղափարախօսութեան համար շահագործուելու տարբեր եղանակները։
Երկրորդ նիստի ժողովարարն էր Բագրատ Էսդուգեան։ Այս նիստին ալ Անգարայէն ժամանած Նաիմ Աթապաղսոյ «Գաղափարախօսական եւ գրական պատգամներու յարաբերութիւնը։ Թրքերէն վէպի մէջ ոչ իսլամներու ներկայացման եղանակները», Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու, որ ծանօթ է հայերէն գրականութենէ կատարած թարգմանութիւններով, «Զապէլ Եսայեան, վէպ եւ քաղաքականութիւն», Շեհնազ Շիշմանօղլու «Յունարէն գրականութիւնը Իսթանպուլէն դիտել, քաղաքը, գաւառը, ինքնագրաքննութիւն, զանցառութիւն» եւ Էօմէր Ֆարուք Եքտէշ ալ լեզուական ներկայացուցչութեան ակնարկելով «Կարելի է՞ քիւրտ մնալով թրքերէն գրել» խորագիրներով ներկայացուին իրենց զեկոյցները։
Ինչպէս խորագիրներն ալ կ՚ապացուցեն, չորս ատենախօսներ զեկուցեցին երկրի չորս տարբեր՝ հրեայ, հայ, յոյն եւ քիւրտ մշակոյթներէն օրինակներ թուելով։
Երրորդ նիստը կը վարեր Նիւքէթ Էսեն։ Այս նիստին ալ Էսրա Տիճլէ «Դղեակներու, պարահանդէսներու եւ փողոցի վրայ տարբեր գաղափարախօսութիւններ, նոյն կանայք», Պիլկէ Ուլուսման «Ուշ Օսմանեան եւ վաղ հանրապետական շրջաններուն սեռային այլանդակութիւններու գրականութեան մէջ ներկայացումը», Եիւքսէլ Թաշքըն ալ «Քաղաքական պատմագրութեան ճգնաժամը յաղթահարել աւելի շատ գրականութեամբ» խորագիրներով ներկայացուցին խիստ ուսուցողական զեկոյցներ, որոնք ծնունդ կու տային բազմաթիւ հարցումներու եւ նոր հետաքրքրութիւններու։
Շրջօրեայ գիտաժողովը աւարտին հասաւ երեք հեղինակաւոր գրողներու՝ Սեմա Քայկուսուզի, Հիւսէյին Քըրանի եւ Էրօլ Քէօրօղլուի ասուլիսով։