Ընտրութեան կեդրոնական յանձնաժողովը 6 Մայիսին կատարած ժողովով չեղեալ համարեց Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութիւնը։ 7 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով կայացած այս որոշումէն ետք Իսթանպուլի քաղաքապետը ճշդելու համար 23 Յունիսին պիտի կայանայ նոր ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է 31 Մարտին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու ձայներու մեծամասնութեան տիրանալով ընտրուած էր Իսթանպուլի քաղաքապետ։ ԱՔՓ կուսակցութիւնը իսկոյն առարկած էր այս արդիւնքներուն պնդելով կարգ մը զեղծարարութիւններու մասին։ Սակայն չէր կրցած այդ պնդումները փաստացի տուեալներով ներկայացնել։ Առարկութիւնը ընդունուած էր Ընտրութեան կեդրոնական յանձնաժողովի կողմէ եւ կարգ մը թաղերու մէջ անվաւեր համարուած քուէները կրկին հաշուած։ Գործընթացի տեւողութեամբ ԱՔՓ յաւելեալ պահանջներով ընդլայնեց իր առարկութիւնները դարձեալ առանց փաստեր ներկայացնելու։ Իմամօղլու մօտ 20 օրուայ յապաւումով ստացաւ իր լիազօրագիրը եւ ստանձնեց քաղաքապետի պաշտօնը։
Յանձնաժողովի ընտրութիւնը չեղեալ համարելու որոշումէն ետք քաղաքապետի լիազօրագիրն ալ չեղեալ համարուած է եւ այժմ այդ պաշտօնը ժամանակաւոր կերպով կը տանի Իսթանպուլի կուսակալը։
Որոշումը դժգոհութեան բուռն ալիք մը ստեղծեց ընդդիմադիր շրջանակներու եւ ընտրողներու լայն զանգուածի մը մօտ։ Անոնք իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին աղմկելով եւ անպատրաստից փողոցի ցոյցեր ու երթեր կազմակերպելով։ Այժմէն յայտնի դարձած է, որ կարգ մը քաղաքական կուսակցութիւններ պիտի հրաժարին թեկնածու առաջադրելէ եւ զօրակցին ընդդիմադիր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի։
Իմամօղլու 6 Մայիսի գիշերուայ ժամերուն հանրահաւաք մը կազմակերպեց նախապէս իր պաշտօնավարած Պէյլիքտիւզիւ թաղամասին մէջ եւ խոստացաւ, որ վհատելու պատճառ չկայ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։ «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ» անհիմն, բայց յոյս ներշնչող նախադասութիւնը ժամերու ընթացքին վերածուեցաւ կարգախօսի եւ ընկերային ցանցերու մէջ բիւրաւորներ կը ձայնակցին նոյն բարի մաղթանքին։
Վերլուծաբաններ ընդհանուր համոզումի յանգած են, թէ Իմամօղլու կը գերազանցէ իր ստացած ձայները։ Սակայն բոլորը գիտեն թէ նախագահ Էրտողան ինք եւս կրնայ կանխատեսել այս վարկածը, հետեւաբար միջոցներու կը ձեռնարկէ նման հաւանականութիւնը կանխելու համար։
Յիշենք որ, 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւնները եւս տուած էին նման արդիւնք եւ Էրտողան ամէն գնով արգելք եղած էր կառավարութիւն մը ձեւաւորելու, երկիրը դրած էր պատերազմի պայմաններուն եւ այդ ընթացքին մէջ կատարուած կրկնակի ընտրութիւններով ալ վերատիրացած էր նախապէս կորսնցուցած ուժին։ Արդարեւ այս խորհուրդը ինքնին լուրջ մտահոգութեան մը պատճառ կը դառնայ, քանի որ շատեր համոզուած են թէ Իսթանպուլի ընտրութիւնները կորսնցնելով Էրտողան չի կրնար կանխել յարատեւ նահանջի մը մեկնարկումը։