24-25 Մայիս ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն Ղալաթիոյ երբեմնի Յունաց նախակրթարանի մէջ կը կայանայ «Կոմիտասեան օրեր» անուն նախագիծը։ 24 Մայիս ուրբաթ երեկոյ ժամը 18.00-ին երաժշտագէտ Տոց. Պուրճու եըլտըզի բացման ճառին կը յաջորդէ «Կոմիտասի քրտերէն, հայերէն եւ թրքերէն երգերու ընտրանի, Երգարան» խորագրեալ ասուլիսը, որուն ատենախօսներն են դարձեալ Պուրճու Եըլտըզ եւ Արի Հերկել։
Ապա կը կայանայ Պուրճու Եըլտըզ (երգ), Այթեքին Աթաշ (երգ), Արի Հերկել (կիթառ), Էօզճան Կիւլ (տուտուկ), Ռուբէն Մելքիսեթեքօղլու (քլարնեթ)ի ունկնդրութիւնը։
25 Մայիս շաբաթ օր ժամը 11.00-ին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դպիրներէն Մուրատ Իչլինալչա կը զեկուցէ «Հայ եկեղեցական երաժշտութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետի ժառանգը» բնաբանով եւ կատարումներով կը ներկայանայ դպրաց դասի ընկերակցութեամբ։
Երաժշտագէտ Եգտան Թիւրքեըլմազ կը զեկուցէ «Երաժշտական ձայնագրութիւններու մէջ հայերը, հայրենիքէն սփիւռք երաժշտական արտադրութիւն եւ Կոմիտաս վարդապետի 1912-ի Փարիզեան ձայնագրութիւնները» խորագիրով։
Հանրածանօթ պարուսոյց Յակոբ Կիւլեչ կ՚անդրադառնայ Կոմիտաս վարդապետի գրառած ժողովրդական պարեղանակներու մասին եւ աշխատանոցի սահմանումով կը ներկայացնէ «Կոմիտասի Շորոր» պարը։
Այս խիստ շահեկան երկօրեայ միջոցառումը աւարտին կը հասնի Կոմիտաս վարդապետի մշակումներուն դասական կիթառի փոխադրուած տարբերակներով, որ կը ներկայացնէ Տոց. Թունճէր Էօնտէր։
Նախագիծը կը կայանայ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի աջակցութեամբ եւ համակարգողն է Սեւան Աթաօղլու։