Մարդու իրաւունքներու միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի կողմէ աւանդութեան վերածուած «Այշէնուր Զարաքօլուի անուան միտքի եւ խօսքի ազատութիւն» մրցանակները այս տարի կը տրուին Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հիմնարկի նախագահ փրոֆ. Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճըի, օրէնքի լիազօր որոշմնագիրով փակուած «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթի հերթապահ խմբագրապետութեան մեղադրանքով մէկուկէս տարի բանտարկութեան դատապարտուած լրագրող Այշէ Տիւզքանի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, գործարար Օսման Քաւալայի։ Մրցանակներու տուչութիւնը տեղի կ՚ունենայ 9 Մայիս հինգշաբթի երեկոյ ժամը 19.00-ին Նազըմ Հիքմեթ մշակոյթի եւ արուեստի հիմնարկին մէջ։
Այշէնուր Զարաքօլու, ամուսնոյն Ռակըպ Զարաքօլուի հետ հիմնած էր «Պելկէ» հրատարակչատունը, որ ծանօթ է Թուրքիոյ պետական ու պաշտօնական տեսակէտներուն հակասող հրատարակութիւններով։ «Պելկէ»ի մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերէն են Վահագն Տատրեանի, Թանէր Աքչամի, Իվ Թերնոնի եւ զանազաններու Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւնները։ Հայ, պոնթեցի յոյն, ասորի բազմաթիւ հեղինակներու յուշագրութիւնները եւ Ֆրանզ Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպը։