ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ, 5 Յուլիս 2002
Պարոն Վահան մեր գիտութեան ուսուցիչն էր, բառին բուն իմաստով ուսուցիչ։ Բնագիտութիւնը կամ տարրաբանութիւնը ո՛չ թէ գիտութեան այդ սառը լեզուով, այլ փորձագիտութեան զանազան եղանակներով կը յաջողէր ուսանողի ուղեղին մէջ թրոշմել։ Այդ յատկութեան կախարդանքը կու գար անոր աշակերտին հետ ունեցած յարաբերութենէն։ Չէր քարոզեր պարոն Վահան, ան իր կեցուածքով արդէն օրինակ մըն էր բոլորիս համար։ Երիտասարդութեան մեծ եռեւեփում ապրած տարիներուն ուսուցչագործեց Դպրեվանքին մէջ։ Մենք Դպրեվանքի ուսանողներս առհասարակ չքաւոր դասակարգէն կու գայինք եւ անխուսափելի էր երկրի քաղաքական ալեկոծումներով չազդուիլ։ Արդարեւ այդ տարի աւարտական դասարանի սաները խուժած էին տասներորդ դասարան եւ այդ պահուն դասաւանդող անգլերէնի ուսուցիչը ծեծի ենթարկած, աշակերտներուն վրայ ճնշում բանեցնելուն պատճառաւ։ Դպրոցի վարչութիւնը խիստ զայրացած էր եւ պատրաստուած էր այդ դէպքին միջամուխ եղած աշակերտները պատժելու։ Եւ պարոն Վահան այդ պայմաններու տակ իսկ մեզմով մտահոգուած անկիւն մը քաշուած կը սպասէր դպրոցի վարչութեան որոշումին։ Հակառակ որ ես այդ դէպքին մէջ մեղաւոր չէի, փորձած էի ուսուցիչը պաշտպանել, բայց նորէն դդումը իմ գլխուս պայթեցաւ։ Եւ ես այդ շրջանին անկարգութիւնը, անհնազանդութիւնը, հերոսութիւն կարծելու աստիճան անփորձ էի։ Կը սիրէի անկարգութիւնը։ Անկարգութեան երեւոյթներէն մէկը, նոյնիսկ այնքան սիրելի պարոն Վահանին դասին առանց կօշիկի, առանց գուլպայի մտնելն էր։ Բայց ան չէր կորսնցներ իր վեհութիւնը։ Պահ մը գրատախտակին առջեւ կաւիճի փոշին թօթուեց ու դէպի ինձ դառնալով «Հրանդ զաւակս պիտի մսիս առանց գուլպայի» ըսաւ։ Վերջապէս զիս անկիւն մը կանջելով խրատելը չեմ կրնար մոռնալ։ «Հրանդ զաւակս ասոնք քեզ պիտի վտառեն, աւելի լաւ է որ այդ հաճոյքը չի տաս եւ դուն քու կամքովդ հեռանաս դպրոցէն։ Գնա՛ եւ ուրիշ դպրոցէ մը աւարտէ քու դասարանը։ Այդպէս ալ ըրի։ Մեր անիշխանականութեան դէմ իր վեհ կեցուածքը երբեք չեմ մոռնար։ Կեանքիս բոլոր հանգրուաններուն յիշեցի զինք։ Անգամ մը որ հեռացաւ այս քաղաքէն երբեք կրկին ոտք չդրաւ։ Քանի, քանի անգամներ որպէս Դպրեվանքի նախկին սաներ զինք հրաւիրել ուզեցինք, բայց միշտ ապարդիւն մնաց մեր բոլոր ջանքերը։ Շատ ուշ լսեցինք որ պարոն Վահան քաղաքացիական իրավիճակ չունէր այս երկրին մէջ։ Ոչ այս երկրին, ոչ ալ ուրիշ որեւէ երկրի քաղաքացին էր։ Վերջապէս որոշած էր հեռանալ այս տեղէն։ Հեռանալ ու ապաստան գտնել, այնպիսի տեղ մը, ուր զինք պիտի չարհամարհեն։
Այսպէս հեռացաւ մեզմէ եւ հաստատուեցաւ Նիս քաղաքը։ Երբ որ անցագիր ստացայ, իմ այցելութեան առաջին վայրերու կարգին յիշեցի Նիսը։ Պիտի երթայի ու տեսնէի զինք։ Տարիներ անց բազմայարկ շէնքի մը համեստ յարկաբաժնի մը մէջ հանդիպած ենք իրարու։ Այդ օր մեզի հետ էին Նիսի հայ համայնքի ծանօթ երեւելի դէմքեր Սամսոն Էօզարարատ եւ Գրիգոր Աժտարհանեան։ Երկուքն ալ կը գուրգուրային պարոն Աճեմեանի վրայ։ Մինչդեռ ես որքան կ՚ուզէի այդ սենեակին մէջ իր հետ առանձին ըլլալ եւ ազատօրէն կարենանք լալ իրար հետ։
Պարոնին հետ միասին այցելեցինք Նիսի Պարսամեան վարժարանը։ Զրուցեցինք տիկին Այտայի հետ եւ դպրոցի երիտասարդ սաներուն։ Բնաւորութիւնը բնաւ չէ փոխուած, կը հետաքրքրուի, կարգ մը աշակերտներուն հասցէները իմանալ կ՚ուզէ։ Կը փոխանցեմ իրեն։ Իմ տուած տեղեկութիւնները կ՚արձանագրէ թուղթի մը վրայ եւ այդ թուղթը գիտեմ որ պիտի հասնի իր հասցէատէրերուն եւ քանի մը զգացական տողերով անոնք ալ պիտի հաղորդուին պարոն Վահանի պատուաւոր ինքնութենէն։ Կը զգայի թէ որքան ուրախ եղած է իմ այցելութիւնով։
Դպրեվանքի յիսնամեակի առթիւ կրկին կը հրաւիրեմ զինք, բայց ան դարձեալ կը մերժէ։ «Ինծի մի դպչիք։ Ես այսպէս լաւ եմ։ Եւ արդէն միշտ ձեզի հետ»։
Ամէն անգամուն որ կը հարցնէինք «Ինչպէ՞ս էք պարոն» միշտ նոյն հաստատ կամքով կը պատասխանէր. «Շատ լաւ եմ»։ Ուրախ էր Ֆրանսայի մէջ։ Ուրախ էր ինքզինք դրախտը կարծելու աստիճան։ Կը խոստովանէր «Եթէ օր մը յանկարծ դրախտ երթամ պիտի դժուարանամ հաւատալու, չէ որ ես արդէն միշտ դրախտը եղած եմ»։