Հէքեաթախօս Պարիկներու ելոյթը

Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի ծննդեան 150-ամեակի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու շար­­քէն շա­­հեկան նա­­խաձեռ­­նութիւն մը կը գոր­­ծադրո­­ւի 15 Մա­­յիս Չո­­րեք­­շաբթի ժա­­մը 13.00-ին Շիշ­­լիի «Քենթ» մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նին մէջ, կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ «Փոք­­րիկ» ման­­կա­­­կան կայքէջի։

«Մշոյ Հէ­­քեաթ­­ներ» ընդհա­­նուր խո­­րագ­­րին ներ­­քեւ պի­­տի պատ­­մո­­­ւին Թու­­մա­­­նեանա­­կան հէ­­քեաթ­­ներ։ Այսպէս Թա­­գու­­հի Թով­­մա­­­սեան Զա­­ման՝ «Լու­­սե­­­ղէն՝ Ջու­­րե­­­րու թա­­գաւո­­րին աղ­­ջի­­­կը», Սօ­­սի Ճնտո­­յեան՝ «Մար­­գարտա­­շատ շա­­պիկը», Պօ­­ղոս Չալ­­կը­­­ճըօղ­­լու՝ «Ի՞նչ կու­­գայ զո­­քան­­չէն կու գայ», Թա­­լին Չոր­­թան Կա­­րիպ­­կիւն՝ «Վո՜ւյ Նո­­նօ, ա՜խ Դո­­նօ» եւ Պեր­­ճուհի Պէր­­պէ­­­րեան՝ «Կա­­խար­­դա­­­կան գլխար­­կը» հե­­քեաթ­­նե­­­րը պիտի ներկայացնեն։

Արի Հեր­­կել եւ Լա­­րա Նա­­րին ստանձնած են Մշոյ հե­­քեաթ­­նե­­­րու երաժշտա­­կան բա­­ժինը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ