Յունաստանի հայ գաղթականութեան պատմութիւնը

Հայ ժողովուրդի իրողու­­թեան մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի գաղ­­թա­­­վայ­­րե­­­րը, որոնք հանգրո­­ւանե­­լու առա­­ջին վայ­­րե­­­րը եղան տա­­րագ­­րո­­­ւած ժո­­ղովուրդի մը, որ հար­­կադրո­­ւած էր բո­­լորո­­վին օտար նոր հո­­րիզոն­­նե­­­րու մէջ կեանք կեր­­տե­­­լու։ Սե­­րունդներ այ­­սօր ինչ պայ­­մաննե­­րու մէջ որ ապ­­րին, չեն մոռ­­ցած իրենց նախ­­նեաց այդ ապ­­րումնե­­րը եւ հի­­մա կը փոր­­ձեն զա­­նոնք փրկել մո­­ռացու­­թեան ճի­­րան­­նե­­­րէն։ Ար­­դա­­­րեւ 6 Մա­­յիսին Նէա Զմիռ­­նի թա­­ղի մէջ «Ար­­մե­­­նիքա» յու­­նա­­­րէն եռամ­­սեայ պար­­բե­­­րաթեր­­թի կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած լու­­սանկար­­չա­­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը չմոռ­­նա­­­լու այդ պայ­­քա­­­րի մե­­րօրեայ դրսե­­ւորումնե­­րէ մէկն է։ Ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին հա­­զուա­­գիւտ դար­­ձած այդ լու­­սանկար­­նե­­­րը կը ցո­­լաց­­նեն մա­­նաւանդ 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէ­­տէն ետք Յու­­նաստան ապաս­­տա­­­նած հա­­յերու դի­­մագ­­րա­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։ Այսպէս ի մի բե­­րուած են բազ­­մա­­­թիւ պատ­­մա­­­կան լու­­սանկար­­ներ, որոնք նոր սե­­րունդնե­­րուն պատ­­կե­­­րացում մը կու տան ան­­ցեալի ապ­­րումնե­­րուն մա­­սին։ Լու­­սանկար­­նե­­­րը կը ցո­­լաց­­նեն յատ­­կա­­­պէս եր­­կու կա­­րեւոր գաղ­­թա­­­կայան­­նե­­­րու՝ Տուրղու­­թիի եւ Գո­­քինիոյ առօ­­րեայ կեան­­քէն հա­­տուած­­ներ։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բաց­­ման հան­­դէ­­­սին ներ­­կայ էին Հայ Աւե­­տարա­­նական եկե­­ղեց­­ւոյ վե­­րապա­­տուե­­լի Վի­­գէն Չո­­լաքեան, յու­­նա­­­հայոց ազ­­գա­­­յին վար­­չութեան, Դաշ­­նակցա­­կան կու­­սակցու­­թեան կեդ­­րո­­­նական կո­­միտէի, Կար­­միր Խա­­չի, «Հա­­մազ­­գա­­­յին»ի եւ «Ազատ Օր» օրա­թերթի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Նշենք որ, ցու­­ցադրո­­ւած նիւ­­թե­­­րը հա­­ւաքո­­ւած են «Ար­­մե­­­նիքա», «Ազատ Օր» թեր­­թե­­­րու յու­­նա­­­հայ միու­­թիւննե­­րու եւ կարգ մը ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծոնե­­րէն։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բա­­ցու­­մը կա­­տարեց տի­­կին Վեր­­ժին Կա­­րապե­­տեան, որ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Նէա Զմիռ­­նիի քա­­ղաքա­­պետին եւ մշա­­կու­­թա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն այս մի­­ջոցառ­­ման իրենց բե­­րած նպաս­­տին հա­­մար։

Ան նաեւ նշեց, թէ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը պի­­տի այ­­ցե­­­լեն հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կերտնե­­րը, իրենց ու­­սուցիչ­­նե­­­րով, որ­­պէսզի իրա­­զեկ դառ­­նան գա­­ղու­­թի առա­­ջին տարիներու պատմութեան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Մայիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ