Թուրքիոյ հանրապետութեան սահմաններէն դուրս Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռին պատկանող միակ եկեղեցին է Յունաստանի Կրետէ կղզիի մայրաքաղաք Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցին։ Ինչպէս աշխարհացրիւ բոլոր Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները, այս մէկն ալ կը վերագրուի Մշեցի գաղթականներուն, որոնք հայրենի երկրէն շատ հեռու տարածքներուն վրայ իսկ միշտ վառ պահած են իրենց բնաշխարհի սիրեցեալ սուրբի անունը։
Այս տարի Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 350-ամեակը։ Այս առթիւ Կրետէ ժամանեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ., որուն կ՚ընկերաքցէին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէն Արամ Արք. Աթէշեան եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեան։
Վեհափառ Կաթողիկոս եկեղեցիի մուտքին դիմաւորուեցաւ Կրետէի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ աւանդական աղ ու հացի օրհնութեամբ։ Ապա Վեհափառը «Հրաշափառ»ի շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ տաճար։
Կաթողիկոսը իր հետ բերած էր Սուրբ Յովհաննէսի մասունքներով խաչ մը, իբր նուէր Կրետէի այս պատմական եկեղեցւոյ։ Այս պատմական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ նախարար Մարկոս Փոլարիս, Կրետէի Արքեպիսկոպոս Իրենեոս, Կրետէի նահանգապետարանի եւ Հերակլիոնի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ եւ տեղւոյն հայ համայնքը եւ այս արարողութեան մասնակցելու համար Պոլիսէն, Մոսկուայէն եւ Յունաստանի տարբեր քաղաքներէ ժամանած ուխտաւորներ։
Ապա հիւրերը ծխական խորհուրդի կողմէ պատուեցան քաղաքի զբօսագյիներէն մէկուն մէջ։