ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՍԵՒ

Այդ օր բուք էր լեռ­­նե­­­րու վրայ, Չա­­րեն­­ցի կա­­մարի մօտ։ Մռայլ էր եր­­կինքը։ Եկեր էինք 39 աշա­­կեր­­տով, եկեր էինք բա­­նաս­­տեղծի ամե­­նայայտնի գոր­­ծը ար­­տա­­­սանե­­լու հա­­մար։ Անոյշ սկիզբ ու­­նէր ան եւ արե­­ւահամ էր։ Բայց, աւա՜ղ, տող առ տող, մռայ­­լե­­­ցան անոր գրա­­կան պատ­­կերնե­­րը։ Հոն տե­­սանք մութ խրճիթ­­ներ հայ­­րե­­­նի։ Լսե­­ցինք ող­­բա­­­ձայն եր­­գեր, վի­­շապա­­ձայն լեռ­­ներ, լա­­րեր լա­­ցակու­­մած։ Աշա­­կերտնե­­րը հի­­մա կը հնչեն եօթ­­նե­­­րորդ բա­­նատո­­ղը. «Մթում կո­­րած խրճիթ­­նե­­­րի ան­­հիւրըն­­կալ պա­­տերը սեւ»։ Այդ խորհրդա­­ւոր պա­­հուն, մեր աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ յայտնո­­ւեցաւ հայ­­կա­­­կան հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րի իշ­­խող գոյ­­նը ըստ Չա­­րեն­­ցի- ՍԵՒ։

Վեր­­ջա­­­ցաւ կա­­տարու­­մը։ Աշա­­կերտնե­­րէն Սի­­փանը նստած է ներ­­սը սեւ­­ցած այդ յու­­շա­­­կամա­­րի սեւ պա­­զալ­­թէ նստա­­րանին վրայ։ Ան­­թարթ կը դի­­տէ տե­­սարա­­նը ու կը հարցնէ.

- Պա­­րոն, ին­­չո՞ւ մե­­զի բա­­ժին ին­­կաւ սե­­ւը։ Մեր սե­­ւաքար եր­­կի՞րը կեր­­տեց մեր ճա­­կատա­­գիրը, մեր նկա­­րագի­­րը։

- Հա­­ւանա­­կան է։ Պա­­տաս­­խա­­­նը գտնե­­լու հա­­մար պէտք է իջ­­նել պատ­­մութեան մութ խոր­­շե­­­րը։ Սի­­փա՛ն, մեր առա­­ջին «սեւ»ը ձի մըն էր, Ար­­տա­­­շէս ար­­քա­­­յի ձին- «Հե­­ծաւ արի ար­­քայն Ար­­տա­­­շէս ի սեաւն գե­­ղեցիկ»։ Այդ ձիով է, որ հա­­յոց ար­­քան ան­­ցեր էր Կուր գե­­տը ու տի­­րացեր էր ալան­­նե­­­րու Սա­­թենիկ օրիոր­­դին։ Այս պատ­­մութիւ­­նը մե­­զի փո­­խան­­ցեց պատ­­մա­­­հայր Խո­­րենա­­ցին։ Սի­­փան, դեռ մութ է «սեւ» բա­­ռին ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը։ Հաս­­տա­­­տուե­­լով պար­­թե­­­ւական հնա­­գոյն մէկ ար­­ձա­­­նագ­­րութեան, լե­­զուա­­բան­­ներ կ՚առա­­ջար­­կեն, թէ փո­­խառու­­թիւն է ան։ Սա­­կայն, ստոյգ գի­­տենք, թէ նա­­խապէս եղած է «սեաւ» եւ նշա­­նակած է «մութ»։

- Յի­­սուն տո­­կոս կրճա­­տուած բառ մը իս­­կա­­­կան, նախ «սեաւ», ապա «սեւ», իսկ այժմ հայ­­րե­­­նիքի մէջ՝ «սեւ»։

- Բա­­ռերը կը մեծ­­նան, կամ՝ կը փոք­­րա­­­նան...։ Բա­­ռը Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի ոս­­կե­­­դարեան թարգմա­­նու­­թեան մէջ մուտք գոր­­ծեց գրա­­ւոր հա­­յերէն ու մե­­զի տո­ւաւ «արե­­գակն եղեւ սեաւ», «սեաւ եմ ես եւ գե­­ղեցիկ» եւ «սեաւ ձի» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Իսկ հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի վրայ ան բնա­­կու­­թիւն գտաւ ամէն սա­­րի վրայ, ամէն դաշ­­տի մէջ։

- Որով­­հե­­­տեւ, հրաբ­­խա­­­յին մեր եր­­կի­­­րը ու­­նէր դա­­ժան պատ­­կեր, կաս­­կած չու­­նիմ։

- Տե­­ղանուններն են վկա­­ները։ Նախ յի­­շենք գիւ­­ղեր- Վա­­նայ Սեւ Ագ­­րա­­­կը, Պու­­լա­­­նըխի Սեւ Սա­­տանան եւ Կար­­նոյ Սեւ Երի­­ցուն։ Ու­­նե­­­ցեր ենք նաեւ Սեւ­­տի­­­կինը, Սե­­ւաբեր­­դը, Սե­­ւահո­­ղը, Սե­­ւաղ­­բիւրը, Սե­­ւաքա­­րը եւ Սե­­ւաւա­­նը, նոյ­­նա­­­նուն գե­­տերով եւ ամ­­րոցնե­­րով հան­­դերձ։ Կար­­նոյ մէջ ու­­նե­­­ցեր ենք Սեւ Աշ­­խարհ, Կաղ­­զո­­­ւանի մէջ Սեւ Վանք։ Մու­­շը յայտնի է եղած իր Սեւ Աւե­­տարա­­նով, Սեւ կա­­մուրջով եւ Սեւ բեր­­դով։ Մեր հո­­ղերը ոռո­­գեր են Սե­­ւաջուր եւ Սե­­ւակն գե­­տերը։ Իսկ այնտեղ, ուր Թի­­մու­­րը 1377 թո­­ւակա­­նին հայ մա­­նուկնե­­րու մեծ սպանդ կա­­տարեց, 600 տա­­րի կո­­չուե­­ցաւ Սեւ Հո­­ղեր։ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ էր ան։ Աւե­­լի հա­­րաւ էին Սե­­ւասար լեռ­­նե­­­րը, Մշոյ եւ Սա­­սու­­նի սահ­­մա­­­նային հա­­տուա­­ծի վրայ։ Այդ անուննե­­րը չկան այ­­սօր։ Բայց, տե­­ղեր կան, որոնք պա­­հեցին իրենց անու­­նը, ինչ փոյթ, թէ աղա­­ւաղո­­ւած։ Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի նա­­հան­­գի Սեւ Աւե­­րակ գիւ­­ղա­­­քաղա­­քը նկա­­տի ու­­նիմ, որ այ­­սօր կը կո­­չեն «Սե­­ւերեկ»։ Այնքան բախ­­տա­­­ւոր չէին Սեւ Աւե­­րակի լեռ­­նե­­­րը, անոնք վե­­րանո­­ւանո­­ւեցան «Քա­­րաճա­­տաղ»։ Ըսեմ նաեւ, թէ ամէն գա­­ւառի մէջ սե­­ւը «սեւ» չէր։ Զէյ­­թունի, Համ­­շէ­­­նի, Մոկ­­քի, Մու­­սա լե­­րան եւ Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ «սիւ» էր ան, իսկ Ար­­ցա­­­խի մէջ՝ «սըէվ»։ Ահա, Սի­­փան, մեր երկրի հա­­րազատ գոյ­­նը։

- Մեր մայ­­րե­­­նին հա­­րուստ է, չէ՞, ան­­կասկած ու­­նե­­­ցանք բարդ բա­­ռեր։

- Երեք հա­­րիւ­­րի չափ։ Փոք­­րիկ բա­­ռարան մը պէտք է բո­­լորը բա­­ցատ­­րե­­­լու հա­­մար։ Սա­­կայն կան բա­­ռեր, որոնք աւե­­լի ներշնչե­­ցին մեր բա­­նաս­­տեղծներն ու եր­­գա­­­հան­­նե­­­րը- սե­­ւաբախտ, սե­­ւագի­­շեր, սե­­ւագ­­լուխ, սե­­ւագու­­շակ, սե­­ւազ­­գեստ, սե­­ւաթար­­թիչ, սե­­ւաթեւ, սե­­ւահո­­գի, սե­­ւաչեայ, սե­­ւափայլ եւ սե­­ւու­­լիկ։ Շատ ժա­­մանակ չան­­ցաւ, որ այս գոյ­­նը առ­­նէր բազ­­մա­­­թիւ փո­­խաբե­­րական իմաստներ, ինչպէս խա­­ւար, ան­­լոյս, մռայլ, չար, չա­­րագու­­շակ, չա­­րաբեր, բա­­ցասա­­կան եւ մե­­լան։ Այ­­նուհե­­տեւ, ու­­նե­­­ցանք ան­­հա­­­մար պատ­­կե­­­րաւոր դար­­ձո­­­ւածքներ- սեւ հո­­գեւո­­րական, սեւ միտք, սեւ նա­­խազ­­գա­­­ցում, սեւ կեանք, սեւ ապե­­րախ­­տութիւն։ Չա­­փազանց սե­­ւադէմ մար­­դոց անո­­ւանե­­ցինք «սեւ ագ­­ռաւ», վտան­­գի սպառ­­նա­­­լիքը՝ «սեւ ամպ», անուն խայ­­տա­­­ռակող արար­­քը «սեւ բիծ», քա­­րիւ­­ղը «սեւ ոս­­կի»։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ «սեւ օրեր», «սեւ շու­­կայ», «սե­­ւեր կա­­պած» սգա­­ւոր­­ներ, «սե­­ւին սպի­­տակ ըսող» հա­­կառա­­կորդներ։

- Պա­­րոն, ձեր յի­­շած­­նե­­­րու չափ չար չեն սեւ պղպեղն ու սեւ սուրճը։ Բայց, չեմ ալ ու­­զեր, որ առ­­ջե­­­ւէս անցնի սեւ կա­­տու...։

- Սի­­փան, ըստ երե­­ւոյ­­թին, գե­­ղապաշտ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու երան­­գապնա­­կի կա­­րեւո­­րագոյն գոյնն էր ան։ Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւնը յա­­գեցած է «սեւ» տո­­ղիկ­­նե­­­րով, որ­­քան մեր պատ­­մութիւ­­նը՝ սեւ էջե­­րով։ Տե՛ս, Ղե­­ւոնդ Ալի­­շանի սեւ մե­­լանը ի՛նչ պատ­­կերներ յօ­­րիներ է. «Սեւ սրտիս սեւ ամ­­պեր», «Հայ հո­­ղուն սեւ քա­­րը», «Մա­­հու սեւ ստո­­ւեր»։ Ապա, եկաւ Պետ­­րոս Դու­­րեանը եւ սե­­ւով ներ­­կեց եր­­կի­­­րը «Նոր սեւ օրեր» քեր­­թո­­­ւածին մէջ. «Չը դադ­­րե­­­ցաւ դեռ այս երկրին սեւ սու­­գը»։ Բա­­նաս­­տեղծը նաեւ հե­­ղինա­­կեց պատ­­մա­­­կան մէկ ող­­բերգու­­թիւն ու զայն կո­­չեց «Սեւ հո­­ղեր կամ յե­­տին գի­­շեր Արա­­րատեան»։ Մեր գրիչ­­նե­­­րուն ամե­­նէն թախ­­ծո­­­տը, Վա­­հան Տէ­­րեանը, «սեւ» բա­­ռին տո­­ւաւ քնա­­րական փայլ մը. «Սեւ գի­­շերն է գրկել ինձ», «Սեւ գի­­շերն իջաւ իր ան­­յայտ գա­­հից», «Ար­­ցունք չկայ իմ սեւ օրե­­րում», «Սեւ օրեր ես դեռ շա՜տ կը տես­­նեմ», «Աշուն- Անձրեւ, քա­­մի, սեւ կա­­մար...»։ Սի­­փան, դժո­­ւար է ըսել, թէ Տէ­­րեանն էր աւե­­լի յափշտա­­կուած «սեւ»ով, թէ՝ Թու­­մա­­­նեանը։ «Անուշ»ի մէջ կայ քսա­­ներ­­կու «սեւ»- «Աղ­­ջի՜, սե­­ւասի՜րտ», «Սեւ սա­­րեր, եա՛յլա», «Սեւ վի­­ճակ քեզ բա­­ժին ըն­­կաւ», «Սե­­ւաբա՛խտ քու­­րիկ», «Սեւ ու սուգ լի­­նի թագ ու պսա­­կըդ», «Սեւ հրա­­ցանը՝ սեւ օձի նման» եւ ամե­­նէն սրտաճմլի­­կը՝ «Ձո­­րում թո­­ղած մի սեւ բը­­լուր, մի գե­­րեզ­­ման անա­­նուն»։

- Պա­­րոն, Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը չէ՞ր զգու­­շա­­­ցու­­ցեր- սե­­ւաչեայ աղ­­ջիկ պէտք չէ սի­­րել։ Անու­­շը սե­­ւաչեայ չէ՞ր։ Կը յի­­շեմ, «Սեւ աչե­­րէն շա՛տ վա­­խեցի՛ր,- էն մութ, ան­­ծեր գի­­շեր է... Սեւ աչե­­րը մի՚ սի­­րէ...»։

- Իսկ կէս դար ետք Պոլ­­սոյ մէջ Զահ­­րա­­­տը նկա­­րագ­­րեց ոսպ ստկող կին մը, որ կը հան­­դի­­­պէր սեւ հա­­տիկ­­նե­­­րու, կեան­­քի դժո­­ւար օրերն էին անոնք. «Կա­­նաչ մը - սեւ մը - կա­­նաչ մը - սեւ մը - ցաւ մը»։ Բա­­նաս­­տեղծը նոյ­­նիսկ վե­­ցեակ մը նո­­ւիրեց այդ գոյ­­նին ու սե­­ւը կո­­չեց «Սեւ».

Բո­­լոր գոյ­­նե­­­րը - լոյ­­սե­­­րը բո­­լոր

- Սէ­­րերը բո­­լոր -

Երբ վա­­նես կեան­­քէդ

Ահա թէ քե­­զի սե­­ւը կը մնայ

- Բա­­րով գոր­­ծա­­­ծես –

Վեր­­ջա­­­պէս, լու­­սա­­­ւոր օր մը, հայ­­րե­­­նի մէկ բա­­նաս­­տեղծ, որուն անու­­նը «սեւ աչք» էր, կամ «սեւ մե­­լան», ինչպէս որ նա­­խընտրէք, իր երան­­գապնա­­կի բո­­լոր գոյ­­նե­­­րը գոր­­ծա­­­ծեց փա­­ռապանծ Հա­­յաս­­տան մը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար, իսկ գոյ­­նե­­­րու միակ միավան­­կը, «սեւ»ը, տե­­ղադ­­րեց Ար­­տա­­­շէս ար­­քա­­­յի անու­­նը կրող Ար­­տա­­­շատի հետ. «Հա­­յաս­­տան։ Դու՝ Ար­­տա­­­շատեան խա­­ղող սե­­ւաչ»։ Սա է «սեւ» բա­­ռի փա­­ռահեղ վեր­­ջա­­­բանը։

Այդ օր սեւ էր եր­­կինքը եւ սեւ էին կա­­մարին քա­­րերը ու այդ օր մեր աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ յայտնո­­ւեցաւ հա­­յոց լեռ­­նաշխար­­հի իշ­­խող գոյ­­նը- ՍԵՒ։