Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» բեմադրուեցաւ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Արո­­ւես­­տա­­­գէտի ստեղ­­ծա­­­գործման ճա­­նապար­­հին կան դժո­­ւար հա­­սանե­­լի բար­­ձունքներ, անո­­րոշու­­թեան մէջ մո­­լորեց­­նող արա­­հետ­­ներ, վե­­րել­­քի, փայ­­լա­­­տակե­­լու եւ լռե­­լու շրջան­­ներ։ Պոլ­­սա­­­հայ եր­­գա­­­հան Մա­­ժակ Թո­­շիկեան, յաղ­­թա­­­հարե­­լով այդ ճա­­նապար­­հի զա­­նազան հանգրո­­ւան­­նե­­­րը, հա­­սած է կո­­թողա­­յին գոր­­ծե­­­րով ներ­­կա­­­յանա­­լու պան­­ծա­­­լի աս­­տի­­­ճանին։ «Հրանդ Տինք Օրա­­թորիա»է ետք ան ան­­գամ մը եւս ունկնդի­­րը եւ հան­­դի­­­սատե­­սը հմա­­յեց «Սա­­սունցի­­ներու Պա­­րը» բե­­մադ­­րութեամբ։

Թո­­շիկեանի երաժշտա­­կան ոդի­­սակա­­նի սկզբնա­­կան շրջան­­նե­­­րը կը բնու­­թագրէ անոր թրքե­­րէն փոփ երաժշտու­­թեան կա­­լուա­­ծէն ներս ար­­տադրած յո­­րինումնե­­րը եւ դաշ­­նա­­­ւորումնե­­րը։

Ապա ան­­կիւնա­­դարձ մը եղաւ Յով­­հաննէս Շի­­րազի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան վրայ գրո­­ւած «Տես­­նեմ Անին ու նոր մեռ­­նեմ» հրա­­շալի եր­­գը, որ իր ու­­րոյն կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քին մէջ կը պա­­հեր հայ դա­­սական երաժշտու­­թեան դի­­մագի­­ծը։ Ար­­դա­­­րեւ այդ գոր­­ծը գտաւ իր ար­­ժա­­­նի ար­­ձա­­­գան­­քը եւ տա­­րածո­­ւեցաւ բո­­վան­­դակ հա­­յաշ­­խարհով մէկ, միշտ վա­­յելե­­լով ունկնդրին ջերմ գնա­­հատան­­քը։

Վրայ հա­­սաւ «Հրանդ Տինք Օրա­­թորիա» անուն կո­­թողա­­յին գոր­­ծը, որ Պեր­­ճուհի Պեր­­պե­­­րեանի խօս­­քե­­­րով յօ­­րինո­­ւած էր նո­­ւագա­­խումբի, երգչա­­խումբի եւ մե­­նակա­­տար­­նե­­­րու հա­­մար ու դար­­ձեալ ար­­ժա­­­նացած մեծ գնա­­հատան­­քի։

Այս ան­­գամ, Պա­­գըր­­գիւթի Տա­­տեան վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նադրու­­թեան 175-ամեակի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու ծի­­րեն ներս, 7 Մա­­յիս Երեք­­շաբթի երե­­կոյ «Լեյ­­լա Կեն­­ճեր» հա­­մեր­­գասրա­­հին մէջ բախ­­տը ու­­նե­­­ցանք վա­­յելե­­լու Մա­­ժակ Թո­­շիկեանի վեր­­ջին կո­­թողա­­յին գոր­­ծը՝ «Սա­­սունցի­­ներու պա­­րը»։

Գէորգ Էմի­­նի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան յօ­­րինու­­մը հան­­դի­­­սատե­­սին ներ­­կա­­­յացաւ խիստ յա­­ջող պա­­րային ներ­­կա­­­յացու­­մով մը։ Այս ներ­­կա­­­յաց­­ման հա­­մար Հա­­յաս­­տա­­­նէն քա­­ղաքս ժա­­մանած էր պա­­րու­­սոյց Ար­­ման Ջուլհա­­կեանի եւ Արա Ասա­­տու­­րեանի կող­­մէ մար­­զո­­­ւած «Նա­­րեկ» պա­­րային հա­­մոյ­­թը, «Ար­­մէններ» հա­­րուա­­ծային գոր­­ծիքնե­­րու նո­­ւագա­­խումբը իր չորս ան­­դամնե­­րով եւ մե­­ներգչու­­հի Գո­­հար Յով­­հաննէ­­սեան։ Բե­­մադ­­րութեան ընդհա­­նուր հե­­ղինակն էր Գրի­­գոր Խա­­չատու­­րեան։ «Փա­­րոս» երգչա­­խումբի կա­­տարումնե­­րը լսո­­ւեցան ձայ­­նագրու­­թեան դրու­­թեամբ։ Իսկ օրո­­ւայ հան­­դի­­­սավա­­րու­­թիւնը կա­­տարեց Գա­­րոլին Մա­­միկո­­նեան։

Ներ­­կա­­­յաց­­ման բա­­ցու­­մը կա­­տարեց 175-ամեակի յանձնա­­խումբի նա­­խագահ, Տա­­տեան վար­­ժա­­­րանի վաս­­տա­­­կաւոր նախ­­կին տնօ­­րէնու­­հի Օր. Հեր­­մի­­­նէ Պեն­­լիօղ­­լու։ Ան իր ելոյ­­թին մէջ ող­­ջունեց մի­­ջոցառ­­ման հե­­ղինա­­կը եւ մաս­­նա­­­կից բո­­լոր արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը։ Ապա շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց մի­­ջոցառ­­ման իրա­­կանա­­նալուն նպաս­­տող հո­­վանա­­ւոր­­ներ՝ Պա­­քըր­­գիւղի քա­­ղաքա­­պետ Պիւ­­լենտ Քե­­րիմօղ­­լու, Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ, Ճե­­զօ Թաշ եւ Էֆ­­րիմ Պա­­ղի։ Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին վար­­ժա­­­րանի այժմու տնօ­­րէնու­­հի Ալիս Պայ­­րամ յու­­շա­­­նուէր­­ներ յանձնեց արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն եւ հո­­վանա­­ւոր­­նե­­­րուն։ Այս առ­­թիւ ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ քա­­ղաքա­­պետ Պիւ­­լենտ Քե­­րիմօղ­­լու եւ յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց նման մի­­ջոցա­­ռու­­մի մը հո­­վանա­­ւորե­­լու առի­­թին ըն­­ձեռման հա­­մար։ Ան ող­­ջունեց նաեւ հա­­յաս­­տա­­­նէն եկած արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը եւ փո­­խան­­ցեց իր ջերմ բա­­րեւ­­նե­­­րը Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­սարա­­կու­­թեան։

Սա­­հակ եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանի ար­­տա­­­սանած հուսկ բան­­քով հան­­դէ­­­սը հա­­սաւ իր աւար­­տին։ Սրբա­­զանը խօս­­քե­­­րուն մէջ ծան­­րա­­­ցաւ դպրո­­ցի եւ երգ ու պա­­րի արո­­ւեստնե­­րուն իրար լրաց­­նող հան­­գա­­­մանքնե­­րուն։ Ան նշեց թէ թե­­րեւս մարդ առա­­ջին խօս­­քե­­­րը թո­­թովե­­լէ առաջ իսկ գիւ­­տը ըրած էր եր­­գե­­­լու եւ որոշ կշռոյ­­թով ոս­­տոստե­­լու, այ­­սինքն պա­­րելու։ Ան ապա անդրա­­դար­­ձաւ Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի հիմ­­նադրած հայ դպրու­­թեան աւան­­դութեան եւ հա­­մոզում յայտնեց թէ մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը շնոր­­հիւ իրենց սա­­ներուն ապա­­գային եւս պի­­տի երաշ­­խա­­­ւորեն հա­­յու ինքնու­­թեան յա­­րատե­­ւութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ