Շրջափակուած քաղաքի մէջ Մայիս Մէկեան ցնծութիւն

Մա­­յիս Մէ­­­կեան բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին զօ­­­րակ­­­ցութեան օրը ի դէմ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ար­­­գելքնե­­­րու նշո­­­ւեցաւ մեծ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ եւ խուռնե­­­րամ բազ­­­մութեան մը մաս­­­նակցու­­­թեամբ։ Ինչպէս նա­­­խորդ տա­­­րինե­­­րուն այս տա­­­րի ալ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը գոր­­­ծադրեց իբ­­­րեւ թէ անվտան­­­գութեան չա­­­փազան­­­ցո­­­­­­­ւած կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու։ Այդ կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու պա­­­հուն իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու գլխա­­­ւոր մտա­­­վախու­­­թիւնը կը դառ­­­նայ ցու­­­ցա­­­­­­­րար­­­նե­­­­­­­րու Թաք­­­սի­­­­­­­մի հրա­­­պարակ ել­­­լե­­­­­­­լու ան­­­կոտրուն կամ­­­քը։ Նման հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւն մը կան­­­խե­­­­­­­լու հա­­­մար ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թիւնը ձեռ­­­նարկած էր շատ խիստ կան­­­խա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու։ Քա­­­ղաքը ան­­­դա­­­­­­­մալոյծ եղած էր դէ­­­պի Թաք­­­սիմ հաս­­­նող ճա­­­նապարհնե­­­րու շրջա­­­փակ­­­ման պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ, եւ աւե­­­լին՝ ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թիւնը ար­­­գելքներ յա­­­րու­­­ցած էր հան­­­րա­­­­­­­հաւա­­­քին կա­­­յանա­­­լիք Պա­­­քըր­­­գիւղ տա­­­նող ճա­­­նապարհներն ալ փա­­­կելով։

Ի դէմ այս բո­­­լորին արհմիու­­­թիւննե­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեամբ բիւ­­­րա­­­­­­­ւոր բա­­­նուոր­­­ներ յա­­­ջողե­­­ցան մաս­­­նակցիլ հան­­­րա­­­­­­­հաւա­­­քին։ Մինչ այդ կարգ մը խմբակ­­­ներ այս տա­­­րի եւս փոր­­­ձե­­­­­­­ցին Թաք­­­սի­­­­­­­մի հրա­­­պարա­­­կը մուտք գոր­­­ծել եւ սա­­­կայն հան­­­դի­­­­­­­պեցան ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան բռնու­­­թեան։

Այս տա­­­րի բո­­­ղոք­­­նե­­­­­­­րը կեդ­­­րո­­­­­­­նացած էին եր­­­կու կա­­­րեւոր խնդիր­­­նե­­­­­­­րու շուրջ, որոնցմէ մէկն էր յատ­­­կա­­­­­­­պէս սննդե­­­ղէնի վրայ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած սղա­­­ճը եւ երկրորդ հա­­­ցադու­­­լի դի­­­մած քաղ­­­բանտար­­­կեալ­­­նե­­­­­­­րու հետ զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը։ Եր­­­կու կա­­­րեւոր խնդիր­­­ներ, որոնք չեն յա­­­ջողիր կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան ու­­­շադրու­­­թեան։ Այդ ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը ինքնա­­­բերա­­­բար տե­­­ղի կու տայ բո­­­ղոքի ալի­­­քի մը, ան­­­հանգստաց­­­նե­­­­­­­լով երկրի վար­­­չա­­­­­­­կազ­­­մին ան­­­դորրը։ Մէկ բան, որ յստակ է իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը ի վի­­­ճակի չեն բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու կամ­­­քը կոտ­­­րե­­­­­­­լու, իսկ միւս կող­­­մէ աշ­­­խա­­­­­­­տող դա­­­սակարգն ալ մտա­­­դիր չէ իր մատ­­­նո­­­­­­­ւած դժո­­­ւար պայ­­­մաննե­­­րուն դէմ ան­­­տարբեր մնա­­­լու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ