Քառասունքի պաշտօն Իսթանպուլի եւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ

Ինչպէս յայ­­տա­­­րարո­­ւած էր նա­­խապէս, Սուրբ Զատ­­կի հետ միասին աւար­­տե­­­ցաւ եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի մա­­հուան առ­­թիւ հռչա­­կուած սու­­գը։ Ար­­դա­­­րեւ նա­­խորդ շա­­բաթ օր Գումգա­­բուի Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ քա­­ռասունքի լրման առ­­թիւ Հո­­գեհան­­գիստ եւ հո­­գեճաշ։

27 Մա­­յիս Շա­­բաթ երե­­կոյեան Մու­­սա լե­­րան Վա­­քըֆ­­լը­­­գիւ­­ղի մէջ յա­­տուկ հո­­գեհան­­գիստի պաշ­­տօն կա­­տարո­­ւեցաւ Թուրքիոյ հա­­յոց 84-րդ պատ­­րիարք Մես­­րոպ Բ. Մու­­թա­­­ֆեանի մա­­հուան քա­­ռասունքի լրման առ­­թիւ։

Եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ պատ­­րիար­­քի անու­­նով յի­­շուած մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նի մէջ կա­­յացող արա­­րողու­­թիւնը կա­­տարեց գիւ­­ղի երեց Տէր Աւե­­տիս քա­­հանայ Թա­­պաշեան։

Տէր Աւե­­տիս ապա անդրա­­դար­­ձաւ «հո­­գեւոր ծնողս» կո­­չած Մես­­րոպ պատ­­րիար­­քի իր կեն­­սագրու­­թեան վրայ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րուն։ «Երեք ան­­գամներ ան ուղղեց զիս դէ­­պի հո­­գեւոր ճա­­նապարհ։ Ես հա­­զիւ եր­­րորդ ան­­գա­­­մուն հա­­մոզո­­ւեցայ եւ իմ ու­­ղին կա­­պեցի անոր ճա­­նապար­­հին։ Հի­­մա ու­­րախ եմ այդ ճա­­նապար­­հի մէջ եւ այս բո­­լորը կը պար­­տիմ իրեն» ըսաւ երի­­տասարդ քա­­հանան։

Ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ նաեւ գիւ­­ղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Ճեմ Չա­­փար։ Ան ալ իր կար­­գին դրո­­ւատեց Մես­­րոպ պատ­­րիար­­քի այս գիւ­­ղին հան­­դէպ սնու­­ցած սէրն ու հա­­մակ­­րանքը։ «Առա­­ջին ան­­գամ երբ խօ­­սեցաւ գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ վե­­րաշի­­նու­­թեան մա­­սին, բո­­լոր գիւ­­ղա­­­ցիներ վա­­րանե­­ցանք։ Չէ որ ու­­նէինք մեր հա­­մեստ եկե­­ղեցին եւ ինքնին բա­­ւարար էր մե­­զի հա­­մար։ Չէինք կրցած տես­­նել նման վե­­րաշի­­նու­­թեան մը իր հետ բե­­րած մեծ նե­­րու­­ժը։ Բայց ան վստա­­հեցաւ մեզ եւ յա­­ջողե­­ցաւ այդ դժո­­ւարին գոր­­ծը ի կա­­տար հա­­նել» ըսաւ ատե­­նապետ Ճեմ Չա­­փար։

Այս ելոյթնե­­րէն ետք գիւ­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րը մէկ­­տե­­­ղուե­­ցան հո­­գեճա­­շի սե­­ղան­­նե­­­րու շուրջ եւ յի­­շատա­­կեցին Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի հետ իրենց ու­­նե­­­ցած ու­­րախ ապրումները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ