Արդէն մեկնարկած է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը Ի

Ինչպէս կը նա­­­խատե­­­սուէր, Ս. Զատ­­­կի տօ­­­նի աւար­­­տին մեկ­­­նարկած է պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցը։ 29 Ապ­­­րիլ 2019-ի յետ­­­մի­­­­­­­ջօրէին, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի մէջ գու­­­մա­­­­­­­րուած Կրօ­­­նական ժո­­­ղովը ձայ­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութեամբ որո­­­շած է ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցը տա­­­նիլ փո­­­խանոր­­­դի մի­­­ջոցաւ։ Այս ուղղու­­­թեամբ քո­­­ւէար­­­կած են հինգ հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ։ Երե­­­քը կողմ եղած են տե­­­ղապա­­­հի մը ընտրու­­­թեան եւ մէ­­­կը ձեռնպահ մնա­­­ցած։ Այս մա­­­սին պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանէն ու­­­ղարկո­­­ւած զե­­­կոյ­­­ցին մէջ կը նշո­­­ւի Իս­­­թանպու­­­լի կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան ան­­­յա­­­­­­­պաղ դի­­­մում կա­­­տարե­­­լու մա­­­սին։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այդ դի­­­մու­­­մը ան­­­մի­­­­­­­ջապէս յա­­­ջորդ օր կա­­­տարո­­­ւած է Իս­­­թանպու­­­լի կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան։ կու­­­սա­­­­­­­կալը խոս­­­տա­­­­­­­ցած է աղեր­­­սա­­­­­­­գիրը իս­­­կոյն փու­­­թացնել Ան­­­գա­­­­­­­րա, պատ­­­կան մար­­­միննե­­­րու ու­­­շադրու­­­թեան յանձնե­­­լու հա­­­մար։

Գոր­­­ծընթա­­­ցի առա­­­ջին հանգրո­­­ւանին իսկ կա­­­տարո­­­ւած կա­­­նոնի զան­­­ցա­­­­­­­ռու­­­թիւնը տե­­­ղի տո­­­ւած է կարգ մը դժգո­­­հու­­­թիւննե­­­րու։ 1863-ի սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը, որ հիմ­­­քը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցին, յստա­­­կօրէն կը թե­­­լադ­­­րէ տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թիւնը։ Այժմ նոյն գոր­­­ծընթա­­­ցը փո­­­խանոր­­­դի առաջ­­­նորդու­­­թեամբ տա­­­նիլը իր մէջ ան­­­կանխա­­­տեսե­­­լի խո­­­չըն­­­դոտներ կրնայ յա­­­ռաջաց­­­նել։ Սա­­­կայն ըստ երե­­­ւոյ­­­թի, ու­­­շադրու­­­թիւնը կեդ­­­րո­­­­­­­նացած է ժամ առաջ ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու վրայ եւ այս պա­­­հուն շա­­­տերու հա­­­մար նշա­­­նակու­­­թիւն չու­­­նի տե­­­ղապա­­­հի կամ փո­­­խանոր­­­դի մա­­­սին տա­­­րակար­­­ծութիւ­­­նը։ Բայց պէտք չէ մոռ­­­նալ թէ այս փու­­­լի նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւննե­­­րու ետին կայ յա­­­ջորդ հանգրո­­­ւան­­­նե­­­­­­­րու վե­­­րաբե­­­րող ռազ­­­մա­­­­­­­վարութիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ