Սարօ Սիրականեանի բեմադրած «Թուլիկը» զաւեշտի հեղինակն է Ժան Տ՚Լեդրազ։ Հայերէնի թարգմանուած է Թորքոմ Սրապեանի կողմէ եւ առաջին անգամ ներկայացուած «Փոքր թատերախումբ»ով, Յակոբ Այվազի բեմադրութեամբ։ Պոլսահայ, յատկապէս միութենական թատրոնի աւանդութեան մէջ միշտ կարեւոր բաժին ունեցած են Ֆրանսական վոտուիլները։ Թատրոնը՝ որ գրականութեան եւ գաղափարախօսութեան առումով կը գնահատուի գեղարուեստի յատուկ դպրոց, մեր մօտ կը շարունակէ մնալ օճառի փրփուրի չափ ծանրութիւն ունեցող յատկանիշով միայն։ Սակայն նկատի ունենալով հայերէն թատրերգութիւններու հետզհետէ անգոյ դառնալու երեւոյթը, խիստ կարեւոր կը դառնայ «Արփի» թատերախումբի վերջին տարիներու բեմադրութիւնները։
Այս անգամ ալ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ շուրջ երկու ժամ հայերէնով ծիծաղելու, ուրախանալու եւ աւարտին ալ գոհունակութեամբ հեռանալու։ Բոլոր դերակատարները արդարացուցին իրենց մարմնաւորած կերպարները։
Ժան Տ՚Լեդրազի բնագիրը փոխադրուելով Պոլսոյ թաղերուն, եւ հերոսները ներկայանալով հայ անուններով, աւելի հարազատ մթնոլորտ մը պատրաստուած էր հայ հանդիսատեսի համար։
Բեմադրութիւնը պիտի կրկնուի 7 եւ 9 Մայիս Թուականներուն, դարձեալ Ֆերիգիւղի եկեղեցուոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։