Հայաստանի ազգային պատկերասրահի մէջ մեր աշակերտները տախտակամածի վրայ նստած դիտեցին երեք գլուխ գործոց ու լսեցին անոնց հմայիչ պատմութիւնը։ Ուսուցիչի ընտրած գեղապատկերներ էին անոնք- երկու Սուրէնեանց եւ մէկ Այվազովսքի։ Իսկ այժմ խումբը կը սկսի հետեւիլ պատկերասրահի ուղեցոյցին։ Անոր տուած բացատրութիւններով երբ հայկական նկարչութեան մասին աւելի ամբողջական պատկերացում կ՛ունենանք, մտքի մէջ կը շրջանակուի նաեւ «պատկեր» բառի պատմութիւնը։
Թէեւ կարելի չէ ստուգել, թէ ո՛վ գծագրեց առաջին պատկերը, սակայն գիտենք, թէ գրաւոր հայերէնի մէջ ան նախ ցուցադրուեցաւ Աստուածաշունչի էջերուն վրայ, 73 անգամ։ Ունէր աստուածային գեղեցկութիւն։ Պատկերացո՞ւմ մը կ՚ուզէք ունենալ։ Ահա քանի մը նմոյշ. «հրաշափառ խորհրդոյ պատկեր», «պատկեր անչափագիր», «պատկեր պանծալի», «պատկեր անպարագիր, ճշգրիտ, ճշմարտատիպ, անբարբառ»... Տեսանք նաեւ աղօտ պատկերներ, տարտամ, ինչպէս «պատկերս վերջին հարուածոցն Երուսաղէմի», «պատկեր վշտաց», «ճշգրիտ պատկեր թշուառ մարդկութեան»։
- Բարի էք եկել հայրենիք։ Ազգային պատկերասրահի հայկական բաժինը, երեխէ՛ք, գոյութիւն ունի 1921 թուականից...։
Ըստ լեզուագէտներու պարթեւական ծագում ունի ան։ Նախ եղեր է «պադկար», ապա «պատկար» կամ՝ «պահիկար»։ Մեր հիները այսպէս սահմաներ են զայն. «Նմանութիւն կերպարանաց օրինակեալ՝ որպէս ʼի հայելւոջ, կամ նկարեալ, դրօշեալ, նմանութիւնն լինել սկզբնատիպին»։ 5-րդ դարուն բառը ակներեւ էր մատենագրութեան մէջ եւ ունէր պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «ընդ պատկերի», «պատկեր աւուրն», «գեղեցիկ պատկերաւ», «ի սոյն պատկեր»։ 670-80 թուականներուն ան դարձաւ շարական. «Զորս ըստ պատկերի Քում ստեղծեր»։ Աշոտ Պատրիկ Բագրատունին էր յօրինողը։ Շարականի մէջ կ՚ըսուի, թէ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով։ Շատ ժամանակ չանցաւ, որ բառը առնէ նոր դիմագիծ ու նշանակէ՝ երես, դէմք, տեսք, ճիւղ տան, պորտ, ինչպէս նաեւ՝ թատերական երկի գործողութեան մաս։ Ապա յօրինուեցաւ «պատկերակազմ» բառը, որ յարմար եկաւ Աբգար թագաւորին, քանզի ան Յիսուսին «առաքեաց պատկերակազմ մի»։ 7-րդ դարուն ականատես եղանք սրբապատկերներու զարհուրելի հալածումին։ Երեւոյթը բացատրելու համար թարգմանեցինք յոյներու «իքոնոմախոս» գոյականը եւ ունեցանք «պատկերամարտ» գոյականը։ 11-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին յօրինեց «պատկեր վշտաց դառնութեան», «ճշգրիտ պատկեր թշուառ մարդկութեանս», «պաշտեցեալ պատկեր» եւ «պատկեր մաքուր եւ անաղարտելի» արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածամօր նուիրուած հետեւեալ տողիկը. «Աղաչեմ զքեզ, սուրբ Աստուածածին, անշաղախ՝ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեկին բարձրութեան»։ Իսկ 12-րդ դարուն «պատկերապաշտ» պիտակուեցաւ ան, որ կը պաշտէր սրբանկարը «առանց յարգելոյ զբուն սուրբսն»։
- Երէ՞կ էք եկել։ Յոգնած չէք երեւում...։ Բաժնի հաւաքածոներում պահպանւում է շուրջ եօթ հազար ցուցանմուշ, որոնց կազմում են հին եւ միջնադարեան որմնապատկերների վաւերագրական պատճէններ եւ սրբապատկերներ։
Նոր դարերուն «պատկեր» բառը առաւ նոր դէմք, դարձաւ պատկերալից դարձուածք։ Ամենէն գեղեցկադէմը «վարդագոյն պատկեր» դարձուածքն էր, կեանքի յուսալի ընկալումը։ Իսկ դուք, գեղեցիկ կի՞ն կ՚ուզէք նկարագրել, գործածեցէք «քաշուած պատկեր» կամ՝ «պատկերի պէս» դարձուածքը։ Իսկ եթէ ձեր շուրջը կայ մէկը, որ դէմքի գծագրութենէն բնաւորութիւն կը գուշակէ, զայն կոչեցէք՝ պատկերացոյց։ Յարգելի ընթերցող, հարստացաւ նաեւ «պատկեր» արմատի պատկերադարանը, ունեցաւ 90 բարդ բառ, ինչպէս՝ պատկերագեղ, պատկերախորշ, պատկերահանում, պատկերամոլ, պատկերատեաց, պատկերաքանդակ, պատկերակուռ, պատկերակոփ, անպատկեր, այրապատկեր, դիւապատկեր, հեռապատկեր։ Ան նաեւ զարդարեց գիրքերու խորագրերը. «Աղօթամատոյց պատկերազարդեալ», «Պատկերասէր պատկերատեաց», «Պատկեր տօնից սուրբ Աստուածածնին», «Պատկերազարդ այբբենարան», «Ջալալէդդին։ Մի պատկեր նրա արշաւանքից», «Ղարիբ մշեցին ։ Պատկեր Կ. Պօլիսի հայ պանդուխտների կեանքից»։
- Այժմ կանգնենք Յակոբ Յովնաթանեանի ստեղծագործած դիմանկարների առջեւ։ Դրանք ընդգծում են պատկերուածների անհատականութիւնը, նրանց ընկերային դիրքը՝ նրբաճաշակ մշակումով...։ (Կ՚արժէ յիշել, թէ երբ հայ քնարերգակը գրիչով կատարեց այն ինչ, որ Յովնաթանեանը յաջողած էր վրձինով, գոյացաւ «գրական պատկեր»ը։)
Պատկեր բառը ներշնչեց նաեւ հայկական քնարը ու բանաստեղծներ գովերգեցին եարի դէմքը։ Նախ եկաւ Նահապետ Քուչակը.
Աչերդ է ծովէն առած,
եւ ուներդ է ի թուխ ամպէն.
Այդ քո պատկերքդ սուրաթըդ
ի վարդին կարմիր տերեւէն.
Իսկ օր մը, գիշեր էր, Սարգիս Հալէպցին, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ ակնագործ, տեսաւ անզուգական մէկ պատկեր, մոմ վառած։ Տաղասացը ոգեւորուեցաւ.
Սիրուն, գեղեցիկ պատկեր,
հասակաւ տասնչորս ամաց,
թուխ մազերն է սիրուն, փայլուն,
երեսին վրայ է ցրուած։
Հնչեցին նաեւ քամանչաները. «Պատկիրքըդ ղալամով քաշած, թահրըդ ռանգէռանգ իս անում», Սայաթ Նովա, «Բաժակիս մէջ միշտ տեսնում եմ վառ պատկերդ», «Վարդին նայում, քո պատկերն եմ ես տեսնում», Գուսան Աշոտ, «Քո լուսնակ պատկերիդ կարօտ եմ», Գուսան Շահէն, «Պատկեր սիրողն, տիպ բոլորակ», Պաղտասար դպիր, «Լուսնի պէս լուսեղէն պատկերդ գովեմ», Աշուղ Թիֆիլի։ Եւ յիշենք Աշոտ Գրաշիի հետեւեալ գովասանքը. «Պատկերիդ պայծառ կարօտ մնացի»։ Ո՛չ, յարգելի ընթերցող, գեղեցկուհիի մը ուղղուած չէր այս վերջինը, այլ՝ Երեւանին։ Դանիէլ Վարուժանը բաժանումի տխուր պատկեր մը ձգեց մեզի.
«Մեծ կարօտով կը փընտռեմ
չքնաղ պատկերդ-
լուսնի՜ ծնունդ»։
Նոյն ցաւը հառաչեց Վահան Տէրեանը. «Իմ սիրոյ լոյսն է պատկերդ վառ»։ Իսկ օր մը Չարենցը, ի՛նքը դարձաւ պատկեր... իր մահուան օրը.
Եւ գուցէ միայն սենեակում մի խուլ,
գլուխը թեքած պատկերիս վրայ՝
կը նայի մի կին աչքերիս տխուր,
եւ կ՚արցունքոտուեն աչքերը նրա։
- Այժմ ուզում եմ ձեզ ցոյց տալ մի վերջին նկար... Հետեւեցէ՛ք ինձ։
Ցուցապատի վրայ յանկարծ կը յայտնուի մէկ պատկեր ու մեզ կը ստիպէ կանգ առնել պահ մը. Կոմիտաս վարդապետի պատկերն է ան, շփոթած, բարի, այլայլած, գեղադէմ։ Սարգիս Մուրատեանի պատկերացումով յօրինուած՝ «Վերջին գիշերը»։ Կ՚անդրադառնանք, թէ «պատկեր»ը բառ չէ, ո՛չ ալ գիծ է եւ գոյն։ Շրջանակել զայն անհնար է։ Ու կը յայտնուի «պատկեր»ի իսկական խորհուրդը։ Ան անբարբառ աչքերու մէջ թաքնուած յուշերն են մեր, մեր երազանքները գուցէ, եւ այն ամէնը, զոր կը զգանք, բայց չենք ըսեր։