ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Վերջին անգամ «Կատուի Երազը» անուն ցուցահանդէսով ուշադրութեան արժանացած նկարիչ Արծրուն Ապրեսեան (Արծրունի) նոր ցուցահանդէսով մը կը պատրաստուի Իսթանպուլի արուեստասէրներուն ներկայանալու։ 27 Ապրիլին Քուզկունճուք «Իմոկա Արդ Սփէյս» կալերիի մէջ կայանալիք ցուցահանդէսին համակարգողն է Պայքար Տեմիր։ Արծրունի «Ամբողջութիւն» անուանած այս նոր ցուցահանդէսին համար պատրաստած է 14 գեղանկարներ։ Նաեւ պիտի ներկայացուի նախորդ ցուցահանդէսներէն տասը գործերու տպագրութիւնը։
Արուեստագէտը 2014-էն այս կողմ երրորդ անգամ է, որ կ՚այցելէ Պոլիս եւ այս մէկը Պոլսոյ մէջ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսն է։
«Ամբողջութիւն» խորագիրով ներկայացող գործերը նիւթ կ՚ունենան էգ ու առուի յարաբերութիւնը, որ կը հասնի ամբողջութեան։ Կը հարցնենք իրեն.
«Գիտեմ բոլոր նկարներդ քու սիրելիներդ են. բայց որ նկարէն աւելի դժուար պիտի բաժնուիս»։ Պատասխանը կ՚արդարացնէ արհեստավարժ նկարիչի յատկութիւնը։
«Եթէ նկարը յաջողուած է՝ աւարտելէ ետք ան այլեւս ինձ չի պատկանիր, կը մնայ իմ արուեստանոցի մէջ, թէ որեւէ մէկուն հաւաքածոյին։ Ինձ կը պատկանի նկարելու գործընթացը, ուրեմն դժուար կը բաժնուիմ չաւարտուած, կիսաւարտ նկարէն»։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ Ապրիլի 27-էն մինչեւ Մայիսի 18-ը։