Բաղդատմամբ նախորդ տարիներու, կ՚ակնկալուէր թէ այս տարի Ապրիլի 24-ի միջոցառումները կրնան ճնշման ենթարկուիլ կառավարութեան կողմէ։ Արդարեւ իշխանութիւնները խիստ կ՚արգիլեն քաղաքի որեւէ կէտի վրայ կատարուած մամլոյ յայտարարութիւնները կամ բողոքի ցոյցերը։ Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ նախատեսուած էր երեք միջոցառումներ։ Մարդու իրաւունքներու միութիւնը որոշած էր Սուլթանահմետի «Իսլամական Արուեստի Թանգարան»ի, երբեմնի Կեդրոնական ոստիկանատան առջեւ մամլոյ յայտարարութիւնով մը յիշատակել 24 Ապրիլ 1915-ի երեկոյեան ձերբակալուած եւ այս ոստիկանատունէն դէպի մահ ճանապարհուած հայ մտաւորականները։ Սակայն ոստիկանները պատճառաբանելով բողոքի ցոյցերու դէմ արգելքը, չարտօնեցին մամլոյ յայտարարութեան։
Երկրորդ միջոցառումը կայացաւ Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ Սեւակ Պալըքճըի շիրիմին վրայ։
«ՏուրՏէ» հարթակը այս տարի եւս դիմում կատարեց Թաքսիմի հրապարակին վրայ յիշատակման ցոյցի համար։ Այդ դիմումն ալ մերժուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ եւ երկար սակարկութիւններէ ետք համաձայնուեցաւ ցոյցը կատարել Շիշհանէի հրապարակին վրայ։