Յիշողութեան վայրը այցելուներ պիտի ընդունի 17 Յունիս 2019-էն սկսեալ

«Ակօս»ի նախկին խմբագրատունը վերա­ծուե­ցաւ յի­շողու­թեան վայ­րի։ Եր­կա­րատեւ աշ­խա­տու­թիւննե­րը գրե­թէ հա­սած են աւար­տին եւ վայ­րը 23-24 Ապ­րիլ թո­ւական­նե­րուն հիւ­րընկա­լեց բազ­մա­թիւ այ­ցե­լու­ներ։

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք Սե­պաթ Ափարթման շէն­քի առա­ջին յար­կին գտնո­ւող խմբագ­րա­տու­նը եր­կար ժա­մանակ ուխտա­վայ­րի մը վե­րածո­ւած էր Պո­լիս ժա­մանող բո­լոր հա­յերուն հա­մար։ Այ­ցե­լու­ներ իրենց օրա­ցոյ­ցին մէջ յա­տուկ ժամ կը ճշդէին այ­ցե­լելու հա­մար Հրան­դի եր­բեմնի աշ­խա­տավայ­րը։ Կը նկա­րուէին անոր գրա­սենեակին մէջ, իբ­րեւ թան­կա­գին յի­շատակ։ Այ­սօր խմբագ­րա­տու­նը փո­խադ­րո­ւած է եր­բեմնի Անա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րանի շէն­քը եւ նախ­կին խմբագ­րա­տունն ալ վե­րածո­ւած է յի­շողու­թեան վայ­րի։ Այս առու­մով բա­ւական խտա­ցեալ աշ­խա­տու­թիւն տա­րուե­ցաւ, ու­սումնա­սիրուեցան աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ նման նպա­տակ հե­տապնդե­լով հիմ­նո­ւած վայ­րե­րը եւ այդ օրի­նակ­նե­րու հի­ման վրայ այժմ իր դռնե­րը բա­նալու կը պատ­րաստո­ւի Հրանդ Տին­քի ձօ­նուած այս վայ­րը եւս։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը մեծ աշ­խա­տանք վատ­նեց այս կա­ռոյ­ցը պատ­շաճ կեր­պով ձե­ւաւո­րելու հա­մար։ Առա­ջին այ­ցե­լու­նե­րու վկա­յու­թեամբ յա­ջողած էր նա­խատե­սուած նպա­տակը, քա­նի որ հոն կը շնչէր ան­ցեալի բազ­մա­թիւ ապ­րումներ։ Ինչպէս վայ­րին անու­նը բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նութիւններ եւս ներշնչո­ւած էին Հրանդ Տին­քի յօ­դուած­նե­րէն։ Օրի­նակի հա­մար Հրանդ Տին­քի մեծ ան­մի­ջակա­նու­թեամբ նկա­րագ­րած եւ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նուո­րական հա­րուա­ծի դա­ժանու­թիւննե­րը նկա­րագ­րող «Զու­գա­րանի երգչա­խումբ» յօ­դուա­ծը ապ­րումի մը վե­րածո­ւած էր շնոր­հիւ կա­տարո­ւած տե­ղադ­րութեան։ Խցի­կէ մը աւե­լի փոքր տա­րած­քի վրայ այ­ցե­լու­ներ Հրան­դի ձայ­նով կը լսէին այդ յօ­դուա­ծի բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Ան­դին Հրան­դի սպա­նու­թե­նէն ետք մեկ­նարկող դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւնը նոյնպէս կը ցո­լաց­նէր դա­տավա­րու­թեան ամ­բողջ գոր­ծընթա­ցը տե­սանիւ­թե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ։ Յա­տուկ էկ­րա­նի մը վրայ հա­ւաքո­ւած էր «Ակօս»ի հիմ­նարկու­թե­նէն մին­չեւ Հրան­դի սպա­նու­թեան հաս­նող ժա­մանա­կահա­տուա­ծի «Ակօս»ի հա­մար­նե­րու հա­ւաքա­ծոն։ Եր­բեմնի պատշգա­մը, որ եր­կար ժա­մանակ լե­ցուն էր «Ակօս»ի հին հա­մար­նե­րով այժմ ձե­ւաւո­րուած է արո­ւես­տա­գէտ Սար­գի­սի կող­մէ եւ ցնցիչ պատ­գամներ կը փո­խան­ցէ այ­ցե­լու­նե­րուն։ Ծա­նօթաց­ման ժո­ղովի ըն­թացքին Նա­յաթ Քա­րաքէօէ, Սի­պել Աս­նա եւ Սար­գիս բազ­մա­թիւ տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցե­ցին, թէ կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թեան եւ թէ մտայ­ղա­ցումնե­րու մա­սին։

Ռա­­քէլ Տինք այս առ­­թիւ յայտնեց թէ առանց մոռ­­նա­­­լու կ՚ու­­զենք այս ոճի­­րը մար­­դա­­­սիրա­­կան նպա­­տակի մը հա­­մար օգ­­տա­­­գոր­­ծել։ «Յետ այ­­սու թող չփոր­­ձեն մո­­ռանալ։ Ան միշտ հոս է եւ մեր աչ­­քե­­­րուն պի­­տի նա­­յի։ Շնոր­­հա­­­կալ եմ որ այս պա­­հուն հոս էք»։ Իսկ Սի­­պել Աս­­նա պատ­­մեց թէ նման վայ­­րի մը կա­­ռուցման միտ­­քը առա­­ջին ան­­գամ ար­­տա­­­սանո­­ւեցաւ ակա­­դեմական Այ­­շէ­­­կիւլ Ալ­­թը­­­նայի կող­­մէ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի ժո­­ղով­­նե­­­րէն մէ­­կուն ըն­­թացքին։ Ալ­­թը­­­նայ թո­­ւեց աշ­­խարհի վրայ յի­­շողութեան վայ­­րի գոր­­ծադրու­­թեան օրի­­նակ­­ներ եւ խոր­­հուրդ տո­­ւաւ, որ մենք ալ կրնանք նմա­­նը կա­­ռու­­ցել այստեղ, այս տա­­րած­­քին մէջ։ Իսկ Նա­­յաթ Քա­­րաքէօսէ պատ­­մեց թէ այ­­ցե­­­լած են 15 եր­­կիրնե­­րու մէջ աւե­­լի քան 80 յի­­շողու­­թեան վայ­­րեր եկ օգ­­տո­­­ւած են անոնց փոր­­ձա­­­ռու­­թե­­­նէն։ «Են­­թա­­­գիտակ­­ցութեան մէջ ու­­նէինք կա­­րեւոր հար­­ցադրում մը։ Ճիշդ է որ այստեղ ող­­բերգու­­թիւն մը ապ­­րո­­­ւեցաւ, բայց այս վայ­­րը լրագ­­րո­­­ղի մը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած տեղն էր։ Ու­­րեմն ստի­­պուած էինք դէ­­պի ապա­­գայ հայ­­ցող վայր մը պատ­­րաստե­­լու»։ Քա­­րաքէօսէ յայտնեց թէ այս վայ­­րը ձե­­ւաւո­­րուած է բազ­­մա­­­թիւ մար­­դկանց խոր­հուրդնե­րը եւ առա­ջարկնե­րը մէկ­տե­ղելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ