Հայերէն գրականութեան կարեւորագոյն դէմքերէն է բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան։ Վարուժան իր ծննդեան 135 ամեակին «Ակօս»ի խմբագրատան եւ Հրանդ Տինք հիմնարկի «Հաւաք» սրահին մէջ յիշատակուեցաւ Կարօ Պերպերեանի «Դանիէլ» ֆիլմի ցուցադրութեամբ եւ «Արաս» հրատարակչատան վերջերս լոյս ընծայած «Հացին երգը» հատորի շնորհանդէսով։
Միջոցառումը մեկնարկեց նախ 20 րոպէանոց «Դանիէլ» ֆիլմի ցուցադրութեամբ։ Եղիա Աքկիւն եւ Լարա Նարին արտասանութիւններ կատարեցին Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն։ Ապա «Դանիէլ» ֆիլմի հեղինակ Կարօ Պերպերեան եւ ֆիլմի մէջ բանաստեղծութիւններու խորհրդատու Տաթեւիկ Այվազեան բացատրութիւններ տուին ֆիլմի ստեղծման ոդիսականի մասին։ Պերպերեան պատմեց թէ նախ մտադրած են ֆիլմի նկարահանումները Պոլսոյ մէջ իրականացնել, բայց ապա նկատելով որոշ դժուարութիւններ որոշած են նկարահանումները կատարել Կիւմրիի մէջ։
Միջոցառումը շարունակուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած «Հացին երգը» հատորի ծանօթութիւնով։ «Հացին երգը» հայ մշակի յատկանիշները ամենայստակ նկարագրող հատոր մը ըլլալով յատուկ նշանակութիւն ունի մեր գրականութեան մէջ։
Գեղջկական կեանքը ցոլացնելու մեծ կարողութեամբ «Հացին երգը» անգերազանցելի մնացած է մինչեւ մեր օրերը։
«Արաս» այս անգամ գրասէր ընթերցողներուն կը ներկայացնէր Վարուժանի այս հատորը հայերէն եւ թրքերէն տարբերակներով։ Վարուժանի բանաստեղծութիւնները բծախնդրութեամբ թրքերէնի թարգմանուած էին «Ակօս»ի երգիծանկարիչ Յովհաննէս Շաշկալի կողմէ։ Իսկ հայերէն հատորի խմբագիրն էր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Արդարեւ Շաշկալ եւ Տէյիրմենճեան ներկաներուն ծանօթացուցին Վարուժանի գրական կեանքէն դրուակներ եւ անոր 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ երթալու մանրամասնութիւնները։ Նաեւ դրուատեցին «Հացին երգը» հատորին բանաստեղծի գրականութեան մէջ ունեցած եզակի նշանակութեան մասին զանազան փաստեր։ Ապա Եդուարդ Թովմասեան կատարեց աւանդական գինեձօնը։