Ծնունդդ շնորհաւոր Շահան Արծրունի

ԺՈՒԼՅԵԹ ԻՆԱՆ

 

Բաւականին ծանրաբեռ­­նո­­­ւած շա­­­­բաթի մը աւար­­­­տին, սի­­­­րելի Թա­­­­մար Քայ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րեանի հրա­­­­ւէրով 5 Ապ­­­­րիլ 2019, Ուրբաթ երե­­­­կոյեան մաս­­­­նակցե­­­­ցայ մա­­­­յէստրօ Շա­­­­հան Արծրու­­­­նիի հա­­­­մեր­­­­գին։ Նիու Եորք, Ֆլո­­­­րընս Կուլտ Հո­­­­լի դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին կա­­­­տարո­­­­ւած հա­­­­մեր­­­­գին ներ­­­­կայ էին հո­­­­գեւոր առաջ­­­­նորդներ, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըր­­­­զիէ ժա­­­­մանած մեծ թի­­­­ւով երաժշտա­­­­սէր­­­­ներ։

Անո­­­­ւանի դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կահա­­­­րի 75-ամեակը, նաեւ երաժշտու­­­­թեամբ շնչող վար­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­տի մը յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու պատ­­­­մութիւնն էր։ Պոլ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­ցի արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտը, ծննդա­­­­վայ­­­­րի Էսաեան եւ Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նական վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը աւար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք յա­­­­ճախած է Իս­­­­թանպու­­­­լի Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի պե­­­­տական երաժշտա­­­­նոցը։ 1964-ին եկաւ Նիւ Եորք եւ Ժու­­­­լիար­­­­տի երաժշտա­­­­կան դպրո­­­­ցի ու Նիու Եոր­­­­քի հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րով գե­­­­րազան­­­­ցեց իր գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Միշտ վառ պա­­­­հեց հայ երաժշտա­­­­կան ժա­­­­ռան­­­­գը։

Զինք մօ­­­­տէն ճանչցող­­­­ներ գի­­­­տեն թէ Արծրու­­­­նի եր­­­­կու ձիր­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով օժ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է՝ առա­­­­ջինը դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րին տի­­­­րապե­­­­տելու ու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւնը, իսկ երկրոր­­­­դը՝ համ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սելու, քիմ­­­­քի զգայ­­­­նութեան տա­­­­ղան­­­­դը։ Շա­­­­հան Արծրու­­­­նի նաեւ խո­­­­հարա­­­­րու­­­­թեամբ համ­­­­բաւ կը վա­­­­յելէ։

75-ամեակը, թէ երաժշտա­­­­կան վա­­­­յելք մըն էր, եւ թէ հա­­­­մեր­­­­գի աւար­­­­տին սար­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ըն­­­­դունե­­­­լու­­­­թեամբ ալ, բա­­­­րեկամ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ հան­­­­դիպման առիթ։

Ուրբաթ երե­­­­կոյ Նիւ Եոր­­­­քի 59-րդ պո­­­­ղոտա­­­­յի վրայ սո­­­­վորա­­­­կանէն բա­­­­ւակա­­­­նին տար­­­­բեր կեր­­­­պարնե­­­­րու տո­­­­ղանցք մը կը նկա­­­­տուէր։ Առ­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­սարակ երի­­­­տասարդնե­­­­րով լե­­­­ցուն մայ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րու վրայ յա­­­­ճախ կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պէինք յի­­­­սուն տա­­­­րեկա­­­­նը անց մուշտա­­­­կաւոր հայ կա­­­­նանց, անոնց ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցող եւ մուգ գոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով գոս­­­­տիւմներ հա­­­­գած հայ այ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու։ Տե­­­­սարա­­­­նը կը յի­­­­շեց­­­­ներ մեր նախ­­­­նեաց հին լու­­­­սանկար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, Պոլ­­­­սոյ Փե­­­­րայի պո­­­­ղոտա­­­­յին վրայ։ Կար­­­­ծես տա­­­­րիներ անց, հա­­­­զարա­­­­ւոր մղոն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հե­­­­ռաւո­­­­րու­­­­թեամբ ան­­­­ցեալը կը վե­­­­րապ­­­­րէինք։ Բո­­­­լորս մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուած էինք դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճի մը մէջ, որուն բե­­­­մը լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւած էր 14 «սփոթ»նե­­­­րով եւ եզ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած սեւ վա­­­­րագոյրնե­­­­րով։ Խորհրդա­­­­ւոր, մի քիչ սուգ եւ թա­­­­խիծ ներշնչող այդ մթնո­­­­լոր­­­­տի կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նին տե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րը յա­­­­տուկ իմաստ մը կը ցո­­­­լաց­­­­ներ։ Բո­­­­լորս ան­­­­համբեր էինք այդ իմաս­­­­տին թա­­­­փան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։

Դա­­­­տար­­­­կութեան, պա­­­­րապու­­­­թեան զգա­­­­ցում ար­­­­թող բե­­­­մը լե­­­­ցուած էր դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րով, ինչպէս նոյն նո­­­­ւագա­­­­րանով լցո­­­­ւած էր մաէսթրօ­­­­յի կեան­­­­քի 75 տա­­­­րինե­­­­րը։

Յայ­­­­տագրի սկիզբին տեղ գտած էին Ֆրետ­­­­րիխ Շո­­­­բենի դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յին ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը։ Ապա երաժշտա­­­­կան եր­­­­թը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուե­­­­ցաւ Ալան Յով­­­­հաննէ­­­­սի, Արամ Խա­­­­չատու­­­­րեանի, Էտո­­­­ւարտ Միր­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­յեանի յօ­­­­րինումնե­­­­րով։ Հա­­­­մեր­­­­գը աւար­­­­տին հա­­­­սաւ Պեթ­­­­հո­­­­­­­­­­­­­­­ֆընեան հնչիւննե­­­­րով։

Շա­­­­հան Արծրու­­­­նիի հա­­­­մեր­­­­գը նաեւ երաժշտա­­­­կան դա­­­­սապահ մըն էր կար­­­­ծես։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր հա­­­­տուա­­­­ծին նախ կը ծա­­­­նօթա­­­­նայինք եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հանի կամ տո­­­­ւեալ գոր­­­­ծի մա­­­­սին շա­­­­հեկան տե­­­­ղեկու­­­­թիւննե­­­­րու, ապա կը լսէինք երաժշտու­­­­թիւնը։ Երա­­­­զային ապ­­­­րումի մը ու­­­­րախ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը դար­­­­ձած էինք։ Յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս հայ յօ­­­­րինող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ ապ­­­­րածնե­­­­րը, յի­­­­շատակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կի­­­­սելով մեզ ալ բաժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­կից դար­­­­ձուց իր մտեր­­­­մութեան։

Երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տութիւ­­­­նը յայտնե­­­­լու հա­­­­մար եր­­­­կար, շատ եր­­­­կար յոտնկայս ծա­­­­փահա­­­­րեցինք եւ բաժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք նոյն բա­­­­րեմաղ­­­­թանքը՝ ծնունդդ շնոր­­­հա­­­­­­­ւոր Շա­­­հան Արծրունի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ