Լոյս տեսաւ «Կոռ»ի Գարուն-Աշուն միացեալ համարը

Թուրքիոյ ժո­ղովուրդնե­րու խճան­կա­րի մէջ ու­րոյն հա­տուած մը կը ներ­կա­յաց­նեն համ­շէնցի­ները։ Համ­շէնցի­ներ ըսե­լով ակ­նարկած կ՚ըլ­լանք իս­լա­մադա­ւան ժո­ղովուրդի մը, որ յա­ջողած է մայ­րե­նին պա­հել։ Կը խօ­սին հայ­րե­նի յա­տուկ բար­բա­ռով։

Համ­շէնցի­ներ են­թարկո­ւած են պե­տութեան ձուլման ռազ­մա­վարու­թեան եւ մե­ծաւ մա­սամբ կորսնցու­ցած են իրենց հայ ինքնու­թեան վե­րաբե­րեալ գի­տակ­ցութիւ­նը։ Այս գի­տակ­ցութիւ­նը հա­զիւ վեր­ջին տա­րինե­րուն կարգ մը հա­մայ­նա­վար կամ ազա­տատենչ համ­շէնցի­ներու ջան­քե­րով կը ­ձեւա­ւորո­ւի։ Այդ հո­սան­քի բնա­կան հե­տեւանքնե­րէն եղաւ այժմ Պոլ­սոյ մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած համ­շէնցի­ներու մէկ­տե­ղու­մը եւ այդ մէկ­տեղման հետ միասին իրենց լե­զուին ու մշա­կոյ­թին տէր կանգնե­լու ձգտու­մը։ Անոնք յա­ջողե­ցան այս ուղղու­թեամբ կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տու­թիւն տա­նիլ եւ հիմ­նե­ցին «Հա­տիկ» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւնը։ Այդ միու­թիւնը այժմ կ՚աշ­խա­տի մէկ կող­մէն լե­զուին մո­ռացու­թեան դէմ պայ­քա­րելու, իսկ միւս կող­մէ ալ Համ­շէ­նի պատ­մութիւ­նը նոր սե­րունդնե­րու փո­խան­ցե­լու սկզբունքնե­րով։ Միու­թիւնը կը հրա­տարա­կէ պար­բե­րաթերթ մը, որուն վեր­ջերս լոյս տե­սած ութ եւ ին­նե­րորդ հա­մար­նե­րը հա­սած են մեր մօտ։ Այդ հա­մար­նե­րու մէջ թեր­թի խմբագ­րութիւ­նը ըն­թերցող­նե­րու ու­շադրու­թեան կը յանձնէ ազ­գագրա­կան բնոյ­թով յօ­դուած­ներ, պատ­մո­ւածքներ, գի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւններ, բա­նաս­տեղծու­թիւններ եւ այլ նիւ­թեր։

«Կոռ» անու­նը կրող այս պար­բե­րաթեր­թի հրա­տարա­կու­թիւնը ինքնին փաստ մըն է երկրէ ներս ար­մա­տացած պե­տական պաշ­տօ­նական քա­ղաքա­կանու­թեան մատ­նո­ւած ճեղ­քե­րուն։ Իս­կա­պէս ալ «Կոռ»ի հրա­տարա­կու­թիւնով ծանր հա­րուած մը կը տրո­ւի պե­տու­թեան վա­րած ձուլման քա­ղաքա­կանու­թեան։ Նշենք որ համ­շէնցի­ներու մէջ բնաւ նո­ւազ չեն այս նոր զար­գա­ցումնե­րէն ան­հանգստու­թիւն զգա­ցող­նե­րը։ Սա­կայն անոնք որ­քան ալ ան­հանգիստ զգան, չեն կրնար հա­մոզիչ պատ­ճառնե­րով առար­կել համ­շէ­նահա­յերու գո­յու­թեան դի­մաց։ Ան­շուշտ, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնով այդ ռազ­մա­վարու­թիւնը եւս ծանր հա­րուած ստա­ցաւ, քա­նի որ այս պայ­մաննե­րու մէջ շա­տեր առիթ գտան նոր ան­կախ պե­տու­թեան հետ շփո­ւելու։ Եւ շփումնե­րը միշտ տո­ւին նոյն հե­տեւան­քը, փաստ մը եղան համ­շէնցի­ներու ազ­գա­յին պատ­մութիւնը յստակացնելու առումով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ