Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակի միջոցառումներու շարքէն՝ 30 Ապրիլ 2019 Երեքշաբթի ժամը 20։30 ին Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտահանդէս մը, որուն խորագիրն է «Խնջոյք՝ Երփներանգ Երգերու»։
Տատեան 175 ամեայի յանձնախումբը այս միջոցառումը նկարագրած է գրութիւնով մը, որ սիրով կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն։
«Երաժշտութիւնը արուեստի տեսակ մըն է, որ կը ցոլացնէ մարդուն ներաշխարհը, տրամադրութիւնը հնչումներու միջոցաւ։ Ամէն ազգ ստեղծած է իր ինքնատիպ երաժշտութիւնը, որուն մէջ կայ իր ազգին հոգին։ Մեր ինքնութիւնը մեր երգին ու երաժշտութեան, մեր լեզուին ու մշակոյթին մէջն է։
Ուստի պահենք ու պահպանենք մեր տոհմիկ աւանդութիւնները, մեր ժողովրդին անգին ժառանգութիւնները եւ զանոնք փոխանցենք ապագայ սերունդին։
175 ամեակի առընչութեամբ ողջունելի է մեր սիրելի երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն գովելի յղացումը։
Անոնք՝ ընդառաջելով կարգադիր յանձնախումբիս հրաւէրին սիրով ու մեծ գոհունակութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ մօտեցան այս ձեռնարկին իրականացման, որուն համար յանձնախումբս կը յայտնէ խորին շնորհակալութիւններ։ Հպարտ ենք մեր սիրելի երիտասարդներով որոնք Տատեանի երդիքին տակ իրենց ուսման առընթեր ստացած արուեստի սէրն ու ճաշակը զարգացնելով դարձան արուեստագէտներ։
Յաջողութիւններ բոլորին՝ իրենց ընդգրկած ասպարէզին մէջ»։
Տատեանի այս միջոցառման մասնակցող երաժիշտներ ու երգիչներ հետեւեալներ են՝ Այգուն Խաչիկօղլու, Արթիւր Պաղտասարեան, Արի Պարութօղլու, Աւետիս Էօզտէմիր, Թաթիանայ Պօսթան, Լիտա Քէօսէօղլու, Հերա Տէմիր, Ճօրճ Շէքէր, Մելիսա Պոզթաշ, Մուրատ Իչլինալչա, Ռումինա Արման, Յակոբ Չավուշեան։
Միջոցառման կը մասնակցին նաեւ
Արի Հէրկէլ, Արտա Ույար, Թայիս Եըլտըզճը, Ռաֆֆի Տէրգէորգեան, Ռոպէր Տողանայ, Սայաթ Տալտալէ բաղկացող «Առագաստ» նուագախումբը։
Հանրածանօթ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ մարզուած պարախումբը եւս ելոյթ պիտի ունենայ այս խիստ շահեկան միջոցառման մէջ։
Իսկ Պաքըրգիւղի շրջանակներուն համար շատ հարազատ եւ նուիրեալ արուեստագէտ դերասան եւ բեմադրիչ Արամ Կոստանեան պիտի ստանձնէ հանդիսավարի պաշտօնը։
Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք Տատեանի հիմնադրութեան 175 ամեակի յոբելեանին ձօնուած այս միջոցառման։