ՎՐԷԺ ՔԱՍՈՒՆԻ
(Պատմուածք)
Գրչիս կպած կը տատամսիմ, գրե՞մ թէ չգրեմ... խնայե՞մ, թէ չէ։
Յետոյ անցայ առաջ։
Նոր թաղամասի մը մէջ նոր բնակարան մը վարձած էի, նոր թաղամաս, նոր հարեւաններ, նոր բակ եւ այլն...
Հարեւաններ, ոմանք հետաքրքրասէր,որոնց հայեացքը հոգիս կը մաշէ, ոմանք ալ այլ տեսակի հարեւաններ, որոնք ընդհանրապէս անտարբեր էին էութեանս հանդէպ, որը ինձ աւելի շատ կը նեղացներ քան առաջինը, ինչ որ է... Անցնինք առաջ։
Ինչպէս ամէն բակ մեր բակն ալ ունէր իր ծառը, ծաղիկը, ցայտաղբիւրը, ինչու չէ նաեւ շունն ու շուները։ Այդ բոլոր շուներուն մէջ ուշադրութեանս ամենաշատ արժանացած էր վճիտ հայեացքով վագրի տեսք ունեցող կատուի ձագ մը, որուն ակամայ «վագրիկ» կոչեցի։
Արտաքնապէս «վագրիկ», բայց ներքուստ վախկոտ ու ոչ մարդամօտ։
Նկատի ունենալով իմ մէջ առկայ կատուներու հանդէպ վաղեմի սէրը, անընդհատ տքնաջան կը փորձէի, որ թոյլ տար մօտենամ կամ առ նուազն ինքը մօտս գար, բայց ի զուր... Չէր պատահած, որ կատու մը դիմանար իմ ցուցաբերած վերաբերմունքին ու չգայթակղուէր։ Միշտ անվրդով կը մօտենային, շուրջս կը պտտուէին ու պոչերնին ոտքերուս քսելով իրենց գոհունակութիւնը կը ցուցաբերէին առ ի երախտագիտութիւն անվնաս ու ջերմ վերաբերմունքիս ու կը հեռանային։
«Վագրիկը» ի տարբերութիւն այլոց կը մերժեր, ու կը հակառակէր իմ կամքին, գուցէ նաեւ ինքն իր կամքին։ Ու այսպէս, ես իմ վրայ վերցուցի լուրջ պարտականութիւն մը, այն էր վագրիկին վստահութիւն սորվեցնել, որ կարողանամ յետոյ կերակրել, սիրել ու խաղալ իր հետ։
Ամէն անգամ, որ բակը կը մտնէի կը հանդիպէի «Վագրիկ»-ին, միշտ այնպիսի տպաւորութիւն կը թողէր, որ կարծես գիտնալով, որ իրմով հետաքրքրուող չկայ, ազատ ու անվրդով, բակին մէջ կը ցատկռտէր... Առ նուազն մինչեւ իմ մտնելս, եւ մեր այդ անակնկալ հանդիպման հետ միատեղ,նաեւ կը հանդիպէին մեր աչքերը։ Իրեն վառ կանաչ աչքերը, որը սեւ սուր գիծով գծուած լի էր եռանդով։ Սակայն հանգիստ կարող էի ընթերցել վախի ու անվստահութեան զգացումները անոր մանկական փայլուն հայեացքին մէջ, մեր հանդէպ եւ ընդհանրապէս մարդկութեան հանդէպ։ Ու խուճապի մատնուած կը սուրար թաքնուելու։
Բայց ես, ամէն անգամ իր թաքնուած խուցին դէմ վայրկեաններ, անգամ ժամեր անցնելով փսս-փսս-փսս-փսսս կանչելով, սկսայ կամաց-կամա՜ց անոր վստահութիւն սորվեցնել... Ի վերջոյ պէտք է կերակրել չ՞է։ Եւ օր մը կաթ, օր մը կտոր մը միսով համոզելով, ի վերջոյ յաջողեցայ անոր վստահութիւնը շահիլ եւ խուցէն դուրս հանել, ընդամէնը մէկ անգամ փսս կանչելով։
Ես արդէն գիտեմ, շատ քիչ մնացած է, որ զինք գրկեմ, շոյեմ, եւ նոյնիսկ կարծես թէ իմ պատճառով, սկսաւ անգամ բակի այլ բնակիչներէն ալ չվախնալ ու հանգիստ պտըտիլ... չ՞է որ նա իր «տանն» է կամ իր «բակի» մէջ է...
ժամանակը անցաւ եւ ձմեռ եկաւ...
Օրերը տապալեցինք ու անցանք առաջ։
«Վագրիկը» արդէն վարժ էր ինծի, անոր վստահութիւնը շահած էի։ Մինչեւ իմ դրան առջեւ գալով, դուռս ճանկռտելով, հաց, կաթ կամ կտոր մը միս ուզելու աստիճան ընտելացած էր ինձ։ Ես ալ իրեն ի հարկ է, նոյնիսկ իրաւունք ձեռք բերած էի զայն գրկելու... Բայց անշուշտ, ցանկացած վայրի կատուի մը նման, ինք կ՚որոշէր ժամկէտը գրկուած մնալու կամ գիրկէս փախնելու պահը...
Ի հպարտութիւն ինձ, երբ կը հանդիպինք՝ Վագրիկը այլեւս խուճապահար չի թաքնուիր, այլ հանդարտ ու համարեա ինքնավստահ պատրաստ զինուորի մը պէս լարուած, աչքին ծայրով կը հետեւի ոտքիս քայլերուն՝ առանց նոյնիսկ թիզ մը շարժուելու, մեծ զգուշութեամբ յանկարծակի շարժման իմ կողմէ։
Եւ ձմեռը կը շարունակուի... Ցուրտ ու մութ...
Բայց փառք տիրոջ, ձմրան երկար մառախուղային ցուրտ օրերը տապալելու ընթացքին, արեւը ժամանակ առ ժամանակ կը համաձայնի շնորհել մեզ իր ջերմ շողերը՝ թէկուզ շատ քիչ, ջերմացնելով մեր մաշկի շերտի տակ թաքնուած հոգին։
Այդպէսի օր մը, որոշեցի դուրս գալ ճեմելու։ Դուրս եկայ եւ տեսայ թէ ինքն ալ, Վագրիկը, իր կարգին գտած էր իր խաղընկերոջը, թաթերը թափ տալով ան կը փորձեր որսալ արեւաշաղը ներարձակուած իր աչքերի մէջ։
Ես որոշեցի չանհանգստացնել զինք, քանի որ ան չէր նկատած իմ ներկայութիւնը։
Մի քանի ժամ չանցած, կրկին սեւ ամպերու վարագոյրը ծածկեց արեւը՝ զրկելով մեր հոգիները այդ ջերմացնող շողքերէն։ Զգուշանալով գալիք պոռթկումէն, ներքաշուեցայ իմ բնակարանը, սպասելով ջերմագին արեւի բարի վերադարձին։ Փս-փս կանչելով, Վագրիկին ալ ներս հրաւիրելով, որ ապաստան գտնէ իմ տան շեմին, բայց ինչպէս միշտ, ան կը նախընտրեր իր սեփական խուցը։ Հազիւ նկատեցի անոր պոչի եզրը, նա արդէն խուցը մտած էր։
Անցաւ երեք օր, հազիւ, վերջապէս սեւ ամպերը հեռացան մեր երկինքէն եւ ես որոշեցի դուրս գալ ու վայելել արեւի համն ու շողերի բոյրը։
Շէնքի շեմից դուրս գալով, հեռուէն նկատեցի մեր չարաճճի Վագրիկը։ Մարմինը փռած էր գետին ու քնացած, ըստ երեւոյթին, երկար ցուրտ օրերից յետոյ, արեւի շողքերը զինք ուժասպառ թողած են։
«Սրիկայ Վագրիկ» մտքովս ըսի ու ժպտացի։ Եւ այսպէս, չցանկալով խանգարել՝ փորձեցի հեռուէն քայլել ու աչքիս ծայրով հետեւիլ անոր աչքերուն, սակայն ի տարբերութիւն իր բնաւորութեան, ան անտարբեր ու անշարժ էր, այնպէս որ ես սկսայ վիրաւորուիլ, ու սկսայ դիտմամբ աղմուկով քայլել, սակայն անտարբերութիւնը շարունակուեցաւ։ Ես արդէն լուրջ սկսայ նեղանալ այս անտարբերութենէն։ Ամենայնդէպս, զուսպ քայլերով փորձեցի մօտենալ իրեն, իսկ ան դեռ փռուած էր գետին, անշարժ։
Այսպիսի պահերու, ցանկացած կատու, ալ չըսեմ Վագրիկին մասին, արդէն շատոնց տեղէն ցատկած էր, կամ ճանչնալով մօտեցողին, սկսած էր շուրջս պտտուելով, պոչին ծայրով օղակներ նկարել...
Բայց ինչքան մօտեցայ, այնքան Վագրիկի անշարժ մարմինը աւելի ուժեղ սկսաւ քանդակուիլ ուղեղիս մէջ, եւ վախը մտաւ փորս...
Շատ չանցած հաւաստեցի սեւ մտորումներս ու հասկցայ թէ Վագրիկը այսօր արեւաշողերով հրապուրուած՝ լի էր սէրով, եռանդով ու... վստահութեամբ։ Նա առաջին անգամ ըլլալով վստահած էր ինչ որ մէկին...
Նա վերջին անգամ ըլլալով վստահած էր ինչ որ մէկին...
Եւ ձմեռը կը շարունակուի... Ցուրտ ու մութ...