Յարգելի ընթերցող, «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարքէն ներս տողանցեցին հարիւրաւոր բառեր, փոքրակազմ եւ պատկառելի, միավանկ եւ բազմանիստ։ Անոնք, ինչպէս սննդարար հողին ինկած սերմեր, աճեցան ու դարձան հայրենի մրգաստանի ընտիր մէկ ծաղիկը, եթէ չէ՝ կաղնին։ Կիսաթանկագին գոյականներ՝ «արծաթ», «քար» եւ «ապակի», ջանք թափեցին, որ ոսկիին, մարմարին եւ բիւրեղին համահաւասար գրական արժէք ունենան։ Աննիւթականներ, ինչպէս՝ «շունչ», «հոգի», «երգ»՝ հայ տաղասացներու շնորհիւ մարմին առին որպէս «սիրուհի», «գեղեցկուհի» եւ «Մարիամ Աստուածածին»։ Մինչդեռ, «թուղթ» բառը, որ նախապէս վայելուչ բառ էր ու արժանի էր սուրբերու եւ իշխաններու գրիչին, դարէ դար թաւալեցաւ ու արժեզրկուեցաւ։ Հետեւեալը, յարգելի ընթերցող, «թուղթ» բառի գահավիժումին մանրավէպն է։
Հայոց Ոսկեդար։ «Թուղթ» բառը գրաբարի մէջ ունի յարգալիր դիրք։ Ան գրական ընտիր երկ է։ Կը բնակի գրչութեան կեդրոն վանքերու մէջ։ Թանկագին եւ հազուագիւտ է «թուղթ» կոչուած իր նիւթի չափ։ Կարելի է ըսել, թէ ազնուականութեան եւ հոգեւոր դասի մենաշնորհն է։ Այդ օրերուն՝ «թուղթ»ը նամակ է, ուղերձ։ Ունի ճարտասանական բոյր, յղկուած լեզու։ Կը ներկայացնէ, կը վերլուծէ երկրի քաղաքական պատմութիւնը, ընկերային շարժումները, գիտական միտքը։ Պատմագրական սկզբնաղբիւր է ան, ինչպէս նաեւ լեզուական բիւրեղացում, հայոց մեծագոյն գրիչներու կողմէ մշակուած։ Առաջին «թուղթ»ը հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացին է ուղղած Վահան Մամիկոնեանին։ Տիտղո՞սն անոր։ «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան»։ Ապա եկան Ղազար Փարպեցին, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գօշը եւ Յովհաննէս Երզնկացին ու գրեցին «Թուղթ»եր։ Դուք կ՚ուզէ՞ք 11-րդ դարու Հայաստանը ճանչնալ։ Կարդացէ՛ք Գրիգոր Մագիստրոսի «թուղթ»երը։ 80 հատ են անոնք։ Նոյն ժամանակաշրջանի գրաբար հայերէնին կը պատկանին «առաքել թուղթ», «թուղթ աղաչանաց», «թուղթ ընծայական», «դանակ, կամ՝ հատիչ թղթոյ», «թուղթ տոմսակի», «թուղթ մագաղաթեայ», «թուղթ ճենաց» եւ «թուղթ դրոշմեալ» արտայայտութիւնները։ Մեր նախնիները երբ թուղթով գուշակութիւններ են կատարած, գործածեր են «հմայել թղթովք» դարձուածքը։ «Թուղթ» բառը տիտղոսն էր նաեւ միջնադարեան ականաւոր հեղինակութիւններու, ինչպէս՝ «Թուղթ ընդհանրական», «Դաշանց թուղթ», «Թուղթ առ Լեւոն», «Թուղթք քաղցրալուրք», «Գիրք մեկնութեան եօթն թղթոցն կաթուղիկէից»։
Ուշ միջնադարուն թուղթի մեծաքանակ արտադրութեան միջոցներ յայտնուեցան ու ան դուրս ելաւ ընտրանիի սեփականութենէն։ Կարելի է ըսել, թէ ան «ռամկացաւ», դարձաւ «ժողովրդավար»։ Այնուհանդերձ ունեցանք անոր բարբառային տարբերակները. թուխթ, թուխտ, թիւխդ, թօխթ եւ տուխտ։ Աստիճանաբար «թուղթ» բառը սկսաւ նշանակել վաճառատան արժետոմս, գրքի թերթ, դիմում, իրար հետ հիւսուած բուսական մանրաթելերու նուրբ շերտ, նոյնիսկ՝ մօտ 50 կրամ ծանրութեամբ կշռաքար եւ խաղաթուղթ։ Ըստ երեւոյթին, վերջինը այնքան կլանեց մեր ժամանակը, որ ունեցանք անոր նուիրուած տասնեակ մը բարդ բառեր եւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ թղթախաղամոլ, թղթախաղատուն, հզօր թուղթ, թուանիշ թուղթ, անզօր թուղթ, խառնել զթուղթս, բաժանել զթուղթս, ցուցնել զձեռինն թղթոց, խարդախելի խաղ թղթի։
1700-ականներու երկրորդ կէսին հայկական հողի վրայ սկսանք թուղթ արտադրել, արդիական իմաստով, ու ծնունդ առաւ նոր արտայայտութիւններու հարստութիւն մը- թուղթ բանալ, թուղթ մրոտել, թուղթ նայիլ, թղթին յանձնել։ Ունեցանք նաեւ դրոշմաթուղթեր հաւաքելի, թղթադրամներ ներկայանալի, թղթապանակներ գիրուկ, թղթակցութիւններ գաղտնի եւ սիրային, թղթակազմ գիրքեր, թղթագործ վարպետներ, թղթագուշակներ խորհրդաւոր, թղթահմայութիւններ կախարդական, թղթադանակներ փղոսկրեայ, թղթադէզեր կամ՝ թղթակոյտեր խմբագիրներու գրասեղաններու վրայ բարձրացած։ Պարզ ու անմիջական մարդոց ալ կոչեցինք՝ «պարզ թուղթի պէս»։ Պատերազմի օրերուն յայտնուէր թուղթերու ամենէն տխուրը՝ «սեւ թուղթ», զոհուածի մասին սեւ շրջանակով թուղթի վրայ գրուած ծանուցում։ Իսկ, երբ «թուղթ» եւ «թանաք» բառերը քով քովի եկան, անկում մը եւս տեղի ունեցաւ- ցածրորակ, անարժէք եւ թոյլ ստեղծագործութիւնները կոչեցինք «թուղթ ու թանաք», Եղիշէ Չարենցի դժգոհած տեսակը.
Երգում է, տե՛ս, գիշեր ու զօր,
Պոետների մի ողջ բանակ,
Սակայն երգեր քիչ կան այսօր,
Այլ կայ յաճախ թուղթ ու թանաք։
1878 թուականին Պերլինի մէջ մեր լեզուն ստացաւ նոր մէկ դարձուածք- «թղթէ շերեփ» ու սորվեցանք, թէ մեր ազգի կարեւորագոյն հարցերը չեն լուծուիր աղերսագրերով։ «Թուղթ» բառը 1892 թուականին Արշակ Չօպանեանի շնորհիւ Պոլսոյ մէջ դարձաւ հոգեբանական վիպակ՝ «Թուղթի փառք»։ Նոյն օրերուն «թուղթ» բառը վերապրեցաւ հին օրերու փառքը՝ դարձաւ ընտիր հատոր, «Բանասիրական թղթակցութիւնք Օրմանեան եւ Սարգիսեան վարդապետներու հետ»։ Ապա հայոց լեզուն ճանչցաւ կծու դարձուածք մը, «թուղթի վրայ մնալ»։ Այդպէս ալ կոչուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը- «Սեւր. Դաշնագիր մը որ մնաց թուղթի վրայ»։ Հասկցանք, թէ կան «թղթէ բարեկամութիւններ»։
20-րդ դար։ Երկու գիրք եւ երկու բանաստեղծութիւն։ Ահա «թուղթ»ի ժամանակակից պատմութիւնը։ Նախ յիշենք Վահան Թոթովենցի «Հրկիզուած թղթեր»ը եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը։ Գալով Չարենցին։ Ան բառին շնորհեց երկու քնարական բոյր. «Թուղթ Ակսել Բակունցին» եւ «Թուղթ բանաստեղծ բարեկամիս՝ N.N.-ին, գրուած Երեւանից»։ Իսկ օր մը, 1959 թուականն էր, «թուղթ» բառը մարդացաւ։ Պարոյր Սեւակի խօսքերն են.
Ռետին չեմ - թուղթ եմ
... թղթի եմ նման,
Քաշես՝ կը պատռես,
Ճմըռթես՝ պրծա՜ւ...
Վերջապէս թուղթը համարուեցաւ անարգանք։ Ծնունդ առաւ «թուղթ շպրտել» դարձուածքը ու մամուլի մէջ յայտնուեցաւ այսպիսի մէկ խորագիր. «Ռոման Բաբայեանը թղթեր է շպրտել լեհ լրագրողի երեսին»։ Վերջին հարուածը եկաւ հեռատեսիլի գովազդի ձեւով. «Այժմ աւելի փափուկ», «Եռաշերտ եւ հոտաւէտ», «Փափուկ եւ ամուր»... Այո, թուղթի նորագոյն բառակապակցութիւնն է, որ կը ծանուցանէին՝ «պէտքարանի թուղթ»։
Իսկ ի՞նչ էր անոր ստուգաբանութիւնը։ Աճառեանը պատասխան մը ունի. լատինական փոխառութիւն է, titulus բառի տառափոխուած ձեւը։ Բուն նշանակած է՝ արձանագրութիւն, գիր, պիտակ, վերտառութիւն։ Բայց յիշենք, թէ Ռուբէն Հախվերտեանը պարզ թուղթի սրտով մօտեցաւ անոր ու «թուղթ» բառը յիշուեցաւ երգի մը մէջ.