ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Արդի անունով Իզմիր, պատմական եւ հայեցի անունով ալ Զմիւռնիա։ Չեմ կրցած գուշակել յստակ պատճառ մը, բայց այս քաղաքի անունը ամէն անգամ որ լսեմ, յատուկ հրճուանք մը, ուրախութիւն մը կը պատէ զիս։ Մանաւանդ վերջին տասը տարիներուն բազում անգամներ այցելած եմ այս քաղաքը, որ իր մէջ բաւականին թախծոտ պատմութիւն մը կը պահէ։ Տեղացի ժողովուրդը մազապուրծ փրկուած է հրոսախումբի ձեռքէն, նաւերով հեռացած է դէպի Յունաստան եւ հոն նոր կեանք կերտած միշտ յիշելով իր հայրենական երկիրը։ Այդ է պատճառը, որ ներկայ Յունաստանի մէջ բազմաթիւ բնակավայրեր կը յիշուին Իզմիրի երբեմնի անուններով, միշտ ունենալով «Նէա» մակդիրը։ «Նէա Սմիրնի», «Նէա Ֆոքա» եւ այլն։ Սակայն այդ նոյն Իզմիրը ունի այլ յատկութիւններ ալ։ Մանաւանդ իզմիրցին ի դէմ պաշտօնական պատմութեան թելադրած թշնամանքի բաւական համերաշխ է իր անցեալի պատմութիւնով։ Այս անգամ մեզ դէպի Իզմիր առաջնորդող գլխաւոր ազդակը այս քաղաքի մէջ կազմակերպուած «Գաղթականութեան ֆիլմերու փառատօն»ն էր։ Այս ընդհանուր խորագրի ներքեւ տեղական կամ արտասահմանեան 21 ֆիլմեր ցուցադրուեցան 17-20 Ապրիլ թուականներու միջեւ։ Անոնցմէ մէկ մասը կարճամեթրաժ էին, իսկ մէկ մասը երկար տեւողութեամբ գեղարուեստական ֆիլմեր։ Փառատօնը կազմակերպուած էր Իզմիրի մէջ գաղթականներու օգնելու համար հիմնուած «Ժողովուրդներու կամուրջը» միութեան կողմէ։ Միութիւնը այս ընդհանուր խորագրին մէջ կը կատարէ շատ կարեւոր առաքելութիւն մը։ Ան բացի գաղթականներու անմիջական կարիքներէ կը հետաքրքրուի նաեւ անոնց գեղարուեստական արտադրութիւնով։ Իրականութեան մէջ մենք գաղթական բառի նշանակութեան մէջ կը նոյնացնենք զանգուած մը, որ իրականին կը բաղկանայ զանազան յատկութիւններով օժտուած անհատներէ։ Մարդիկ պատերազմի պայմաններու բերումով կորսնցուած են ո՛չ միայն իրենց տուները, քաղաքները, այլ նաեւ կորսնցուցած են մասնագիտութիւններ եւ ասպարէզներ։
Կինօ փառատօնը ահա այդ կորուստները, կորսուածները, փճացածները տեսանելի դարձնելու բազմաթիւ կարողութիւններ ունէր։ Քանի կը քերթէինք գաղթական ընդհանրացումը, կը յայտնուէր անհատը իր զանազան հոգերով։
Փառատօնի բացումը տեղի ունեցաւ 17 Ապրիլի երեկոյեան Իզմիրի Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այստեղ նախ խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէնուհի Գարոլին Տաւիթ։ Յայտնեց իր գոհունակութիւնը այդ երդիքին տակ նման միջոցառում մը հիւրընկալելու առթիւ։ Ապա ուղերձով մը ներկայացաւ Ժողովուրդներու կամուրջ միութեան հիմնադիր ատենապետ, վիրահատ փրոֆ. Ճեմ Թերզի։ Ան հակիրճ տողերով ծանօթացուց միութեան ծաւալած աշխատանքները եւ այդ ծիրէն ներս գաղթականներու ֆիլմի փառատօնին նշանակութիւնը։
Նաեւ ցուցադրուեցաւ Միրալ Քիլօ եւ Համան Հալիմէի նկարահանած «Վեկերին» (վերադարձ) անուն կարճամեթրաժ ֆիլմը։
Յաջորդ օր պարսիկ կինօ-ռեժիսոր Պահման Կոպատիի «Կրեաներն ալ կը թռին» ֆիլմը մեծ տպաւորութիւն գոյացուց հանդիսատեսի վրայ։ Կոպատի մեծ յաջողութեամբ կը ցոլացնէր պատերազմի սարսափը, նիւթ ունենալով անչափահասներու մատնուած սոսկալի տառապանքը։
Այդ օրուայ ցուցադրուած ֆիլմերու շարքին էր Արիս Նալճը եւ Էրհան Արըքի համատեղ աշխատանքով արտադրուած «Աւթոպուս» ֆիլմը «Աւթոպուս» նիւթ կ՚ունենար աշխատանք ապահովելու համար Իսթանպուլ եկած հայաստանցիներու դէպի երկիր վերադարձի 36 ժամուայ ճամբորդութիւնը։ Այդ ճամբորդութեան ընթացքին հանդիսատեսը կը ծանօթանայ այս գծի վրայ երթեւեկող վարորդներու, աւթոպուսի մատուցողներու եւ ճամբորդներու ապրումներէն դրուակներու։ Վաւերագրական այս ֆիլմը լուրջ հետաքրքրութիւն արթնցուց հանդիսատեսին մօտ, քանի որ անոնց առջեւ կը բացուէր նուազ ծանօթ իրականութեան մը դռները։
Կազմակերպիչներ կը յայտնեն, թէ գաղթականաց ֆիլմերու փառատօնը պիտի վերածուի աւանդութեան եւ յառաջիկայ տարիներուն պիտի կրկնուի հետզհետէ աւելի հարստացած ֆիլմացանկով։ Պարտինք նշել, որ ինչպէս միութեան բոլոր աշխատութիւնները, այս փառատօնն ալ ի կատար բերուած էր միութեան անդամներու եւ համակիրներու սիրայօժար եւ սիրողական ջանքերով։ Թերեւս յաջողութեան կախարդն ալ պէտք էր տեսնել ճիշդ այդ սիրողական սկզբունքին ու նուիրումին մէջ։