Հրդեհ՝ որ Փարիզը սուգի մատնեց

Փարիզի խորհրդանշական շինութիւններէն էր Նոթր Տամի տաճարը, որ հրդեհի մը զոհը գնաց 15 Ապրիլի երեկոյեան։

13-րդ դարու թուարկուած տաճարը անցնող 8,5 դարերու ընթացքին բազմաթիւ գրական գործերու ալ նիւթ դարձած էր։ Անոնց մէջ ամենակարեւորն է «Նոթր Տամի կուզը», որուն մէջ Քուազիմոթոյի կերպարը ծանօթ դարձած էր համաշխարհային գրասէրներու համար։ Հիւկոյի այդ գործը թարգմանուած է աշխարհի զանազան լեզուներուն եւ հասած բոլոր երկիրներ։

Եկեղեցին վերանորոգման աշխատանքի մէջ էր եւ հրդեհէն հազիւ քանի մը օր առաջ փոխադրուած էին տանիքը զարդարող քանդակները։

Աղէտի աւարտին եկեղեցւոյ տանիքը ամբողջովին վնասուեցաւ, քանի որ հրշէջները շատ դժուարացան ամբողջ շէնքը պատող բոցերուն դէմ պայքարելու ժամանակ։

Եկեղեցւոյ հրոճարակ դառնալը սուգի մատնեց բոլոր փարիզեցիները, քանի որ ան Սաքրը Քէօրի տաճարի, Էյֆելի աշտարակի եւ այլ քանի մը շինութիւններու հետ միասին շատ երկար տարիներէ ի վեր դարձած էր քաղաքի խորհրդանշանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ