Աւագ Շաբաթ եւ Զատիկ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Աւագ շա­­­բաթը Մեծ Պահ­­­քի վեր­­­ջին շա­­­բաթն է, որի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր օրն ու­­­նի իր խոր­­­հուրդը, անու­­­նը, ծէ­­­սը, «կի­­­րակի»-ն։ Օրե­­­րը հիմ­­­նա­­­­­­­կանէն յայտնի են այս անուննե­­­րով.

«Քոռ եր­­­կուշաբ­­­թին, Պաս երեք­­­շաբթին, Չիք չո­­­րեք­­­շաբթին, Աւագ հինգշաբ­­­թին,Հու­­­թի ուրբաթ օր, Զատ­­­կի շա­­­բաթ օր՝ Սուրբ Հա­­­ղորդման օր, Քիւֆթի կի­­­րակի»։

«Քոռ» (Շի­­­րակում՝ «Սեւ», Գե­­­ղար­­­քունի­­­քում՝ «Հու­­­շիկ, յու­­­շիկ») եր­­­կուշաբ­­­թին ցո­­­րեն աղա­­­լու, այ­­­դու՝ ջա­­­ղաց­­­պաննե­­­րի օրն էր։

«Պաս» (Շի­­­րակում՝ «Շիլ», Գե­­­ղար­­­քունի­­­քում՝ «Քար­­­քա­­­­­­­շիկ») երեք­­­շաբթին «յի­­­մար-իմաս­­­տունի» օրն էր. բո­­­լորը եկե­­­ղեցի կը շտա­­­պէին՝ վի­­­ճակ հա­­­նելու. հինգ թղթի վրայ «իմաս­­­տուն» բա­­­ռը կը գրէին, միւս հնգի վրայ՝ «յի­­­մար», ապա տաս երա­­­խայ կը կանգնեց­­­նէին, իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրի ձեռ­­­քին՝ մէ­­­կական թուղթ։ Փա­­­փաք ու­­­նե­­­­­­­ցողը մտքում իղ­­­ձը պա­­­հելով՝ մատ­­­նա­­­­­­­ցոյց կ՚ընէ երե­­­խուց մէ­­­կին. թէ «իմաս­­­տուն» ըն­­­կաւ, նշան է, որ իղ­­­ձը պի­­­տի իրա­­­կանա­­­նայ, «յի­­­մար»-ը տա­­­պալում կը նշա­­­նակէ։

«Չիք» չո­­­րեք­­­շաբթին չա­­­րը, կեղ­­­տը, ցա­­­ւը, չա­­­րաչ­­­քը վե­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու, չքե­­­լու օրն էր։ Այդ օրը օջա­­­խի կրա­­­կը չէր մա­­­րեր. հարկ էր ափ­­­սէ­­­­­­­ները լո­­­ւանալ, գո­­­մը մաք­­­րել, ուխտի գնալ որե­­­ւէ սուրբ վայր, ուր պի­­­տի ձգէին իրենց ցա­­­ւերը։ Նոյն նպա­­­տակով Կար­­­նոյ հա­­­յերը կէս­­­գի­­­­­­­շերին «ցա­­­ւիս վերջ» կ՚ըսէին եւ մինչ միւս օրո­­­ւայ ժա­­­մեր­­­գութիւ­­­նը լուռ կը մնա­­­յին։

Սրբա­­­վայ­­­րէն բուռ մը հող կը բե­­­րէին, ջրի մէջ կը լու­­­ծէին եւ խմել կու տա­­­յին դստե­­­րին, որ­­­պէսզի նրանք շուտ ամուսնա­­­նան։ «Խու­­­րուկ» կամ «նո­­­ւակ» խո­­­տը կ՚ու­­­տէին, որ­­­պէսզի պա­­­սի վերջ մարմնում մնա­­­ցած նշի չափ ճար­­­պը հա­­­լուի, չքո­­­ւի-գնայ։

«Չքի աչ­­­քը հա­­­նելու հա­­­մար» քա­­­նի մը ձու կը ներ­­­կէին, իսկ որ­­­պէսզի «բա­­­նը կի­­­սատ-պռատ չմնար, ոչ ալ իրենց բախ­­­տը ու­­­րի­­­­­­­շին գնար« եղունգնե­­­րի մէջ­­­տե­­­­­­­ղէն գիծ կանցնէին։

Չիք չո­­­րեք­­­շաբթի յատ­­­կա­­­­­­­պէս կ՚աշ­­­խուժա­­­նային ամէն տե­­­սակ չարք ու սա­­­տանայք։ Ալ­­­քե­­­­­­­րի ու ման­­­կա­­­­­­­գող այ­­­լե­­­­­­­ւայլ չար ոգի­­­ներու ներ­­­գործու­­­թե­­­­­­­նէ խու­­­սա­­­­­­­փելու հա­­­մար ծննդկա­­­նի վեր­­­մա­­­­­­­կին ասեղ­­­ներ կը շա­­­րէին եւ ար­­­թուն կը հսկէին։

Սա­­­տանա­­­ներէն ազա­­­տուե­­­լու հա­­­մար զա­­­ռիթա­­­փերում փայտ կը վա­­­ռէին։ Գի­­­շերը մա­­­սերուն թուփ կամ ճիւ­­­ղեր տուն կը տա­­­նէին, որ­­­պէսզի փշե­­­րը պա­­­տառո­­­տեն գի­­­սաւոր սա­­­տանա­­­ներին։

Չիք չո­­­րեք­­­շաբթին վնա­­­սատուննե­­­րին «աղալ-չքել»-ու օրն էր։ Եր­­­կու քար մի­­­մեանց կը շփէին՝ ար­­­տա­­­­­­­սանե­­­լով.

«Չիք, չիք, մոկ­­­նը չիք, Չիք, չիք լուն չիք, Չիք, չիք, կա­­­րիճը չիք, Չիք, չիք, օձը չիք, Չիք, չիք, չա­­­րակա­­­մը չիք, Չիք, չիք, հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը չիք…»։

Մէ­­­կը կը բարձրա­­­նար կտու­­­րը, քար մը եր­­­դի­­­­­­­կի շուրջ կը պտը­­­տեց­­­ներ ու ձայն կու տար ցա­­­ծի մարդկանց. «Աղամ, աղամ, ի՞նչն աղամ»։ Ասոնք կ՚ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­քէին. «Մուկն աղա՜…»։ Նո­­­րէն ձայն կը հնչէր. «Աղամ, աղամ, ի՞նչն աղամ», - «Քունջ ու պու­­­ճա­­­­­­­խի տա­­­կերն աղա՜», «Օձն ու կա­­­րիճը աղա՜», «Գայլն ու աղուէսը աղա՜…»։

Աւագ հինգշաբ­­­թին ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, առա­­­տու­­­թեան օրն էր։ Մեծ Պա­­­սի ըն­­­թացքում հա­­­ւաքո­­­ւած սերն ու մա­­­ծու­­­նը կը լցնէին խնո­­­ցին, խնո­­­ցու վրայ գեր երա­­­խայ կը նստեց­­­նէին՝ նրա չափ կա­­­րագ ստա­­­նալու հա­­­մար, եր­­­կա­­­­­­­թէ խաչ կը պա­­­հէին՝ չար­­­քե­­­­­­­րին վա­­­խեց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար եւ կը հա­­­րէին կա­­­րագը. չնա­­­յած պաս օր էր, այ­­­սօր ըն­­­դունե­­­լի էր։

Գլուխ չէին լո­­­ւանար եւ օճառ չէին գոր­­­ծա­­­­­­­ծեր, որ չգժո­­­ւեն ու կսկիծ չտես­­­նեն։ Կ՚եր­­­թա­­­­­­­յին դաշ­­­տե­­­­­­­րը եւ նոր ելած կա­­­նաչի կ՚ու­­­տէին։

Ծա­­­ռերի կը սպառ­­­նա­­­­­­­յին, իբր եթէ բերք չտայ, կը կտրեն, մին­­­չեւ որե­­­ւէ մէ­­­կը ծա­­­ռի փո­­­խարէն կը խոս­­­տա­­­­­­­նար, որ ծա­­­ռը բերք կու տայ։

Ոտնլո­­­ւայի ծէ­­­սին կա­­­րագ կը քսէին աչ­­­քե­­­­­­­րին, ձեռ­­­քե­­­­­­­րին, ոտնլո­­­ւայի ջու­­­րը կը խմէին վա­­­խը վե­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Տղա­­­քը գի­­­շերը կը մա­­­րէին մո­­­մի լոյ­­­սե­­­­­­­րը եւ աղջկանց փէ­­­շերը ծա­­­ծուկ մէկ­­­մէ­­­­­­­կու կա­­­պելով՝ կը զո­­­ւար­­­ճա­­­­­­­նային, աղ­­­ջիկնե­­­րին կը համ­­­բուրէին։

«Հու­­­թի» («Ու­­­թի», «Յու­­­դի», «Յու­­­դա­­­­­­­յի») ուրբա­­­թը սգի՝ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չուե­­­լու օրն էր։ Ուստի գի­­­շերը եկե­­­ղեցում էին՝ ջա­­­նալով ար­­­թուն մնալ սգի, աղօթ­­­քի, խոկ­­­ման մէջ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ասո­­­ւել էր. «Ար­­­թուն կա­­­ցէ՛ք»։

Յու­­­դի ուրբա­­­թը բա­­­զում «կի­­­րակի»-նե­­­րի օր էր. «ծունր չդնել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սը խա­­­չին է, խաչ չհա­­­նել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սը խա­­­չուած է, դրամ փոխ չտալ եւ չառ­­­նել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սը դրա­­­մի հա­­­մար է մատ­­­նո­­­­­­­ւած, մուրճ չբա­­­նեց­­­նել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ մուրճով են բե­­­ւեռել Տի­­­րոջը, փայտ չտա­­­շել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չափայ­­­տը տա­­­շել են, մազ չհիւ­­­սել՝ գլխա­­­ցաւ չու­­­նե­­­­­­­նալու հա­­­մար»։

Սա­­­կայն ամե­­­նէն խորհրդա­­­ւոր ծէ­­­սը հայ դար­­­բիննե­­­րուն էր. այն կը սկսէր գի­­­շերը, երբ նրանք, կանգնած մէկ ոտ­­­քի վրայ եւ լռու­­­թեան ուխտ պա­­­հելով, 7 ամ­­­րո­­­­­­­ցէն բե­­­րուած եր­­­կա­­­­­­­թով, որ «ան­­­ժը­­­­­­­մի» կը կո­­­չուէր, կը պատ­­­րաստէին «ուրբա­­­թաթուր» հմա­­­յիլ­­­նե­­­­­­­րը՝ մա­­­տանի­­­ներ, ապա­­­րան­­­ջաններ, կե­­­ռեր, փոք­­­րիկ օղեր, որոնք չար աչ­­­քի դէմ էին։

Իսկ առ­­­տու կա­­­նուխ նրանք ան­­­խօս կը գնա­­­յին դարբնոց եւ երեք կամ եօթ ան­­­գամ մուրճով կը հա­­­րուա­­­ծէին զնդա­­­նին, որ­­­պէսզի Ար­­­տա­­­­­­­ւազդ թա­­­գաւո­­­րի շղթա­­­ներն ամ­­­րա­­­­­­­նան։

Ապա կը գայ «Զատ­­­կի» շա­­­բաթը, որ զատ­­­կա­­­­­­­կան տօ­­­նախմբու­­­թիւննե­­­րի պատ­­­րաստման օրն էր։ Ար­­­դէն երե­­­կոյեան կը սկսէ բուն Զա­­­տիկը, դեռ արե­­­ւը մայր չմտած մար­­­դիկ կը թա­­­թախո­­­ւին, կ՚ող­­­ջունեն «Աթար»-ի կի­­­րակին, որ մա­­­տաղ՝ աթար, մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­լու, տնօրհնէք կա­­­տարե­­­լու, ձո­­­ւախա­­­ղերի, «ող­­­ջումաղ­­­բեր»-նե­­­րի, գու­­­շա­­­­­­­կու­­­թիւննե­­­րի, երգ ու պա­­­րի օր է. Զա­­­տիկ է՝ Սուրբ Յա­­­րու­­­թեան տօ­­­նը.

«ՔՐԻՍ­­­ՏՈՍ ՅԱ­­­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­­­ՌԵԼՈՑ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱ­­­ՐՈՒ­­­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ