ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Մինչեւ Ի. դարու սկիզբները Թուրքիոյ տարածքին կը գործէին աւելի քան երկու հազար եկեղեցիներ եւ վանքեր։ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք մշակութային ժառանգ համարուած այդ տաճարներն ալ բաժնեցին իրենց ժողովուրդի ճակատագիրը։ Պետութիւնը ժողովուրդը բնաջնջելէ վերջ կը վերացնէր նաեւ անոնց յիշատակը։
Այս ծիրէ ներս վերջին տխուր լուրը կը հասնէր Էլազըղ քաղաքէն։ Հիմնադրութիւնը Զ. դարուն թուագրուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցին տարածաշրջանի կարեւորագոյն վանական համալիրներէն էր։ Ժողովուրդէն զրկուած եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր գանձախոյզներու թիրախը դարձած էր։ Աւազակները կը փորէին յատկապէս սիւներու կանգնած կէտերը եւ կ՚իջնէին մինչեւ շէնքին հիմքը։
Էլազըղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին առաջին անգամ 1986-ին գրանցուեցաւ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ 2009-ին եկեղեցւոյ գտնուած Շահինքայա գիւղի գիւղապետ Ֆեւզի Կիւվենչ եկեղեցին պահպանելու պահանջով դիմում կատարեց Մշակոյթի նախարարութեան Տիարպէքիրի մշակութային ժառանգի պահպանման շրջանային տնօրէնութեան։
ՉԷՔԻՒԼ հիմնարկի Էլազըղի ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Պալապան 2011 թուականէն սկսելով բազում անգամներ դիմում կատարած է նոյն տնօրէնութեան, եկեղեցւոյ մէջ գանձ փնտռողներուն դէմ պատժամիջոց ապահովելու համար։ Ան նոյն պահանջով դիմած է նաեւ Էլազըղի կուսակալութեան եւ Էլազըղի Մշակոյթի տնօրէնութեան։
Մուսթաֆա Պալապան «Ակօս»ին կը յայտնէ, թէ պատասխանատուները բաւարարուած են եկեղեցւոյ շրջափակը փշաթելերով պատելով։ «Այժմ եկեղեցւոյ տանիքը փուլ եկած է։ Եկեղեցին խնամելու պատասխանատուութիւն ստանձնողները թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ»։
Մշակութային ժառանգի պահպանման միութիւնը 2016-ին ուսումնասիրած էր Էլազըղի պատմամշակութային շինութիւնները։ Ճարտարապետ Ալին Փոնթիօղլուի պատրաստած տեղեկագրին մէջ եկեղեցին կը ներկայացուի իբրեւ տարածաշրջանի կարեւորագոյն շինութիւնը։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցին զանազան վերանորոգութիւններ տեսած է։ Վերջին անգամ 1895-ին Կարապետ Կիւլպէնկեանի ջանքերով ան կը գործէր որպէս վանք եւ որբանոց։ Շէնքը մինչեւ Ի. դարու կէսերուն բաւական խնամեալ վիճակի մէջ էր իր պտղատու այգիներով հանդերձ։
Փոնթիօղլուի տեղեկագրին մէջ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուէր շէնքի մատնուած վնասները եւ կ՚ազդարարուէր շուտափոյթ միջամտութիւն։