Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայիոս եկեղեցիին պատկանող հողատարածքը անցեալին պետականացուած էր ճանապարհաշինութեան համար։ Եկեղեցին այս առումով դատ բացած էր Իսթանպուլի մայր քաղաքապետարանի դէմ։ Այս մասին ՎԱՏԻՓ հարթակի ընդհանուր քարտուղար եւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ խորհրդատու Յարութիւն Շանլը յայտնեց թէ դատական գործընթացը աւարտած է եկեղեցւոյ ի նպաստ։ Դատարանը վճռած է 24,4 միլիոն ԹԼ.-ի հատուցում մը վճարել եկեղեցւոյ։
Շանլը կը յուսայ թէ թղթաբանութիւնները կ՚աւարտին յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին եւ գումարը կը փոխանցուի եկեղեցւոյ պանքայի դրամահաշուին։ Նշենք որ, Պէյքոզի եկեղեցին նախորդ տարի ուրիշ մէկ կալուածին համար եւս ստացած էր կարեւոր գումար մը։