ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
miran.manukyan@gmail.com
2016-ին Կրօնական ժողովի որոշումով Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Բ. հանգստեան կոչուեցաւ, ժողովը տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանը։ Պէքճեան սրբազան 2018-ին, երբ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը պատրիարքի կենդանութիւնը պատճառաբանելով մերժեց տեղապահի հանգամանքը, վերադարձաւ Գերմանիա։
Սրբազան Պէքճեան վերջին զարգացումներու մասին «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Այժմ կը հետեւիմ գործընթացին։ Յայտարարուած է, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման 40-էն ետք ընտրման աշխատանքները պիտի սկսին։ Որ պայմաններու տակ պիտի ընդանան այդ աշխատանքները տեղեակ չեմ։ Իմ տեղապահութեան շրջանին նամակներ ղրկած էինք բոլոր թեկնածուներուն։ Անոնցմէ ոմանք պատասխանեցին, իսկ ոմանք ոչ։ Այդ ցանկը Պատրիարքարանն է եւ կը կարօտի վերատեսման։ Եթէ արդար ընտրութիւն մը պիտի կայանայ, որ ես կասկած ունիմ, պէտք է թեկնածութեան իրաւունք ունեցողներուն դարձեալ նամակով դիմել։ Սխալ պիտի ըլլայ մէկուն գրել, իսկ միւսին չգրելու հաւանականութիւնը։ Պատրիարքական փոխանորդի ընտրութեան ժամանակ Արամ սրբազան առանձինն ներկայացած էր եւ ոչ մէկուն դիմում կատարած։ Արդար ընտրութիւնը կը կարօտի բծախնդիր աշխատանքի»։
«Ակօս»ի իր թեկնածութեան մասին հարցումն ալ պատասխանելով նշեց, թէ շատ կանուխ է այս մասին խօսելու համար։ «Ես Գերմանիա վերադարձած ժամանակ չէի հրաժարած տեղապահութեան պաշտօնէն։ Եթէ տեղապահի խնդիրը դարձեալ օրակարգի գայ եւ ինծի դիմում ներկայացուի ես պատրաստ եմ ինծի վիճակած պաշտօնը կատարելու» ըսաւ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան։