Արեւմտահայերէնի արդիականացման նոր միջոց

Վերջերս ուշադրութեամբ կը հետեւէինք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, որոնք կը միտէին համաշխարհային հանրագիտարանի բնոյթով գործող Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն տարբերակը պատրաստելու։ Այժմ «Ասպարէզ»ի էջերէն քաղելով մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք աւարտած աշխատանքի մանրամասնութիւնները։

Երկար սպասումէ ետք, 1 Ապ­­­րիլ, 2019-ին Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիան օժ­­­տո­­­­­­­ւեցաւ իր առան­­­ձին յղու­­­մով՝ hyw.wikipedia.org (url)։ Այս կար­­­գա­­­­­­­նիշին մի­­­ջոցաւ կա­­­րելի է այ­­­ցե­­­­­­­լել Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի առ­­­ցանց հար­­­թա­­­­­­­կը։

Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի առան­­­ձին հար­­­թակ դառ­­­նա­­­­­­­լու նպա­­­տակին նպաս­­­տե­­­­­­­ցին Ուի­­­քիմե­­­տիա Հա­­­յաս­­­տան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը եւ «Գա­­­լուստ Կիւլպէն­­­կեան» հիմ­­­նադրա­­­մը, որոնք անցնող տա­­­րինե­­­րուն ըն­­­թացքին ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիան ու հո­­­վանա­­­ւորե­­­ցին անոր նա­­­խագի­­­ծերը։

2014 թո­­­ւակա­­­նէն ի վեր Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի շուրջ հա­­­մախմբուած են հա­­­րիւր յի­­­սու­­­նէ աւե­­­լի կա­­­մաւոր խմբա­­­գիր­­­ներ, որոնք պար­­­բե­­­­­­­րաբար մաս­­­նակցած են վե­­­րապատ­­­րաստման դա­­­սըն­­­թացքնե­­­րու։ Այ­­­սօր ար­­­դէն իսկ ու­­­նինք 7500-է աւե­­­լի արեւմտա­­­հայե­­­րէնով յօ­­­դուած­­­ներ, որոնք տե­­­ղակա­­­յուած են Արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի բա­­­ժան­­­մունքին մէջ եւ շու­­­տով պի­­­տի տե­­­ղափո­­­խուին Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի հար­­­թա­­­­­­­կը։ Մեր մար­­­տահրա­­­ւէրը պի­­­տի ըլ­­­լայ այս թի­­­ւը օրէ օր աւելցնել եւ որա­­­կը բարձրաց­­­նել։

Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիա ազատ հան­­­րա­­­­­­­գիտա­­­րանին նպա­­­տակը եղած է ու կը մնայ հայ­­­թայթել բազ­­­մա­­­­­­­պիսի եւ բազ­­­մա­­­­­­­բովան­­­դակ՝ հայ­­­կա­­­­­­­կան եւ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին, յօ­­­դուած­­­ներ՝ այսպի­­­սով կա­­­րեւոր ներդրում ու­­­նե­­­­­­­նալով արեւմտա­­­հայե­­­րէնի առ­­­ցանց զար­­­գացման ուղղու­­­թեամբ։

«Կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի Ուի­­­քի հա­­­մայնքը եւ արեւմտա­­­հայե­­­րէն խօ­­­սող մեր հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րը», ըսաւ Ուի­­­քիմե­­­տիա Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի նա­­­խագահ Սու­­­սաննա Մկրտչեան։ «Այս իս­­­կա­­­­­­­պէս կա­­­րեւոր քայլ մըն է՝ արեւմտա­­­հայե­­­րէնը ներ­­­մուծե­­­լու ժա­­­մանա­­­կակից ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու մէջ եւ անոր տա­­­լու նոր շունչ ու նոր եռանդ»։

«Այս ու­­­րախ առի­­­թով, մե­­­ծապէս շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը յայտնենք Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի բո­­­լոր կա­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րուն ու խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն։ Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն բո­­­լոր անոնց, որոնք սա­­­տարե­­­ցին ու կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն սա­­­տարել սոյն աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին իրա­­­կանաց­­­ման», յայտնեց Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիա նա­­­խագի­­­ծին հա­­­մակար­­­գող Ազ­­­նիւ Ստե­­­փանեան։ «Թեր­­­թա­­­­­­­տելով Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի էջե­­­րը, պարզ կը դառ­­­նայ, որ այս հար­­­թա­­­­­­­կը իր կա­­­րեւոր դե­­­րը կրնայ խա­­­ղալ լե­­­զուին գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան խթա­­­նու­­­մին, ինչպէս նաեւ՝ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան եւ այժմէական նիւ­­­թե­­­­­­­րով ու դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րով անոր զար­­­գացման մէջ»։

Նշենք, որ Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի կար­­­գա­­­­­­­նիշը ըն­­­դունո­­­ւեցաւ 30 Յու­­­նո­­­­­­­ւար, 2018-ին SIL International-ի կող­­­մէ, որ ISO 639-3-ը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րող մար­­­մինն է։ Նոր կար­­­գա­­­­­­­նիշ ու­­­նե­­­­­­­նալու միտ­­­քը սկիզբ առած էր Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիայի առան­­­ձին բա­­­ժին մը ստեղ­­­ծե­­­­­­­լու հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րով, սա­­­կայն պի­­­տի կա­­­րենայ ծա­­­ռայել նաեւ հա­­­մացան­­­ցի վրայ արեւմտա­­­հայե­­­րէնով տար­­­բեր ծրա­­­գիր­­­ներ (ինչպէս՝ սրբագ­­­րիչ, փո­­­խադ­­­րիչ, թարգմա­­­նիչ) մշա­­­կելու աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին։

«Ուի­­­քիփե­­­տիան կա­­­րեւոր հար­­­թակ մըն է, ուր արեւմտա­­­հայե­­­րէնը կա­­­րելի է գոր­­­ծա­­­­­­­ծել զա­­­նազան ձե­­­ւերով՝ կար­­­դա­­­­­­­լով, խմբագ­­­րե­­­­­­­լով, բա­­­րելա­­­ւելով ու ստեղ­­­ծե­­­­­­­լով արեւմտա­­­հայե­­­րէն յօ­­­դուած­­­ներ», ըսաւ «Գա­­­լուստ Կիւլպէն­­­կեան» հիմ­­­նարկու­­­թեան հայ­­­կա­­­­­­­կան բա­­­ժան­­­մունքի տնօ­­­րէն դոկտ. Ռազ­­­միկ Փա­­­նոսեան։ «Ու­­­րախ ենք, որ մեր աջակ­­­ցութիւ­­­նը ար­­­դիւնա­­­ւէտ հիմ­­­քե­­­­­­­րու վրայ դրո­­­ւած է։ Յու­­­սանք, որ լե­­­զուին տի­­­րապե­­­տող բո­­­լոր ան­­­հատնե­­­րը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեն այս առի­­­թը՝ հա­­­մացան­­­ցին վրայ զար­­­գացնե­­­լու արեւմտա­­­հայե­­­րէն բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը»։

Արեւմտա­­­հայե­­­րէն Ուի­­­քիփե­­­տիան բաց է բո­­­լորին։ Ուի­­­քիփե­­­տիայի խմբագրման գոր­­­ծիքնե­­­րուն ծա­­­նօթ ոեւէ ան­­­հատ կրնայ հոն իր մաս­­­նակցու­­­թիւնը բերել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ