ԾԱՌԶԱՐԴԱՐ, ԾԱՌԻՆ ԶԱՐԴԱՐ, ԵԿԷՔ ՏՕՆԵՆՔ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Զատկին՝ Ս. Յա­­րու­­թեան տօ­­նին նա­­խոր­­դող կի­­րակի կը նշո­­ւի Ծաղ­­կա­­­զար­­դը (Ծառ­­զարդար, Զար­­զարդար, Ծը­­ռըզար­­դար, Ծառ­­կատրունք, Ծառ­­զարդո­­ւօր, Ճոր­­ճարդոր)։ Հայ Եկե­­ղեցին այն կը տօ­­նէ ի յի­­շատա­­կումն Քրիս­­տո­­­սի՝ Երու­­սա­­­ղէմ յաղ­­թա­­­կան մուտքի։

Գա­­րեգին Բ. Կա­­թողի­­կոսի տնօ­­րինու­­թեամբ այն հռչա­­կուել է մա­­նուկնե­­րի օրհնու­­թեան օր, այ­­դու Ծաղ­­կա­­­զար­­դին՝ այս տա­­րի Ապ­­րի­­­լի 14-ին, եկե­­ղեցի­­ներում կը կա­­տարո­­ւի Մա­­նուկնե­­րի օրհնու­­թեան կարգ։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դը կը խորհրդան­­շէ նաեւ արար­­չութեան առա­­ջին օրը, երբ Աս­­տուած արա­­րեց եր­­կինքն ու եր­­կի­­­րը եւ լոյ­­սը տա­­րան­­ջա­­­տեց խա­­ւարէն։ Այն նաեւ կը խորհրդան­­շէ առա­­ջին ժա­­մանա­­կաշրջա­­նը, երբ եր­­կի­­­րը պա­­տուեց ծաղ­­կունքով ու ծա­­ռեր աճե­­ցին ամե­­նուր եւ Ադամն ու Եւան ու­­րա­­­խացան Դրախ­­տում։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դի նա­­խօրէին նա­­խատօ­­նակ է՝ կը բա­­ցուեն խո­­րանի վա­­րագոյրնե­­րը, եւ տօ­­նական Պա­­տարա­­գը կը մա­­տու­­ցուի ար­­դէն բաց վա­­րագոյրնե­­րով։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դի առա­­ւօտեան եկե­­ղեցի­­ներում կ՚օրհնեն ձի­­թենի եւ ու­­ռե­­­նի ոս­­տեր եւ կը բա­­ժանեն ժա­­մաւոր­­նե­­­րուն։ Ոս­­տե­­­րը խորհրդա­­նիշն են հե­­թանոս­­նե­­­րու, որք պտղա­­բերե­­ցին միայն Քրիս­­տո­­­սին ըն­­ծա­­­յուե­­լէ ետք, ոս­­տե­­­րի փափ­­կութիւ­­նը Քրիս­­տո­­­սի հե­­տեւորդնե­­րու խո­­նար­­հութիւ­­նը կը մատ­­նանշէ, իսկ ու­­ռե­­­նի ճիւ­­ղե­­­րը մեր ըն­­ծա­­­ներն են Տի­­րոջը։

Երբ կու գար քա­­հանան ու կը հնչէր եկե­­ղեցու ձայ­­նը, ժա­­մաւոր­­նե­­­րը կը ժող­­վո­­­ւէին եկե­­ղեցում, ձեռ­­քե­­­րին՝ ու­­ռե­­­նի ճիւ­­ղեր, ճիւ­­ղե­­­րին՝ քա­­նի մը հատ մո­­մեր վա­­ռած, որոնց մեղ­­միկ լոյ­­սե­­­րու ներ­­քոյ կէս­­գի­­­շերին կը սկսէր ոս­­տերն օրհնե­­լու դիւ­­թա­­­կան ծէ­­սը։

Գի­­շերո­­ւայ այդ ծէ­­սի պա­­հին նոյն իսկ նշա­­նադ­­րութիւններ կը կազ­­մա­­­կեր­­պէին։ Փե­­սացո­­ւի մայ­­րը ու­­ռե­­­նի ճիւ­­ղե­­­րին վա­­ռուող ամե­­նահաստ մո­­մի վրայ մա­­տանի կ՚անցնէր ու այդ մո­­մը կը յանձնէր հարսնա­­ցուին։ Հարսնա­­ցուն կը վերցնէր այդ մո­­մը եւ այ­­լեւս նշա­­նուած կը հա­­մարո­­ւէր։

Օրհնո­­ւած ու­­ռը խնո­­ցի, կա­­թի մէջ կը ձգէին, որ առատ ըլ­­լար, ճիւ­­ղե­­­րով կը խփէին սրան նրան՝ ըսե­­լով «Քա­­մու տեղ, սրտի դեղ», որ­­պէսզի հի­­ւան­­դութիւննե­­րը փա­­րատո­­ւէին։

Երե­­խանե­­րը, օրհնո­­ւած ու­­ռի ճիւ­­ղե­­­րը ձեռ­­ներն առած եւ փայ­­տեայ «կար­­կա­­­չա»-նե­­րը պտը­­տեց­­նե­­­լով, աղ­­մուկ-աղա­­ղակ հա­­նելով, տնէ տուն կը շրջէին ու կ՚եր­­գէին Ծառ­­զարդա­­րի եր­­գե­­­րը, անու­­շե­­­ղէն ու ձու կը հաւ­­քէին, որոնք Զատ­­կի սե­­ղանի հա­­մար էին, որ­­մէ ետք կը սկսէին ծաղ­­կա­­­զար­­դեան խա­­ղերը։

«Ծառ­­զարդար, ծա­­ռին զար­­դար,

Խունգ առէք, խունգ ծխե­­ցէք,

Սեւ հա­­ւէն հաւ­­կիթ կ՚ու­­զեմ,

Կար­­միր կո­­վէն եղ կ՚ու­­զեմ.

Վէվ օր տայ՝ շէն մնայ։

Վէվ օր չտայ՝ չոր չոր­­նայ»։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դին Քե­­սապում եօթ անու­­շա­­­բոյր ծա­­ղիկ­­ներ ու խո­­տեր կը դնէին ջրի մէջ, այն ողջ գի­­շեր պի­­տի մնար աստղա­­լից երկնի տակ եւ զօ­­րանար աստղաց կրա­­կով այս ջու­­րը «Յութնիւս» կը կո­­չուէր եւ դրա­­նով պի­­տի լո­­ւացո­­ւէին առա­­ւօտեան։ Նաեւ լա­­թի կտո­­րին եօթ շար շու­­լալ կար կ՚ընէին, թե­­լերը ծայ­­րին եօթ ան­­գամ կապ կը գցէին եւ կտո­­րը կը նե­­տէին պար­­տէ­­­զը։ Շա­­րու­­րում գոյնզգոյն թե­­լերով կը զար­­դա­­­րէին ծա­­ռերը՝ որ­­պէս իրենց փա­­փաքի կա­­տար­­ման նշան։

Ծաղ­­կա­­­զար­­դի գե­­ղեցիկ ծէ­­սերէն է Նար-Նու­­րի տիկ­­նի­­­կի ծէ­­սը։ Տիկ­­նի­­­կը կը ստեղ­­ծէին կնոջ կեր­­պա­­­րան­­քով, սպի­­տակա­­մաշկ, աչք- ունքով, քիթ-բե­­րանով, պսպղուն ու­­լունքնե­­րով, երփնե­­րանգ գօ­­տի կը կա­­պէին, որ կակ­­նարկէ ծիածա­­նը ի նշան անձրե­­ւի, գլխին ծա­­ղիկ­­ներ կամ ծաղ­­կեպսակ կը դնէին։

Այս տիկ­­նի­­­կը խնկար­­կումնե­­րով, ծի­­սական երգ ու պա­­րով տնէ տուն, թա­­ղէ թաղ կը շրջեց­­նէին, ամեն տնէն եւ ամե­­նուր թա­­փորի վրայ ջուր կը ցօ­­ղային գա­­րուն էր եկել եւ բա­­րեբեր անձրեւ կան­­չե­­­լու, առատ ջուր ու­­նե­­­նալու ժա­­մանակն էր։

Ակնյայտ է, որ անձրեւ կան­­չե­­­լու այս ծէ­­սը վաղնջա­­կան ժա­­մանակ­­նե­­­րէն կու գայ, ուստի շա­­տերը են­­թադրած են, որ տիկ­­նի­­­կը հին ժա­­մանակ­­նե­­­րում գու­­ցէ անձրե­­ւի Աս­­տո­­­ւածու­­հի եղած է կամ ջրե­­րի Նար հին Աս­­տո­­­ւածու­­հու պաշ­­տա­­­մունքի մնա­­ցուկն է։ Տար­­բեր ազ­­գա­­­գաւառ­­նե­­­րում տար­­բեր անուննե­­րով է յայտնի՝ Նար, Նու­­րի, Հու­­րի, Չի­­չի-մա­­մա, Ճի­­ճի-մա­­մա, Խուճկու­­րուրիկ։

Պար­­տի­­­զակ­­ցին, ընդհան­­րա­­­պէս, կար­­ծիք յայտնած է, որ Ծաղ­­կա­­­զար­­դը ջրի աս­­տո­­­ւածու­­հի Նար-Նու­­րիի տօնն է։ Որ­­պէս Թե­­րափ կը ներ­­կա­­­յաց­­ներ նրան, թե­­րափ կը կո­­չուին առտնին փոք­­րիկ աս­­տո­­­ւածու­­թիւննե­­րը։

Ցօղն ու շա­­ղը, անձրե­­ւի պաղ կա­­թիլ­­ներն են նրա ար­­ցունքնե­­րը։ Եւ երբ երաշ­­տի ժա­­մանակ մարդ կամ անա­­սուն կը տա­­ռապէն, գթա­­սիրտ Թե­­րափը կար­­տա­­­սուի, եւ նրա ար­­ցունքէն կը ծլեն-ծաղ­­կեն ծառ ու ծա­­ղիկ, սա­­րերի լան­­ջե­­­րը կը պա­­տուեն մուգ կա­­նաչով եւ ծա­­ռերի ճիւ­­ղե­­­րին կ՚երե­­ւան առա­­ջին բող­­բոջնե­­րը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ