ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՖԱՅՏՈՆ

Քառասմբակ պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ

Ո՞վ չի սի­­րեր ըն­­կերնե­­րով, ըն­­տա­­­նիքով կամ իր նշա­­նածով ֆայ­­տոն նստիլ, պտոյտ ընել, չա­­փել քա­­ղաքը ծայ­­րէ ծայր, սու­­րալ նեղ­­լիկ փո­­ղոց­­նե­­­րէն ու բա­­րեւել ծա­­նօթն ու ան­­ծա­­­նօթը։ Զոյգ մը ձի եւ ճիւ­­ղա­­­ւոր չորս անիւ­­ներ ու­­նե­­­ցող այս կառ­­քը, պէտք էր, որ ու­­նե­­­նար կա­­շիէ նստա­­րան եւ ծո­­պաւոր հո­­վանոց՝ իր հիւ­­րե­­­րը արե­­ւէն պաշտպա­­նելու հա­­մար։ Մին­­չեւ 20-րդ դա­­րու առա­­ջին կէ­­սը, բա­­րեկե­­ցիկ քա­­ղաքա­­ցինե­­րու, ինչպէս նաեւ ան­­կուտի սի­­րահար­­նե­­­րու ամե­­նասի­­րած ժա­­մանցն էր ան։ (Դուք քիչ վերջ կը հասկնաք, թէ ան­­կուտի տղայ մը, ինչպէ՛ս «աղա­­յու­­թիւն» կրնար ընել եւ իր եարի հետ ֆայ­­տոն նստիլ) Առաս­­պե­­­լական այս կառ­­քը թէեւ այժմ դադ­­րած է փո­­խադ­­րա­­­միջոց ըլ­­լա­­­լէ, սա­­կայն «ֆայ­­տոն» բա­­ռը կը շա­­րու­­նա­­­կէ երե­­ւակա­­յու­­թիւննե­­րու կայծ տալ։ Այդ բա­­ռը, կաս­­կած չու­­նինք, թէ քաղցր յի­­շատակ է Պոլ­­սոյ Իշ­­խա­­­նաց կղզի­­ներու գե­­ղատե­­սիլ ծո­­վեզ­­րին, կամ Կիւմրի քա­­ղաքի գե­­ղաքան­­դակ փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ պտոյ­­տի ելած մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րու հա­­մար։ Աւելցնենք նաեւ, թէ ան­­ցեալ դա­­րուն եր­­կու հար­­բած բա­­նաս­­տեղծ բա­­ւեց, որ բառս վի­­պական տեղ գրա­­ւէ հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ։ Բարձրա­­ցէ՛ք։ Մի՛ քա­­շուիք։ Նստե­­ցէ՛ք մեր ֆայ­­տո­­­նը, ուստի հե­­տեւեալը անոր քա­­ռասմբակ պատ­­մութիւնն է, դա­­սարա­­նի մէջ շարժ առած ու հա­­մեմո­­ւած՝ «Հին ֆայ­­տոն» եր­­գով։

- Աշա­­կերտնե՛ր, տետ­­րակնե­­րը հո­­րիզո­­նական բռնած, գծե­­ցէ՛ք ֆայ­­տո­­­նի այս նկա­­րը ու ականջ տո­­ւէք Սե­­ւակ Խա­­նաղեանի եր­­գին։

«Ֆայ­­տոն նստած կ՚անցնեմ նո­­րից,

իմ ման­­կութեան հին թա­­ղերով»

- Պա­­րոն, Կիւմրիի մէջ ֆայ­­տոն պի­­տի նստի՞նք։

- Ան­­կասկած։ Կ՚ըսեն, թէ Կիւմրին առանց ֆայ­­տո­­­նի՝ նոյնն է հարսնիք առանց հար­­սի։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ֆայ­­տոն բա­­ռի մա­­սին խօ­­սելու հա­­մար, պէտք էր բազ­­միլ անոր մէջ, յանձնո­­ւիլ անուշ հո­­վին։ Աւա՜ղ- դպրո­­ցական օրեր են հի­­մա եւ հայ­­րե­­­նիքէն շատ հե­­ռու, ուստի, պէտք է բա­­ւարա­­րուիլ մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդու­­թեամբ։ Երբ տետ­­րակնե­­րու մէջ կը սկսի յստա­­կանալ «կիւմրո­­ւայ» ֆայ­­տո­­­նի մը ու­­րո­­­ւագի­­ծը, կը յստա­­կանայ նաեւ «ֆայ­­տոն» բա­­ռի ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը։

Լոյ­­սի աս­­տո­­­ւած Իլիոսը եւ Ով­­կիանո­­սի դուստր Կլի­­մենեն կ՚ու­­նե­­­նան տղայ զա­­ւակ։ Զայն կ՚անո­­ւանեն Ֆայ­­տոն, որ կը նշա­­նակէ փայ­­լուն, լու­­սա­­­տու- ածա­­կան մը, որ ծա­­գած է «ֆաօ» բա­­յէն, որուն իմաստն է՝ առ­­կայծիլ, կայծկլտալ, շո­­ղալ։ Օր մը տղան, ան­­փորձ հե­­ծեալ, կը փոր­­ձէ իր հօր արե­­գակ­­նա­­­յին սայ­­լով անջրպե­­տի մէջ շրջա­­գայիլ։ Սա­­կայն, չկա­­րենա­­լով հրե­­ղէն ձիերը զսպել, կը սկսի երկնքի մէջ սան­­ձարձա­­կօրէն խո­­տորիլ։ Մեր մո­­լորա­­կէն շատ կը հե­­ռանայ ու կը սա­­ռին եր­­կիրնե­­րը, շատ կը մօ­­տենայ ու կը հրկի­­զուին դաշ­­տերն ու քա­­ղաք­­նե­­­րը, կը ցամ­­քին գե­­տերն ու լի­­ճերը։ Երկրա­­գունդի բնա­­կիչ­­նե­­­րը կը հայ­­ցեն Զեւ­­սի մի­­ջամ­­տութիւ­­նը։ Մար­­դա­­­սէր աս­­տո­­­ւածը աղէ­­տը կա­­սեց­­նե­­­լու հա­­մար կը շան­­թա­­­հարէ Ֆայ­­տո­­­նը։ 18-րդ դա­­րուն, Ֆրան­­սա­­­յի մէջ ձիաքարշ թե­­թեւ կառ­­քե­­­րը, ակ­­նարկե­­լով Ֆայ­­տո­­­նի ար­­կա­­­ծախնդրա­­կան պատ­­մութեան, անո­­ւանուեցան «ֆայ­­տոն», քան­­զի սրըն­­թաց էին անոնք ու քիչ մը ան­­կա­­­յուն եւ վտան­­գա­­­ւոր։ Ապա, բա­­ռը սու­­րաց դէ­­պի արե­­ւելք, ան­­ցաւ Եւ­­րո­­­պայի շքեղ քա­­ղաք­­նե­­­րու սա­­լաքա­­րուած փո­­ղոց­­նե­­­րը ու բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­ներ, հա­­սաւ Ռու­­սաստան։ Վեր­­ջի­­­նի ըն­­դարձա­­կուող սահ­­մաննե­­րու հետ իջաւ Կիւմրի եւ Ղարս։

«Ֆայ­­տոն» բա­­ռը արեւմտա­­հայե­­րէնի մէջ ֆրան­­սա­­­կան, իսկ արե­­ւելա­­հայ գրա­­կանու­­թեան մէջ ռու­­սա­­­կան փո­­խառու­­թիւն է։ Ան պա­­տիւը ու­­նի «ֆ» տա­­ռով սկսող սա­­կաւա­­թիւ բա­­ռերէն մէ­­կը ըլ­­լա­­­լու։ «Ֆայ­­տոն» բա­­ռը, որ ու­­նէր յու­­նա­­­կան ար­­մատ, ֆրան­­սա­­­կան բոյր եւ ռու­­սա­­­կան տպա­­ւորու­­թիւն, հայ­­կա­­­կան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ստա­­ցաւ թրքե­­րէն մաս­­նիկ մը, գո­­յացաւ «ֆայ­­տոնչի» բա­­ռը։ Քիչ վերջ դուք կը ծա­­նօթա­­նաք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան ամե­­նասի­­րելի ֆայ­­տոնչիին՝ Ալե­­քին հետ։

«Ֆայ­­տոն» բա­­ռի գրա­­կան առա­­ջին գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը կը գտնենք Րաֆ­­ֆիի «Մինն այսպէս, միւսն այնպէս» վէ­­պի մէջ. «Երե­­ւանեան հրա­­պարա­­կի վրայ լսւում էր նրա սուր ձայ­­նը՝ «ֆայ­­տո՜ն»։ 1890-ին հրա­­տարա­­կուած այդ վէ­­պի մէջ «ֆայ­­տոն» բա­­ռը ար­­դէն դար­­ձեր էր առեւտրա­­կան դա­­սակար­­գի կեն­­ցա­­­ղին ու բար­­քին խորհրդան­­շա­­­նը։ Իսկ 1920-ական թո­ւական­­նե­­­րուն բա­­ռը դար­­ձաւ քնա­­րական։ Ղար­­սե­­­ցի Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը, այն ժա­­մանակ 30-ամեայ բա­­նաս­­տեղծ, քիչ մը հար­­բած, սիր­­տը այ­­րած աշուղ դար­­ձած՝ կ՚ու­­զէ ֆայ­­տոն նստիլ ու իր եարի պա­­տու­­հա­­­նի տա­­կէն անցնիլ.

Ֆայ­­տոն նստած՝ անցնեմ քու­­չով,

պա­­տու­­հա­­­նից վրես նա­­յես՝

Էշխդ ան­­քուն սիրտս ընկնի-

ու լաց ըլիմ մին­­չեւ էգուց։

Չա­­րեն­­ցը հե­­ղինակն էր նաեւ «Եր­­կիր Նա­­յիրի» վէ­­պին, Ղարս քա­­ղաքի մե­­նագ­­րութիւն մը, ուր հե­­ղինա­­կը եկաւ հե­­տեւեալ եզ­­րա­­­կացու­­թեան. «Երե­­ւակա­­յեցէք, ըն­­թերցող, որ, ինչպէս նա­­յիրեան այդ քա­­ղաքը, այնպէս էլ ամ­­բողջ Նա­­յիրին... մի հսկայ «ֆայ­­տոն» է»։

Ապա եկաւ Խա­­չիկ Դաշ­­տենցը եւ գրա­­կան ֆայ­­տո­­­նով մեզ փո­­խադ­­րեց Արաքս գե­­տի միւս կող­­մը՝ Կիւմրի։ Անոր գրչին տակ բա­­ռը դար­­ձաւ գրա­­կան երկ՝ «Ֆայ­­տոն Ալե­­քը»։ Քա­­ղաքի յի­­սուն տա­­րուայ պատ­­մութիւնն է ան՝ հէ­­քիաթի փո­­խուած ֆայ­­տոնչի Ալե­­քի աչ­­քով։ Այդ քեր­­թո­­­ւածէն պա­­տառիկ մը մէջ­­բե­­­րելէ առաջ, նախ լսենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր ըլ­­լար կիւմրե­­ցի իս­­կա­­­կան ֆայ­­տոնչին. «... Պի­­տի լի­­նի հու­­մո­­­րասէր, մի քիչ խմող ու մար­­դա­­­սէր, որ ամէն ինչ գու­­մա­­­րով չչա­­փի»։ Դուք կը յի­­շէ՞ք այդ սի­­րահար երի­­տասար­­դը, որ լու­­մայ չու­­նէր ֆայ­­տոն նստե­­լու, բայց ու­­նէր սի­­րած։ Անոնք «ամէն ի՛նչ գու­­մա­­­րով չչա­­փող» ֆայ­­տոնչիի շնոր­­հիւ կ՚օրօ­­րուէին ֆայ­­տո­­­նով։ Ահա Ֆայ­­տոն Ալե­­քը.

Հին կա­­ռապան էր Ֆայ­­տոն Ալե­­քը։

Սի­­րում էին նրա ֆայ­­տո­­­նով գնալ

Ժամ, նշանդրեք, կնունք, հար­­սա­­­նիք։

«Ֆայ­­տոն» բա­­ռը նաեւ դար­­ձաւ իմաս­­տա­­­սիրա­­կան մտո­­րումնե­­րու աղ­­բիւր, մա­­նաւանդ, երբ դա­­րը փո­­խուե­­ցաւ եւ կիւմրե­­ցինե­­րը ֆայ­­տո­­­նի փո­­խարէն ինքնա­­շարժ սկսան նստիլ. «Վա՜յ, լու­­սըս քոռ­­նա (կոյր դառ­­նայ), տես, գյո­­զալա­­կան (գե­­ղեցիկ) Ֆայ­­տո­­­նը թո­­ղած՝ աւ­­տօ են նստել», «Ֆայ­­տո­­­նը մե­­ռաւ՝ Գիւմրին կը մեռ­­նի», «Ֆայ­­տո­­­նը, օղուլ (տղայ), պա­­պից պապ կ՚եր­­թայ», «Գե­­ղացիք եկել լցո­­ւել են քա­­ղաք, ֆայ­­տոն չտե­­սած՝ աւ­­տօ նստե­­ցին»։ Վեր­­ջի­­­նը, ըն­­թերցող, կ՚առա­­ջար­­կեմ հայ­­կա­­­կան դար­­ձո­­­ւածա­­բանա­­կան բա­­ռարան­­նե­­­րու մէջ նե­­րառել.- «Ֆայ­­տոն չնստած՝ աւ­­տօ նստիլ», այ­­սինքն արագ հարստա­­նալ, բայց քա­­ղաքի կրթու­­թեան հա­­ղոր­­դա­­­կից չըլ­­լալ։

- Պա­­րոն, ան­­գամ մը եւս կրնա՞նք լսել Սե­­ւակին եր­­գը։

- Այո... Աշա­­կերտներ հի­­մա գծե­­ցէք ֆայ­­տոն նստած եր­­կու մար­­մին։ Մէ­­կուն վրայ գրե­­ցէք «Ե՛ս եմ», իսկ միւ­­սին քով՝ «Ա՛ն է», եւ փա­­կեցէք ձեր տետ­­րակնե­­րը։

Ֆայ­­տոն նստած կ՚անցնեմ նո­­րից,

իմ ման­­կութեան հին թա­­ղերով,

սիրտս լցո­­ւած քո կա­­րօտից,

լցո­­ւած սիրոյ տաղերով։