Միշտ յետո՞յ, թէ ի սկզբանէ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Մենք որ ամե­­­­նաշատ վիշ­­­­տը սի­­­­րած ենք, կամ թա­­­­խիծն է, որ ամե­­­­նաշատ կը սա­­­­զէ մեզ»։ «Պո­­­­ղազի­­­­չի բե­­­­մարո­­­­ւես­­­­տի միու­­­­թեան» ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­մը դի­­­­տելով մտքիս կառ­­­­չած եր­­­­կու նա­­­­խադա­­­­սու­­­­թիւննե­­­­րէն այս առա­­­­ջինը կը պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նի բա­­­­նաս­­­­տեղծ Հիլ­­­­մի Եաւու­­­­զի։ Երկրորդն է «Երե­­­­կոն որ իջ­­­­նէ, նա­­­­մակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կա­­­­րօտ կը բու­­­­րեն, Զակ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­պի ռա­­­­տիօն Լի­­­­լի Մառ­­­­լեն կ՚եր­­­­գէ»։ Այս ալ փո­­­­խառ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած դար­­­­ձեալ նշա­­­­նաւոր բա­­­­նաս­­­­տեղծէ մը՝ Աթիլ­­­­լա Իլ­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­նէն։

Երաժշտա­­­­կան ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացում մըն է այս, ուր ամ­­­­բողջ բե­­­­մադ­­­­րութեան ըն­­­­թացքին հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սը կը տա­­­­նի Թուրքիոյ մօ­­­­տիկ ան­­­­ցեալի զա­­­­նազան դա­­­­ժան ապ­­­­րումնե­­­­րուն։ Տու­­­­ժած մարդկանց պատ­­­­մութիւնն է, որ շունչ ու կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րանք կը ստա­­­­նայ բե­­­­մին վրայ։ Բո­­­­լորիս հա­­­­մար ան­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­նօթ մի ոմն Սա­­­­լիհի ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նեկան ող­­­­բերգու­­­­թիւնը դի­­­­տելով կը հա­­­­ղոր­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւինք բո­­­­լորիս ծա­­­­նօթ Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի ող­­­­բերգու­­­­թեան։

Ֆունտա Ալփ, Տի­­­­տեմ Քափ­­­­լան եւ Ճիւ­­­­նէյթ Եալա­­­­զի հա­­­­մատեղ ջան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով ստեղ­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած թատ­­­­րերգու­­­­թիւն մըն է, որ կը բե­­­­մադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւի։

Բե­­­­մադ­­­­րիչ Մե­­­­թին Կէօք­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­լի հետ կը զրու­­­­ցենք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման աւար­­­­տին։ «Ու­­­­րիշ տե­­­­սակ կա­­­­րելի չէր, չէինք կրնար Ահ­­­­մետ Քա­­­­յան ին­­­­քը բե­­­­մին վրայ մարմնա­­­­ւորել։ Ստի­­­­պուած եղանք իր բա­­­­ցակա­­­­յու­­­­թեամբ, բայց զին­­­­քը ան­­­­ցուդարձնե­­­­րուն կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նը առ­­­­նող թատ­­­­րերգու­­­­թիւն մը գրե­­­­լու»։

Կէօք­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­լի այս բա­­­­ցատ­­­­րութիւ­­­­նը կ՚ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րանայ ամ­­­­բողջ խա­­­­ղի տե­­­­ւողու­­­­թեամբ։ Սա­­­­լիհ՝ որ ման­­­­կութեան ըն­­­­կերն է Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի, ճա­­­­կատագ­­­­րի բեր­­­­մամբ կը բաժ­­­­նէ նաեւ կեան­­­­քի վեր­­­­ջին օրե­­­­րը։ Ան քաղ­­­­բանտար­­­­կեալ մը եղած է եւ հար­­­­կադրո­­­­ւած է եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը լքե­­­­լու։ Մօտ 20 տա­­­­րիներ չէ տե­­­­սած իր դուստրը եւ եր­­­­կու որ­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­ները։ Կը տա­­­­ռապի Քոր­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­քոֆ հի­­­­ւան­­­­դութիւ­­­­նով։ Այս հի­­­­ւան­­­­դութիւ­­­­նը, որ ժա­­­­ռանգն է բան­­­­տարկու­­­­թեան տա­­­­րինե­­­­րուն գոր­­­­ծադրած հա­­­­ցադուլնե­­­­րուն, այ­­­­սօր խան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րած է իր յի­­­­շելու կա­­­­րողու­­­­թիւնը։ Կը յի­­­­շէ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւններ, բայց կը դժո­­­­ւարա­­­­նայ ապ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ամ­­­­բողջու­­­­թեան մէջ յի­­­­շելու։

Զա­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կար­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցեալ գան­­­­ձի մը մա­­­­սին տե­­­­ղեկու­­­­թիւն ստա­­­­նալու խաբ­­­­կանքով մը կու գան Փա­­­­րիզ, կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պին իրենց հօր եւ կ՚առե­­­­րեսո­­­­ւին անոր ապ­­­­րած դժո­­­­ւար պայ­­­­մաննե­­­­րուն հետ։

Քաղ­­­­բանտար­­­­կեալի իրա­­­­վիճա­­­­կը վե­­­­րածո­­­­ւած է քա­­­­ղաք­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­րեալի։ Ահա այդ քա­­­­ղաք­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­րեալի հո­­­­գեվի­­­­ճակով զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հեռ մը եւս գո­­­­յացած է Սա­­­­լիհի եւ Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի մի­­­­ջեւ։ «Փա­­­­րիզի ամե­­­­նագե­­­­ղեցիկ պա­­­­հը գի­­­­շերո­­­­ւայ ուշ ժա­­­­մերն է, երբ բո­­­­լոր լոյ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րը կ՚ան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տուին եւ ես մթու­­­­թեան մէջ կրնամ երա­­­­զել Իս­­­­թանպու­­­­լը»։

Հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նաբաղ­­­­ձութեան տա­­­­ռապան­­­­քը մեծ յա­­­­ջողու­­­­թեամբ նկա­­­­րագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր այս բե­­­­մադ­­­­րութեան մէջ։ Բայց ոչ միայն այդքա­­­­նը։ Կա­­­­րելի է ըսել, որ հա­­­­յոց տա­­­­րագ­­­­րութե­­­­նէն սկսե­­­­լով մին­­­­չեւ մեր օրե­­­­րը հաս­­­­նող բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ ան­­­­ցուդարձնե­­­­րու մա­­­­սին ակ­­­­նարկու­­­­թիւննե­­­­րով, վկա­­­­յու­­­­թիւննե­­­­րով հիւ­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած պատ­­­­մութիւն մըն էր, որ թատ­­­­րերգու­­­­թեան վե­­­­րածո­­­­ւած եկած էր Մաս­­­­լաք «Իւ­­­­նիք-Հոլ» սրա­­­­հի բե­­­­մը։

Ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման երաժշտա­­­­կան հա­­­­տուա­­­­ծը կու գար լրաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ծանօթ «Քար­­­­տէշ Թիւրքիւ­­­­լեր» խումբը։ Անոնք երաժշտա­­­­կան մեծ ու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեամբ յա­­­­ջողե­­­­ցան մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանել Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցան­­­­կէն ընտրո­­­­ւած եր­­­­գեր, որոնք կ՚ամ­­­­բողջաց­­­­նէին թա­­­­տերա­­­­կան պա­­­­տու­­­­մը։ Խումբի մե­­­­նակա­­­­տար­­­­ներ Վե­­­­տաթ Եըլ­­­­տը­­­­­­­­­­­­­­­րըմ եւ Ֆե­­­­րեալ Էօնէ­­­­յի եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կ՚ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցէր նոյն կազ­­­­մէն պա­­­­րու­­­­հի Պա­­­­նու Աչըք­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­նիզ։ Սա­­­­լիհի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րին մէջ փայ­­­­լուն դե­­­­րակա­­­­տարու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Ճիւ­­­­նէյթ Եալազ։

Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի երաժշտու­­­­թիւնը, մա­­­­նաւանդ փի­­­­լիսո­­­­փայա­­­­կան խոր պատ­­­­գամնե­­­­րով լե­­­­ցուն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը, բե­­­­մական շնոր­­­­հը միահիւ­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած, ըմ­­­­բոստու­­­­թեան վառ կեր­­­­պար մը ձե­­­­ւաւո­­­­րած են մեր իրո­­­­ղու­­­­թեան մէջ։ Ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը 44 տա­­­­րեկան էր, երբ սրտի կա­­­­թուա­­­­ծի մը հե­­­­տեւան­­­­քով հե­­­­ռացաւ այս աշ­­­­խարհէն։ Բո­­­­լորս քա­­­­ջաբար գի­­­­տենք, թէ այդ վա­­­­ղահաս մա­­­­հուան հա­­­­մար գե­­­­տին պատ­­­­րաստող ազ­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կը հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նաբաղ­­­­ձութիւնն էր, հիաս­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­փու­­­­թիւնը, յու­­­­սալքու­­­­թիւնը։ Եւ այդ բո­­­­լորին տե­­­­ղի տո­ւող էլի­­­­տար վայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գու­­­­թիւնը։ Վայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գու­­­­թիւն մը՝ որուն րո­­­­պէ առ րո­­­­պէ հե­­­­տեւե­­­­ցանք հե­­­­ռուստա­­­­ցոյ­­­­ցի էկ­­­­րաննե­­­­րէն։ Տե­­­­սանք թէ «Մա­­­­կազին լրագ­­­­րողնե­­­­րու միու­­­­թեան» մրցա­­­­նակա­­­­բաշ­­­­խութեան հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սին ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւող ընտրա­­­­նին ինչպէս խու­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նի մը վե­­­­րածո­­­­ւեցաւ ակնթար­­­­թի մէջ, երբ Ահ­­­­մետ Քա­­­­յա յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարեց, որ յա­­­­ջորդ ձայ­­­­նագրու­­­­թիւնը պի­­­­տի ըլ­­­­լայ իր մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիով՝ քրտե­­­­րէնով։ Գրգռիչ մէկ կամ եր­­­­կու ելոյթ բա­­­­ւարար եղած էր, որ դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ գտնո­­­­ւող հրա­­­­ւիրեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը յար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կին անո­­­­ւանի եր­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­չի վրայ եւ մա­­­­տու­­­­ցողնե­­­­րը դժո­­­­ւարաւ դուրս բե­­­­րեն զինք եւ հե­­­­ռաց­­­­նեն դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճէն։

Հե­­­­տեւե­­­­լով «Միշտ յե­­­­տոյ» խո­­­­րագ­­­­րեալ այս խիստ շա­­­­հեկան եւ յու­­­­զումնա­­­­լից բե­­­­մադ­­­­րութեան, ակա­­­­մայ տա­­­­րուե­­­­ցանք մտա­­­­ծելու Ահ­­­­մետ Քա­­­­յայի ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանած «Միշտ յե­­­­տոյ» եւ Սա­­­­լիհի հա­­­­կազ­­­­դած «Ի սկզբա­­­­նէ»ի ալե­­­­կոծ­­­­ման մա­­­­սին։

Սի­­­­րել, նաեւ սի­­­­րուիլ, բայց սի­­­­րելու, սի­­­­րուե­­­­լու հա­­­­ճոյ­­­­քը յե­­­­տաձ­­­­գել մի անո­­­­րոշ յե­­­­տոյի։

Սա մեր տա­­­­ռապա­­­­լի կեանքն էր ապ­­­­րած երկրի մէջ, իսկ բե­­­­մը հա­­­­յելի մը բո­­­­լորիս ուղղուած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ