Համաշխարհային պատմութեան մէջ ներկայ ժամանակները բնութագրող կարեւորագոյն քաղաքական հոսանքը ամբոխավարութիւնն է։ Անցեալին արհամարհուած ամբոխավարութիւնը Խորհրդային միութեան փլուզումին յաջորդող ժամանակներուն իշխող հոսանքը դարձած է։ Անոր հետ կապուած են ազգամիջեան կռիւները։ Ազգայնամոլութիւնը նոյնպէս այդ հոսանքի թեւերուն մէջ զարգացած է եւ հետզհետէ կը սպառնայ մարդկային մտքի բոլոր զարգացումներուն։ Մանաւանդ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհը ետին թողած մարդկութիւնը որդեգրած էր դէպի համերաշխութեան տանող նոր ընկալումներ։ Բայց ամբոխավարութիւնը թաւալ գլոր բերաւ բոլոր այդ հասկացողութիւնները եւ մարդկութիւնը դրաւ նոր փորձանքներու ծուղակին։
Այստեղ կայ զարմանալի ուրիշ երեւոյթ մը եւս, այս բոլորը տեղի ունեցան կարծես դհոլ զուռնայի գոռում կոչումի մը մէջ։ Փիլիսոփաներ կանխատեսած էին այս բոլորը, բայց կարելի չէր եղած կանխատեսուածը կանխելու միջոց մը գտնել։ Քանի, քանի յօդուածներ կարդացած ենք, որոնք կ՚ազդարարէին թէ նոր ժամանակներուն պիտի տիրապետէ միքրօազգայնականութիւն։ Եզր մը՝ որ այդ ուսումնասիրութիւններու միջոցաւ եկաւ թափանցեց մեր բառամթերքին։ Եւ ափսոսանքով տեսանք թէ շատ կարճ ժամանակի մէջ հազիւ քանի մը տարիներու ընթացքին իրականացան այդ չար գուշակութիւնները։
Իրականացաւ՝ Հենթիքթընի «Մշակոյթներու բախում» վարկածը։
Իսկապէս ալ ժողովուրդներ իրար կոկորդը սեղմեցին մի թիզ աւելի հողատարածքի տիրանալու համար։ Այդ բոլորին մէջ ոչ ոք նկատեց աշխատող դասակարգի կենսամակարդակի անկումը։ Բայց ի տարբերութիւն այդ բոլորին անդին գոյացաւ խորիմաց նոր գիտակցութիւններ։ Գիտակցութիւններ՝ որոնք կարծես թէ կեանքի կոչուած ըլլային այս չար ընթացքը խափանելու համար։
Մեր անմիջական առօրեայի մէջ ամբոխավարութեան ամենատեսանելի օրինակներէն մէկն է Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Ան զարմանք պատֆառելու աստիճան մեծ կորովով կ՚աշխատէր, գլուխ կը հանէր հսկայական գործեր եւ կը վայելէր հասարակութեան համակրանքը։ Սակայն նոյն հասարակութիւնը տարիներու հոլովոյթով կրցաւ ուրիշ դիտանկիւնով մը տեսնել անոր գործունէութեան էական երեսակը։ Այդ երեսակը այնքան ալ հաճելի չթուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք նախապէս կը գնահատէին քաղաքապետ Սարըկիւլը։ Կ՚արժէ խոստովանիլ թէ մինչեւ իր շրջանը մեզ հայերուս համար քաղաքապետարանը պետական կառոյց մըն էր եւ մենք հայերս ոչ մէկ ակնկալութիւն կրնայինք ունենալ այդ կառոյցէն։
Առաջին անգամ իր շրջանին է, որ քաղաքապետարանը օգնութեան փութաց մեր հաստատութիւններուն։ Նպաստեց եկեղեցիներու վերանորոգման ծախսերուն։ Մենք, որ լոկ թոյլտուութիւնը անգամ մեծ բարիք համարելու հակում ունէինք, առաջին անգամ իր շնորհիւ վայելեցինք ժողովրդավարական երկրի մը մէջ քաղքապետէ մը ակնկալուելիք զանազան բարիքներ։ Սակայն ըստ երեւոյթի ուրիշ արժանիքներ աւելի ծանր կշռեցին եւ Սարըկիւլ այս ընտրութիւններուն իր ակնկալած չափով չկրցաւ վայելել հայ ժողովուրդի աջակցութիւնը։
Ոմանք այս երեւոյթը քիչ մըն ալ պարտութեան հոգեբանութեամբ պիտի կոչեն ապերախտութիւն։ Ես պիտի նախընտրէի գործածել դրական ածական մը, որն է քաղաքական գիտակցութիւն։ Վերջին հաշուով հայը չէր յօժարած մաքիաւելական մերձեցումի եւ նախընտրած էր աւելի լուրջ, աւելի զուսպ եւ հետեւաբար աւելի պատշաճ եղանակը։ Որոշ է որ յառաջիկային նիւթերը մեզ պիտի բերեն նման խորհրդածութիւններու ծրարը եւս անգամ բանալու։
pakrates@yahoo.com