Ընտրութիւնը աւարտած է, բայց տեղի տուած ալեկոծումները, ո՛չ

Թուրքիոյ շրջանային ընտրութիւնները կայացան 31 Մարտ կիրակի։ Վերջին քանի մը ամիսներուն երկրի քաղաքական օրակարգը ամբողջովին զբաղուած էր այս ընտրութիւններով։ Կառավարութիւնը իբրեւ քարոզի եղանակ ընտրութիւններուն վերագրեց իրողութենէն շատ աւելի խոր իմաստներ։ Նոյնիսկ չվարանեցաւ շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան խնդիրը երկրի գոյութեան եւ անսասանութեան առումով կենաց եւ մահու խնդիր յայտարա­րելու։ Փոր­ձեց ժո­ղովուրդը հա­մոզել թէ յան­կարծ եթէ ընդդի­մադիր­ներ յա­ջողին ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութեան տի­րանա­լու, եր­կի­րը պի­տի ներ­կա­յանայ շատ լուրջ դժո­ւարու­թիւննե­րու դի­մաց։ Սա­կայն ընտրու­թեան ար­դիւնքնե­րը պար­զե­ցին թէ այդ վախ ու սար­սա­փի վրայ հիւ­սո­ւած ռազ­մա­վարու­թիւնը չէ յա­ջողած ակնկա­լուած ար­դիւնքին հաս­նե­լու։ Ար­դա­րեւ մա­նաւանդ Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա, Իզ­միր եւ Ատա­նայի նման մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ Ար­դա­րու­թիւն եւ զար­գա­ցում կու­սակցու­թիւնը կա­րեւոր նա­հանջ մը ու­նե­ցաւ։ Ձայ­նե­րու հա­մեմա­տու­թեան առու­մով իշ­խա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր գե­րակա­յու­թիւնը։ Բայց 25 տա­րիներ անց Իս­թանպու­լի եւ Անգարայի նման քա­ղաք­նե­րու մէջ քա­ղաքա­պետա­րանը ընդդի­մադիր­նե­րու զի­ջելու երե­ւոյ­թը բա­ւական ար­ժած է կա­ռավա­րու­թեան, սուղ յատ­կա­պէս ալ նա­խագահ Էր­տո­ղանին։ Հա­սարա­կու­թիւնը յոյ­սը կա­պած էր, այն իրո­ղու­թեան թէ ընտրու­թիւննե­րու կա­տարու­մով վերջ կը գտնէ երկրի մէջ տի­րող լա­րուա­ծու­թիւնը։ Սա­կայն այժմ բո­լորո­վին տար­բեր պատ­կեր մը կայ բո­լորին դի­մաց եւ իշ­խա­նու­թիւնը կը դժո­ւարա­նայ հա­մակեր­պիլ այս պար­տութեան հետ։ Այժմ իշ­խող կու­սակցու­թիւնը ամե­նու­րէք կ՚առար­կէ ար­դիւնքնե­րուն դէմ, պնդե­լով թէ շատ մեծ զեղ­ծա­րարու­թիւններ կա­տարո­ւած են։

Իս­կա­պէս ծի­ծաղե­լի երե­ւոյթ մըն է այս, քա­նի որ մին­չեւ ընտրու­թեան օրը ընդդի­մադիր­ներն էին, որ ան­ցեալի ընտրու­թիւննե­րէն ալ օրի­նակ քա­ղելով կը մտա­հոգո­ւէին կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ գոր­ծադրո­ւելիք խար­դա­խու­թիւննե­րէն։ Թէեւ այդ խար­դա­խու­թիւններն ալ ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցան մա­նաւանդ Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարու­թեան կու­սակցու­թեան դէմ։

Այդ կու­սակցու­թեան ան­դամնե­րը նոյ­նիսկ ընտրու­թեան նա­խոր­դող օրե­րուն ահա­բեկ­չութեան մե­ղադ­րանքով բեր­ման են­թարկո­ւեցան զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարու­թեան կու­սակցու­թեան բազ­մա­հազար գոր­ծիչներ ընտրու­թեան օրը ոչ թէ իրենց վստա­հուած պաշ­տօննե­րու վրայ էին, այլ բեր­ման են­թարկո­ւած խցիկ­նե­րու մէջ։

Սա­կայն այդ բո­լորով հան­դերձ անոնք յա­ջողե­ցան նա­խընտրա­կան շրջա­նի իրենց խոս­տումը յար­գել։ Այդ խոս­տումը կու­սակցու­թեան հա­մանա­խագահ Սէ­զայի Թե­մել­լիի խօս­քե­րով հնչած էր հե­տեւեալ կեր­պով. «Քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րուն մէջ պի­տի յաղ­թենք, իսկ արեւմտեան քա­ղաք­նե­րու մէջ պար­տութեան պի­տի մատ­նենք»։ Գոր­ծադրո­ւած ճնշումնե­րու հե­տեւան­քով, թէեւ վի­ճելի է քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ յաղ­թա­նակը, բայց բա­ցայայտ կեր­պով յայտնի է թէ մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ մատ­նո­ւած ձայ­նե­րու կո­րուստին կա­րեւոր գոր­ծօննե­րէն մէկն է քիւրտե­րուն թէ­կուզ կրծքին քար սեղ­մե­լով ընդդի­մադիր­նե­րուն հետ զօ­րակ­ցե­լը։

Եղե­լու­թիւնը ճիշդ ալ այս բա­ռերով բնու­թագրած էր կու­սակցու­թեան բան­տարկեալ նախ­կին հա­մանա­խագահ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ։ Ան յոր­դո­րած էր թէ­կուզ քար սեղ­մե­ցէք ձեր կրծքե­րուն, բայց զօ­րակ­ցե­ցէք ընդդի­մադիր­նե­րու ճա­կատին։

Այս կո­չը գտած է իր ար­ձա­գան­գը, քա­նի որ մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ընդդի­մադիր­նե­րը ձայ­նե­րու փոքր հա­մեմա­տու­թիւնով յա­ջողած են մե­ծամաս­նութիւ­նը ձեռք բե­րելու։

Վեր­ջին հեր­թին մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ընտրու­թիւնը կորսնցնե­լը մէ­կէ աւե­լի նշա­նակու­թիւններ կրնայ ու­նե­նալ։ Այս երկրի մէջ ըն­դունե­լու­թիւն գտած հա­մոզում է թէ Պո­լիսը կորսնցնո­ղը դա­տապար­տուած է յա­ջորդ ընտրու­թեան աւե­լի մեծ կո­րուստնե­րու հետ դէմ­հանդի­ման մնա­լու։ Իսկ աւե­լի կա­րեւոր երկրորդ գոր­ծօ­նը բո­լորո­վին տնտե­սական հիմք ու­նի, քա­նի որ առ­հա­սարակ երկրի տնտե­սու­թեան կա­րեւո­րագոյն բա­ժինը կը գո­յանայ Պոլ­սոյ մէջ։ Մա­նաւանդ ալ քա­ղաքա­պետա­րանը քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու առու­մով շա­հոյ­թի ար­տա­կարգ առիթ­ներ ընդձե­ռող նշա­նակու­թիւն ու­նի։

Այս իրո­ղու­թիւննե­րը տես­նե­լով աւե­լի դիւ­րին կ՚ըն­կա­լենք թէ ինչու համար կառավարութիւնը չի կրնար հանդուրժել Պոլսոյ նման քաղաքի մը մէջ քաղաքապետարանը ղեկավարելու առիթէն զրկուելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ