Ետին թողելով յաղթանակի տարի մը եւս

5Ապրիլը «Ակօս»ի հիմնադրութեան օրն է։ 1996-ին 5 Ապրիլին լոյս տեսաւ «Ակօս»ի առաջին համարը։ Պոլսահայութիւնը 1996-ի Սուրբ Զատկի տաղաւարին է, որ առաջին անգամ ծանօթացաւ «Ակօս»ի հետ։ Հանրապետական շրջանի պոլսահայ իրողութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ մըն էր թրքերէն լեզուով հայկական թերթի մը հրապարակումը։ Շատեր վարանած էին այս անսովոր երեւոյթին դիմաց։ Չէ որ մենք որպէս հասարակութիւն միշտ սիրած ենք մեր հաստ պատեանին մէջ ապահովութիւն գտնել։ Ճիշդ ջայլամի նման կարծած ենք, թէ եթէ մենք ուրիշները չտեսնենք, ուրիշներ ալ մեզ չեն տեսներ։ Մինչդեռ տարիներու փորձառութիւնը ընդհակառակը թելադրած էր ընդմիշտ։ Մենք էինք որ կը հալածուէինք եւ չէինք կրնար սեփական ինքնապաշտպանութիւն մը ձեւաւորել։ Չէինք կրնար պահանջել արդարութիւնը։ Այս դժբախտ երեւոյթը «Ակօս»ի հրատարակութեան գլխաւոր հրամայականն էր։ Այլեւս պիտի չհանդուրժէինք կատարուած անիրաւութեան եւ բարձրաձայն պիտի աղաղակէինք ու պահանջէինք հայու իրաւունքը։ Ճակատաբաց կը բոլորենք տարի մը եւս եւ հաստատ կամքով ասպարէզ կը կարդանք ցանկացած չարիքի նկատմամբ։ Չէ որ արդէն ամենասուղ գինով, Հրանդի սպանութեամբ վճարած ենք մեր առաքելութեան տուրքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ