Ցուցահանդէս ի նպաստ աուտիստիկ երախաներու

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

ՄԱԿ-ի որո­­շու­­մով 2008 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ 2 Ապ­­րիլ թո­­ւակա­­նը հա­­մաշ­­խարհա­­յին տա­­րածու­­թեամբ կ՚ըն­­դունո­­ւի «Աու­­տիզմի գի­­տակցման օր»։ Այս շրջագ­­ծով աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէ ներս բազ­­մա­­­թիւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ բազ­­մաբնոյթ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով կ՚անդրա­­դառ­­նան օրուան իմաս­­տին։

Երե­­ւանի մէջ 2004-ին հիմ­­նո­­­ւած է «Իմ ու­­ղին (My Way), ուսման ու զար­­գացման կեդ­­րոն»ը։ Կեդ­­րո­­­նի նա­­խաձեռ­­նողնե­­րը եղած են հինգ ծնող­­ներ, որոնց երա­­խանե­­րը կը տա­­ռապէին աու­­տիզմէ։ Մշա­­կեցին ան­­տարբե­­րու­­թեան, հիաս­­թա­­­փու­­թեան բազ­­մաբնոյթ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու լու­­ծումներ առա­­ջար­­կող կեդ­­րո­­­նի մը նա­­խագի­­ծը։ 2012-ին Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետա­­րանը այս նա­­խագ­­ծին գոր­­ծադրման հա­­մար տրա­­մադ­­րեց մի­­ջոց­­ներ եւ յատ­­կա­­­ցուած շէն­­քե­­­րու վե­­րակա­­ռու­­ցումը։ Այժմ կեդ­­րո­­­նի մէջ շուրջօ­­րեայ ծրա­­գիր­­ներ կը մշա­­կուին մաս­­նա­­­գէտ հո­­գեբան­­նե­­­րու, հո­­գեբոյժնե­­րու եւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու հսկո­­ղու­­թեան տակ։ Աու­­տիզմի դժո­­ւարու­­թիւն ու­­նե­­­ցող աւե­­լի քան 100 երա­­խանե­­րը արո­­ւես­­տի մի­­ջոցաւ կեան­­քին յար­­մա­­­րեց­­նե­­­լու հա­­մար կը կի­­րար­­կո­­­ւին նկար­­չութեան, երաժշտութեան, խե­ցեգոր­­ծութեան եւ պա­­րի դա­­սըն­­թացքներ։

«Իմ ու­­ղին, ուսման ու զար­­գացման կեդ­­րոն»ին աջակ­­ցե­­­լու մի­­տու­­մով 13 Ապ­­րիլ շա­­բաթ օր ժա­­մը 17.00-ին Գա­­րակէօզեան վար­­ժա­­­րանի Նա­­տիա եւ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ արո­­ւես­­տի աշ­­խա­­­տանո­­ցին մէջ պի­­տի կա­­յանայ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը, որուն եկա­­մու­­տը պի­­տի տրա­­մադ­­րո­­­ւի այս բա­­րեն­­պա­­­տակ հաս­­տա­­­տու­­թեան։

Անի Քուրտեանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ կա­­յանա­­լիք ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին իրենց գոր­­ծե­­­րը նո­­ւիրած են Հա­­յաս­­տա­­­նէն Գա­­գիկ Ղա­­զան­­ճեան, Լի­­լիթ Սո­­ղոմո­­նեան եւ Պո­­լիսէն ալ Անի Փեք­­քիւչիւք, Կիւ­­լի­­­զար Ար­­թուչ, Իտա Քահ­­րա­­­ման, Գա­­րին Ճին­­ճիօղ­­լու եւ Թա­­լին Մերթ։

Այս առ­­թիւ զրու­­ցե­­­ցինք պոլ­­սա­­­հայ կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րուն հետ։ Հայ դպրոց­­նե­­­րու մէջ թէեւ կան աու­­տիզմի ախ­­տա­­­ճանա­­չում ու­­նե­­­ցող­­ներ, բայց ափ­­սոս որ իրենց մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը կը պակ­­սին։ Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի քար­­տուղար Մարգրիտ Արսլա­­նի հա­­մաձայն մտա­­յին եւ մարմնա­­կան թե­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող տղոց հա­­մար գոր­­ծող ԶԻ­­ՊԷՉ հաս­­տա­­­տու­­թեան կազ­­մին մէջ աու­­տիզմ ու­­նե­­­ցող երա­­խայ չկայ։ Միւս կող­­մէ Գա­­րակէօզեան վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հի Արու­­սեակ Գօչ Մո­­նէ կը յայտնէ թէ դպրո­­ցին մէջ ու­­նին միայն մէկ աու­­տիստիկ աշա­­կերտ։ «Նա­­խորդ հինգշաբ­­թի եւ ուրբաթ օրե­­րուն դպրո­­ցի մէջ յի­­շեցինք աու­­տիզմի հա­­մաշ­­խարհա­­յին օրը։ Աու­­տիզմը խորհրդան­­շող կա­­պոյտ ժա­­պաւէն­­ներ կա­­պեցինք։ Դժբախ­­տա­­­բար զուրկ ենք այս տե­­սակ աշա­­կերտնե­­րու հետ ընդմիշտ զբա­­ղուող, այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ –ստո­­ւէր ու­­սուցիչ- ըլ­­լա­­­լով յի­­շուող կազմէ։ Սա­­կայն այդ բա­­ցը կ՚ամ­­բողջաց­­նենք ներ­­կայ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու նման մեր­­ձե­­­ցու­­մով աշ­­խա­­­տելուն շնոր­­հիւ»։

Ֆե­­րիգիւ­­ղի Մէ­­րամէթ­­ճեան վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հի Ար­­փի Մա­­նու­­կեան եւս կը հաս­­տա­­­տէ, թէ այս ուսման տա­­րեշրջա­­նին աու­­տիստիկ աշա­­կերտ չու­­նին։ «Ան­­ցեալին ու­­նե­­­ցած էինք այս տե­­սակի աշա­­կերտներ։ Մենք որ­­պէս վար­­ժա­­­րան մեր աշա­­կերտնե­­րուն մօտ աու­­տիզմի գի­­տակ­­ցութիւն գո­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար աշ­­խա­­­տու­­թիւններ կը տա­­նինք։ Այս նիւ­­թին մէջ շատ կա­­րեւոր է ծնո­­ղաց գի­­տակ­­ցութիւ­­նը եւ իրո­­ղու­­թեան հետ առե­­րեսու­­մը։ Միայն ծնող­­նե­­­րու հետ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնով է, որ կա­­րելի է ար­­դիւնքի հաս­­նիլ» կ՚եզ­­րա­­­կաց­­նէ Ար­­փի Մա­­նու­­կեան։

Աու­­տիզմը ի ծնէ կամ ալ կեան­­քի առա­­ջին տա­­րինե­­րուն յայտնո­­ւող ջղա­­յին եւ զար­­գացման խան­­գա­­­րում մըն է։ Ընդհա­­նուր հա­­մոզու­­մը կը մի­­տի թէ աու­­տիզմը ու­­ղե­­­ղի կազ­­մը եւ գոր­­ծե­­­լակեր­­պը խան­­գա­­­րող ջղա­­յին դրու­­թեան բար­­դութիւննե­­րէն կը ծա­­գի։ Աու­­տիզմի ազ­­դանշան­­ներն են աչ­­քի շփու­­մի ան­­յա­­­ջողու­­թիւնը, մատ­­նա­­­ցոյց ընե­­լու դժո­­ւարու­­թիւնը, տա­­րեց­­նե­­­րու խա­­ղերուն նկատ­­մամբ ան­­տարբե­­րու­­թիւնը, դար­­ձող կամ շրջող սար­­քե­­­րու նկատ­­մամբ ար­­տա­­­կարգ ու­­շադրու­­թիւնը եւ խօ­­սելու դժո­­ւարու­­թիւնը։ Աու­­տիզմի պա­­րագա­­յին խիստ կա­­րեւոր է կա­­նուխ ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը։ Կա­­նուխ ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մով մեկ­­նարկող յա­­տուկ ուսման դրու­­թիւնը կա­­րեւոր դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նի հար­­ցը աւե­­լի դիւ­­րին լու­­ծելու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ