Եղէգներու ամենէն մելամաղձոտը
Հայկական դպրոցի մը
գրասեղաններէն անցած ո՞ր
աշակերտին ծանօթ չէ Գարեգին
Պէշկէօթիւրեանի «Սրինգը»
բանաստեղծութիւնը.
«Ե՛կ իմ սրինգ, իմ բարեկա՜մ
տրտմագին,
Նիհար շրթունքդ, ո՜հ երերուն
Դի՛ր դալկահար իմ շրթներուն,
Երգե՛նք ու լանք, լա՛նք ու երգենք տրտմագին»։
Քնարական այս քառեակին մէջ վաղամեռիկ բանաստեղծը կ՚արտայայտէ իր մեծ վիշտը։ Իսկապէս սրինգը միշտ ալ եղած է տառապանքի եւ տրտունջի նուագարանը։ Անոր վտիտ մարմինը հովուական մեղմ շունչ մը տուած է հայկական քերթողութեան։ Հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է «սրինգ» բառի ստուգաբանութիւնը, ձեզ կը հրաւիրեմ ճամբորդել Յունաստան, պատմութեան այն ժամանակներուն, երբ երկրի լերկ լեռներուն վրայ աստուածներ էին։ Հետեւեալը անոր քաղցր ձայնին պատմութիւնն է։
Յունաստանի Պելոպոննիսոս թերակղզիի Արկադիա շրջանի մէջ կ՛ապրէր վայրաբնակ Պանը, որ ունէր այծի իրան, այծի սրունքներ ու եղջիւրներ։ Աստուածն էր ան հովիւներու, հօտերու, դաշտերու, անտառներու, պուրակներու, ամայութիւններու, որսորդութեան եւ հովուական երաժշտութեան։ Այս աղմկարար կիսամարդը կ՛ախորժէր նաեւ այլանդակ ու արտառոց ձայներ հանել ու անասուններու, ինչպէս նաեւ մարդոց մէջ խռովութիւն ստեղծել։ Այս պատճառով աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներու մէջ խուճապներ ու մեծ ահաբեկումներ կը կոչուին՝ panik, panic, panika։ Ան նաեւ կը հալածէր «նիմֆ»երը՝ անտառաբնակ հոլանի յաւերժահարսերը, որոնք բնակութիւն գտած կ՚ըլլային գետերու եւ լճակներու եզրին։
Օր մը Պանը, ցանկամոլ ու հեշտասէր արարած, այդ յաւերժահարսերէն մէկը որսալու ախորժակով կը թափառի լեռներու մէջ, Լատոնաս գետի եզերքին։ Կը նկատէ Սրինգսը, հրաշագեղ գեղեցկուհի մը։ Աղջնակը կը փորձէ խոյս տալ։ Սակայն, տեսնելով, թէ կարելի չէ այդ արագաոտն որսորդէն խուսափիլ, աստուածներու օգնութիւնը կը հայցէ։ Անոնք կ՚անսան Սրինգսի աղաչանքին ու զայն իսկոյն կը վերածեն եղէգի։ Երբ Պանը յուսախաբութեամբ կը հառաչէ, գետեզրի եղէգներու փողերէն կ՛արձակուի հեշտագին ձայն։ Պանը այդ ձայնը ընդմիշտ լսելու համար կը կտրէ եօթը եղէգ, իրարու կը կապէ։ Այսպէս՝ ան հնարած կ՛ըլլայ սրինգը։ Պանը դաշտերու մէջ կը նուագէ տխուր երգեր։ Իր արուեստը կը սորվեցնէ նաեւ հովիւներուն։ Մինչեւ այսօր խաշնարածները սրինգով կը նուագեն մելամաղձոտ մեղեդիներ։
Այնուհետեւ, սրինգի անունն ու ձայնը տարածուեցաւ սարէ սար, ձորէ ձոր, դուրս ելաւ Արկատիայէն ու նոր իմաստ առած՝ ներգործեց բազմաթիւ լեզուներ։ Ան այլեւս նուագարան չէր, այլ՝ մարմնին դեղ ներարկելու կամ անկէ արիւն առնելու ծառայող բժշկական գործիք- անգլերէն՝ syringe, իտալերէն՝ siringa, փորթուկալերէն՝ seringa, թրքերէն՝ şւrւnga, ելն.։ Բայց հայոց լեզուի մէջ, հաւատարիմ գոյական, պահեց բուն իմաստը- հովուական միափող նուագարան։ Աստուածաշունչի մէջ 15 անգամ հնչեց անոր ձայնը, ինչպէս հետեւեալ արտայայտութիւններու մէջ. «Խաղային առաջի Տեառն... եւ երգովք եւ քնարօք եւ սրնգօք», «Երգեն զսաղմոսս՝...քնարօք եւ սրնգօք եւ ծնծղայիւք», «Արքայ, դու հրաման ետուր ամենայն մարդոյ որ լսիցէ զձայն... զսրնգի»։ Եօթը շամբէ կազմուած «սրինգ»ը հայոց մայրենիին տուաւ եօթը զաւակ. սրնգագործ, սրնգահար, գրնգահարել, սրնգահարութիւն, սրնգաձեւ, սրնգանոյշ եւ սրնգափող։ Ան դարձաւ նաեւ երրորդ ձայնին (ԳՁ) պատկանող եղանակ մը։
Բարի էր ան։ Երկչոտ։ Ազազուն։ Լուր հեկեկող հայ բանաստեղծի սրտակիցը։ Այդ բանաստեղծներէն մէկը Ռուբէն Սեւակն էր։ «Սրինգ» քերթուածին մէջ բառը նոյնացաւ անոր ներաշխարհին հետ. «Ո՜վ խեղճ սրինգ, տարաբախտ ոստ», «Բաբէ՜, սըրինգ, սիրտըդ խոց է», «Ո՜վ իմ սըրինգ… Երկինքներ տուր հիւանդ շունչիս...»։ Միեւնոյն ժամանակ, հայոց լեզուի ամենէն գաղտնապահ բառն է ան.
«Եկուր պատմեմ քեզ մեկուսի
Գաղտնի՜, ահեղ սէր մը, սրինգ,
Որ տակաւին մէկուն չըսի…»։
«Սրինգ» բառը յօժարեցաւ նաեւ, Ռուբէն Սեւակին խնդրանքով, ձայնակցիլ ազգի վշտին՝ Կիլիկիոյ արիւնալի օրերուն. «Սրինգ մը խեղճ կու լայ ձեզ համար...։ Ո՜վ յաւերժահարս կոյսք Հայաստանի»։
Անձնական խոր յուզումները մրմնջելու համար «սրինգ» բառը յարմար եկաւ նաեւ Մատթէոս Զարիֆեանի գրիչին. «Սըրինգ մ՛հեռուն կը հեկեկայ, ցաւ մը տարտամ...»։
Դանիէլ Վարուժանի «Անդապահը» բանաստեղծութեան մէջ դաշտերու այդ հզօր զաւակը դիտեցինք «սրինգ ածելէ արտայայտութեան հետ. «Գիշերը մերթ սարին նստած լուսինին դէմ կ՚ածէ սրինգ»։ Մինչ, Սիամանթօն, որուն համար այդ փողը «քաղցրախօս» էր, «Սովամահ» քերթուածի նախերգանքին մէջ հայոց խաղաղ դաշտերը նկարագրելու պահուն, մեզի լսել տուաւ սրինգի ձայնը. «Ներդաշնակ սրինգ մը հրաւէրներ կը ցնծար»։ Իսկ Պետրոս Դուրեանը նկարագրեց Խրիմեան Հայրիկի սրինգը. «Ահա կը հնչէ նորայ հեշտ սրինգ, արձագանք կու տան Հայոց դաշտք, լերինք»։ Հայկական գեղապաշտ քնարերգութեան սակաւակեաց սրնգահարներէն մէկն էր Միսաք Մեծարենցը՝ «Երկու սրինգ» բանաստեղծութեան երգիչը։ Իսկ Եղիշէ Չարենցը, որ բարձրաձայն բանաստեղծութիւններու եւ շռնդալից շեփորներու երկրպագուն էր, օր մը մեղմացաւ ու գովերգեց Մեծարենցը.
Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղեգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արեւ՜ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին։
Սրինգը, որ նրբակազմ էր եւ մեղմաձայն, դարձաւ երկու գիրքի անուն։ Նախ լոյս տեսաւ «Սրինգ հովուական։ Երգեր, ոտանաւորներ եւ առակներ։ Ընթերցասէր մանուկների համար տանը եւ ուսումնարանումը» հատորը, 1882 թուականին, Թիֆլիսի մէջ։ Ղազարոս Աղայեանն էր հեղինակը։ Իսկ երկրորդը, չափածոյ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու ստուար աշխատասիրութիւն մըն էր 1909-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած. «Հովուական սրինգ»։ Հեղինա՞կն անոր- Պետրոս Դուրեանի փոքր եղբայրը, բանաստեղծ, բանասէր, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարք՝ Եղիշէ Դուրեանը։ Մէկ այլ պոլսահայ բանաստեղծ, Տիրան Չրաքեանը իր գրախօսականին մէջ այդ գիրքի եւ սրինգի մասին արտայայտուած է այսպէս. «Սրինգը, զոր մարդ իր գօտիին, իր ծոցին մէջ կը կրէ՝ մտերիմ ու առանձին բան մը ունի որով մենութեան մէջ հառաչելի խոստովանութեանց ու երազներու անդրուվար եղէգ մ՛է մանաւանդ քան քարոզի ու խանդավառման փող մը»։ Իսկ ըստ Կոմիտասի, որ Պերլին կամ Փարիզ կատարած ճամբորդութիւններու ընթացքին գօտիին մէջ կը պահէր սրինգ, այդ նուագարանը զուտ հայկական էր։ Յիշենք, թէ Փարիզի մեծ թատերասրահի մէջ, 1914 թուականին Կոմիտասը բազմահազար ունկնդիրներու ներկայութեամբ, իր ծոցէն հանց ու նուագեց իր 1909 թուականի Բիւրականի սրինգը (Այժմ՝ Կոմիտասի թանգարան, Երեւան)։ Այդ կատարումի աւարտին վարդապետը արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութիւններու, առաջին մրցանակի եւ ոսկեայ ժամացոյցի։
Թէեւ մեր դաշտերու մէջ, սարերու վրայ այսօր չկան սրնգահար հովիւներ, սակայն քաղաքներու մէջ ան զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ, քանզի վարպետ ձեռքերու շինած սրինգներ կը վաճառուին որպէս յուշանուէր։ Իսկ երբ կը կարծէինք, թէ որպէս բառ, ան դադրած է ներշնչում տալու հայու ստեղծագործ մտքին՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մուտքին, Աբովեան պողոտայի վրայ տեղադրուած հսկայական պաստառ մը յոյս կը ներշնչէ մեզի. «Հայկական աւանդական հունչեր - Հայկական երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթ - Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տուն - Փետրուար 22»։ Անո՞ւնն այդ համերգին։ Արժանապէս՝ «Սրնգահար գարուն»։ Իսկ հայոց հովուերգակ վարդապետի սրինգին ու տաղերգութեան նուիրուած է վաւերագրական շարժանկար մը, նկարահանուած մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Իսկ այդ մէկը արժանապէս անուանուած է՝ «Կոմիտասի սրինգը»։