Դժգոհութեան ալիքը կը ծաւալի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերջին շրջաբերականին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերջերս շրջաբերական մը հրատարակելով ընտրութեան իրաւունքէն զրկուած փոքրամասնութեան վաքըֆներուն առաջարկած էր նշանակման դրութեամբ ամբողջացնել իրենց տկարացած կազմերը։ «Եթէ մահուան կամ հրաժարման նման պատճառներով անձնակազմերը նուազած են, կարելի է այդ անունները փոխարինել գործող վարչութեան յարմար գտած անուններով» ըսուած էր շրջաբերականին մէջ։ Տնօրէնութեան այս առաջարկը որքան ալ նոր առիթ մը ըլլալով գնահատուի համայնքային կարգ մը հաստատութիւններու վարիչներուն կողմէ, իրականութեան մէջ բոլորովին կը հակասէ անոնց ընտրութիւնով պաշտօնի կոչուելու սկզբունքին։ Արդարեւ բացի Պոլսահայ հաստատութիւններէ քաղաքիս յունական հիմնարկներն ալ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած են այս պարտադրանքին դիմաց։ Պոլսոյ յունական համայնքը, որ խոշորագոյնն է միւս փոքրամասնութեան համայնքներուն մէջ իր ունեցած հիմնարկներու թիւի քանակով, խորհրդակցական ժողովի մը ընթացքին քննարկեց նիւթը եւ որոշեց պատշաճ պատասխանով մը այս մասին դժգոհութիւնը յայտնել Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Միւս կողմէ իրաւաբան Սեդրակ Տաւութհան եւս «Ակօս»ին հարցումներուն պատասխանելով ընդգծեց, թէ կարելի չէ համակերպիլ այս առաջարկին։
«6 Յուլիս 2018 թուակիր «Ակօս»ի մէջ յօդուած մը ստորագրած եւ մտահոգութիւններս յայտնած էի։ Սխալ կը գործէք ընտրեալ պարոնա՛յք։ Զարմանքով կը հետեւիմ ձեր արտասանած միտքերուն։ Այս կարգադրութեան ժամանակաւոր ըլլալը չի կանխեր անոր ապօրինութիւնը։ Ըլլայ անցեալի, եւ ըլլայ ներկայ վաքըֆներու օրէնքի մէջ նշուած է թէ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները կը ճշդուին ընտրութեան եղանակով։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերջին շրջաբերականը կը հակասէ այդ սկզբունքին»։
Իրաւապաշտպան Սեդրակ Տաւութհան նաեւ կը յիշեցնէ թէ շրջաբերականները չեն կրնար գերակշիռ ըլլալ օրէնքներու դիմաց։