Որքան որ քաղաքացիական դաժան պատերազմը քարուքանդ ըրաւ Սուրիոյ քաղաքները, հայերը կը պայքարին իրենց գաղութի ամբողջովին ոչնչանալը կանխելու համար։ Աշակերտութեան մեծ նուազումով հանդերձ դպրոցները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, կը կայանան գիրքի շնորհանդէսներ եւ հալէպահայութիւնը կը փորձէ վերակերտել իր անցեալի փառաւոր օրերը։ Այս ծիրէն ներս նախորդ շաբաթավերջին Քառասուն Մանկանց տաղաւարի շրջագծով բացումը եւ օծումը կայացաւ Հալէպի նոյնանուն եկեղեցւոյ։ Խորհրդանշական շատ մեծ իմաստ ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ներկայութիւնը օծման հանդէսին։
ԺԴ. Դարուն կառուցուած Քառասուն Մանուկը Հալէպի հնագոյն հայ եկեղեցիներու կարգին է։ Տաճարը 2012 թուականին ճիշդ կիզակէտին կը գտնուէր արիւնալի կռիւներուն։ Վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին 2016-ին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եկեղեցւոյ վերաբացումը վերագրեց Հալէպի մէջ վերաշինութեան աշխատանքներուն ապացոյցը։ Անցեալին Սուրիոյ հայութիւնը կը կազմէր 250 հազարի մօտ բնակչութիւն մը եւ հայկական սփիւռքի ամենալաւ կազմակերպուած կեդրոններէն մէկն էր։
Պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան ալ եկեղեցւոյ բացման առթիւ ելոյթ ունեցաւ եւ վստահեցուց, թէ հայութիւնը կը մասնակցի երկրի վերաշինութեան եւ կը պահէ իր գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ։