ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Մեծ Պահքի հէնց առաջին օրը Բարեկենդանէն մնացած մոխրաջրով կը լուանային պղնձէ ամանեղէնը, կը սրբէին տան, բակի, գոմի, մառանի բոլոր անկիւնները, թոնրի բերանը, ապա կը լողանային, ետքը կը բացէին տան դռներն ու երդիկը, կ՚առնէին աւելը, լաթը, ձողը եւ դուրս կը վռնտէին ձմրանը տանն ու մառանում ապաստանած բոլոր չար ոգիներուն՝ շվոտներուն, մեզմէ աղէկներուն, ալքերին, ղարա խոնջոլոզներին։
Կը վռնտէին նաեւ Ուտիս տատին եւ ներս կը հրաւիրէին Պասը հսկող Պաս պապին, Ակլատիզին՝ իր օգնական ոգիներ Քեպեպճօղլու եւ Փախլաճօղլու հետ, որոնցմէ առաջինը կը հսկեր Ուտիսի վրայ, երկրորդը՝ պասը լուծող երեխաների վրայ…
Միջինքին կը վռնտէին պուպուշիկներին,․սրանք նոյն պէս ձմռանը տան այլեւայլ անկիւններում, մառանում, մութ գոմի մէջ թաքնուած ոգիներ էին՝ «գանգրահեր, փոքրիկ սատանայաճտեր»։ Տանտիկնայք թոնիրը խառնելու երկար մրոտ փայտով խաչեր կը նախշէին տան ամէն անկիւնին՝ ըսելով «Պուպուշի՛կ, դուրս, Պուպուշի՛կ, դուրս», եւ սրանք կը թողնէին, կը փախչէին։
Տունը մաքրելէ ետք տիկնայք ձողի ծայրին բամբակի կամ լաթի կտոր կը կապէին, կը թաթախէին ալիւրի մէջ, ապա դրանով կը նախշէին սեւ մրով պատուած տան առաստաղը, այնպէս որ աստղազարդ երկինք կը յիշեցնէր, սիւներին «ս» նշանով բամբակէ պատրոյգներ կը խփէին, որպէսզի հաւերը այդչափ ճտեր ունենան։
Նոյն մաքրութիւնը հարկ էր հաստատիլ նաեւ բարեկամական յարաբերութիւններում. Պահքի հէնց առաջին օրը միջնորդները գործի կը դնէին իրենց ողջ ունակութիւնը՝ հաշտեցնելու գծուած բարեկամներին, հարեւաններին, հարազատներին եւ նոյն իսկ թշնամիներին։ Հակառակ դէպքում անհաշտ մարդիկ իրաւունք չունէին Պահքի աւարտին հաղորդութիւն ստանալ։
Մեծ Պասի առաջին օրը պարտադիր էր եկեղեցի մտնել եւ երեւալ հրեշտակներու աչքին, որովհետեւ հրեշտակները այդ օրը եկեղեցի չայցելածներուն հաւատացեալ չէին համարեր։
Լոռեցիները Պահքի առաջին օրը աղանձ կուտէին, որպէսզի պասի ընթացքին բերանները չհոտի եւ շրթունքները չճաքի։
Աւանակին թամքած, երեսը մրոտած կին մը, ով կը խորհրդանշեր Մեծ Պասը, թաղէ թաղ կը շրջեցնէին, որպէսզի Մեծ Պասը անփորձանք անցնի։
Նորահարսներն առաջին անգամ ջրի կերթային եւ դառնալիս քանի մը հատ չորացած ճիւղեր կը բերէին, որ «դովլաթի չոփեր» կը կոչուէին․ դրանք մինչեւ ամառ կը պահէին եւ կաթը եփելիս կը նետէին կրակը, որպէսզի կաթը միշտ առատ ըլլար։ Սիսիանի հարսները քարեր կը բերէին եւ տան անկիւններում կը շարէին, աթար թխող հարսներն ալ եօթ հատ աթար կը պատրաստէին եւ գոմի ներսի պատին կը խփէին։ Ապա կը նորոգէին կրակը եւ կաշխատէին այնպէս անել, որ այն մինչ Պասի աւարտը չմարէր։
Նանը տան փոքրերի հետ «եղ հանել»-ու ծէսը կը կատարեր․ տանիքէն ճլորթի կը կախէին, քանի մը երեխաներ ճոճելէ ետքը կը նստեցնէին տատին՝ քար մը գոգին։ Ճլորթին կոլորէին եւ կը ձգէին, թոկի ոլորքը դադրելու ետք նանը իր գոգի քարը ցած կը նետէր՝ արտասանելով «այսքան իւղ ինձ» խօսքերը։ Հարսներն անմիջապէս քարը գոգը կը վերադարձնէին, նորէն կը պտտէին ճլորթին, նանը կրկին քարը կը նետէր՝ այս անգամ «այսքան իւղ այսինչ հարսիս» ասելով։ Սա կը շարունակուէր այնքան ժամանակ, մինչ բոլոր հարսները կը ստանային իրենց բաժին իւղը։
Ընդունուած էր առաջին կամ երկրորդ շաբաթը «կիրակի» պահել, այսինքն՝ որոշակի աշխատանքներէ զերծ մնալ, օրինակ՝ երկուշաբթի «կրակի կիրակի» էր՝ կրակի հետ գործ չէին ունենար, այլապէս տունը կամ իրերը կը վառէին, երեքշաբթի «ջրի կիրակի» էր, չորեքշաբթի՝ «մկան կիրակի», «մկնոց»՝ այդ օրը աշխատողներու հասկը մուկը կը կտրեր, ցորենը կ՚ուտէր, շաբաթ «թալալոսի կիրակի» էր, իմա՝ աշխատողը կը թալկանար՝ ուշագնաց կ՚ըլլար։ Տարբեր շրջաններում տարբեր «կիրակի»-ներ կային՝ «ճանչնոց», «գալիք», «անէծք մօր», «գայլ կերածի եւ կատաղած շան», «սել (հեղեղ) տարածի», «կայծակ խփածի», «գայլի տօն», «մկնատօն» եւ այլն։
Էրզրումում նոր թխուած հացը երդիկէն ցած կը ձգէին՝ ըսելով․«Ո՛վ տաք հաց, դու առ Աստուած ելնես, այս ցաւն ու զոռը մեր տնէն-տեղէն վերացնես։ Ո՛վ տաք հացի պահապան հրեշտակներ, լսեցէ՛ք, առ Աստուած միջնորդ եղէ՛ք»։
Վանում Միջինքի օրը ամուրի մարդիկ կերթային ցորենի՝ դեռեւս ձիւնապատ, բայց արդէն կանաչազարդ դաշտերը եւ կ՚աւետէին գարնան գալուստը՝ «Աշխարհն լոյս տալու եկողը թո՛ղ քեզ ալ լիութիւն տայ» խօսքերով։
Չարխափան ծէսերը յատկապէս շատ կը կատարուէին Ծաղկազարդին եւ Աւագ շաբաթուայ ընթացքին, որոնց, անշուշտ, կանդրադառնանք մեր յաջորդ գրութիւններում։