«Յիշողութեան վայրեր, յիշողութեան ուղիներ դէպի այլ ապագայ», այս խորագրի ներքեւ Հրանդ Տինք հիմնարկը գործակցելով գերմանական DVV İnternational եւ Ֆրիտրիք Էպերթ հիմնարկներու, բանախօսութիւն մը կազմակերպեց 22 եւ 23 Մարտ թուականներուն։ Կալաթասարայ, Եափը Քրետի դրամատան դահլիճին մէջ կայացող բանախօսութիւնը արժանացաւ բուռն հետաքրքրութեան։
Բանախօսութեան բացման ճառերը արտասանեցին Հրանդ Տինք հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք եւ Քոլոմպիա համալսարանի դասախօսներէն Մարիան Հիրշ։
Բանախօսութիւնը նախափորձ մըն էր Հրանդ Տինքի անուան 23 Ապրիլ Յիշողութեան վայրի բացման ընդառաջ։ Առաջին նիստը կը կրէր «Դժուար անցեալը ներկայացնել» խորագիրը, որուն ժողովավարն էր Այֆէր Պարթու Ճանտան։ Այս նիստին ատենախօսները Աթէնքի համալսարանէն Մարլեն Մուլու, Տիսքրիքդ Սիքս թանգարանի վարիչ Պոնիթա Պենեթ, Պէյրութի Ամերիկան համալսարանի դասախօս Մոնա Էլ Հալլակ եւ Հարաւային Ափրիկէի Ափարթյայտ թանգարանի աշխատակիցներէն Էմիլիա Փիյոթենցա։
Երկրորդ նիստը կը կրէր «Արուեստը եւ յիշողութիւնը» խորագիրը եւ անոր ատենախօսներն էին Օշվիտս Պիրքենաու թանգարանի տնօրէն Այնէսքա Սիերացքա, արուեստագէտ Ատրէա Քնիթս եւ Տապլինի քաղաքի խորհուրդի մշակութային ժառանգի մասնագէտ Չարլս Տակն։ Այս նիստի ժողովավարն էր Էօզալփ Պիրօլ։
«Քաղաքներու թանգարաններ, շրջանային պատմութիւն եւ յիշողութիւն» խորագրեալ երրորդ նիստի ժողովավարն էր Ասենա Կիւնալ։ Այս նիստին ելոյթ ունեցան Նիւ Եորքի քաղաքի թանգարանի փոխ վարիչ Սարա Հենրի, Պելվիւ թանգարանի վարիչ Էն Լեւընս, Ամստերդամի թանգարանի անձնակազմէն Աննամարի Տէ Վիլթ։ Այստեղ Հենրի պատմեց Նիւ Եորքի քաղաքի թանգարանի մէջ ցուցադրուած նիւթերու մասին հետաքրքրական գիտելիքներ։ Ան նշեց թէ քաղաքի պատմութեան հետ միասին կը ցուցադրուին նաեւ տեղացի հնդիկներուն ողջակիզման մասին զանազան նիւթեր։ Անդրադարձներ կը կատարուի 11 Սեպտեմբերի յարձակումներու նիւթին եւ նաեւ քաղաքի պատմութեան մէջ մօտ չորս դարերու անցեալ ունեցող հանրատուներու մասին։
Օրուայ վերջին նիստը կը կրէր «Յիշողութեան վայրերու մէջ կեանքն ու յոյսը» խորագիրը։ Այշէկիւլ Ալթընայի ժողովավարութեամբ կատարուող այս նիստին ալ իրենց ելոյթներով մասնակցեցան Միջազգային խղճի ցանցի վարիչ Լինտա Նորիս, Լեհաստանի հրեաներու թանգարանի ցուցադրութեան բաժնի վարիչ Յոհաննա Ֆիքուս, Քասթրում Փերեկվինիի ծրագիրներու տնօրէն Լարս Էպերթ։
Բանախօսութեան երկրորդ օրուայ ատենախօսներու կարգին էր Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարան ինստիտուտի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան։ Շաբաթ օրուայ նիստերուն դարձեալ քննարկուեցան մարդկութեան դէմ գործուած զանազան ոճիրներու ուսումնասիրման եղանակները։
Այս երկօրեայ գիտաժողովի կազմակերպման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Հրանդ Տինք հիմնարկի աշխատակազմէն Նայաթ Քարաքէօսէն, որ անցեալին Հրանդ Տինքի անուան յիշողութեան կեդրոնի նախապատրաստման շրջագիծով զանազան շփումներ ունեցած էր մասնակից ակադեմականներէն շատերուն հետ։