Հասած ենք եզին պոչի բրդելու պահուն։ Չենք գիտեր թէ ինչ տեսակ ապրումի մը հետեւանքով գոյացած է այս ասացուածքը, որ ինքնին կը բնութագրէ խոչընդոտի մը երկար քաշքշուքներէ ետք աւարտին հասնելու պահը։ Կարծել կու տայ թէ երկու հակառակորդներ մէկը կառչած է եզան կոտոշներուն, իսկ միւսը պոչին ամէն մէկը դէպի իր կողմ կը քաշէ խեղճ անասունը մինչեւ որ անդիմանալի պոռչտուքի մէջ եզան պոչը պոկուի եւ քաշքշուքը վերջ գտնէ։
Ինչպէս նախորդ բազմաթիւ ընտրութիւններ այս անգամ ալ եզը նման օրինակի մէջ կը նկարագրէ մեզ։ Եկած հասած ենք խիստ տգեղ ընտրարշաւի մը աւարտին։ 31 Մարտին ժողովուրդը իր ձայնը պիտի գործածէ եւ ապա բովանդակ երկիր շունչերս բռնած պիտի սպասենք արդիւնքներու յայտարարման։ Իսկ ի՞նչ է եղածը։ Ճշդուած պիտի ըլլայ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին քաղաքներու ընտրուած վարիչները։ Վարչակարգի առումով իշխանափոխութիւն մը չէ նախատեսուածը։ Սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը օգուտ ակնկալած է այս շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւնները կենաց ու մահու խնդիրի վերածելու մէջ։
Նոյնիսկ կառավարութեան անմիջական ջատագով ըլլալով ներկայացող Ազգայնական կուսակցութեան պետը խնդրի լրջութիւնը շեշտելու համար արտասանեց «Անդունդէն առաջ վերջին ելքը» բացատրութիւնը։ Անշուշտ նման հաստատում մը լսելով պէտք էր հարց տալ թէ դուք այդ ի՞նչ գործեցիք որ երկիրը բերած էք անդունդի մը շեմին։ Անշուշտ ոչ ոք հարցուց այս մասին։ Իրաւ ալ այդ ի՞նչ պէտք է եղած ըլլայ որ ընտրութիւնը կորսնցնելով երկիր մը անդունդը գլորի։ Կարծես թէ անիմաստ է այս հարցումին վրայ ծանրանալ։ Բոլորս գիտենք, որ գործող կառավարութիւնը իր վրայ պաշտօն համարած է երկրիին տնտեսական քայքայումը։ Դժբախտութիւնները խիստ երեւելի ձեւով իրականացած են։ Տեսանելի էր թէ դէպի ուր պիտի տանի Եւրոմիութեան առաջարկած հողամշակման ռազմավարութիւնը։ Տեսանելի էր թէ ինչ հետեւանք պիտի ունենայ արհեստական հունտերու գործածութիւնը։ Ինչպիսի անպատեհութիւններ կը պահէ սնունդներու ծիներուն հետ խաղալ եւ այլասերած նոր ու անբնական միրգ ու բանջարեղէն աճեցնելը։
Այս բոլորը իրենց հետեւանքներով իսկ ծանօթ էին երկրի վարիչներուն։ Բայց անոնք նախընտրեցին գործադրել իրենց պարտադրուածը եւ հիմա ալ կ՚ապրինք այս երկրի աւանդական տնտեսութեան կարեւորագոյն յատկութիւններէն, հողագործութենէն եւ անասնաբուծութենէն զրկուելու միջավայրը։
Կասկած չկայ, որ ընտրութեան յաջորդող ժամանակներուն երկիրը դէմհանդիման պիտի մնայ նոր ճգնաժամի մը հետ եւ այս մէկն ալ բաւական սուղ պիտի արժէ կառավարութեան համար։ Ուրեմն վախ ու սարսափը ոչ թէ երկրի կայունութեան մասին է, այլ ընդհանրապէս իշխող կառավարութեան յարատեւութեան մասին։ Շատեր արդէն հիասթափուած մտադիր են ընտրութեան սնտուկներուն չմօտենալ, բայց միւս կողմէ ընդդիմադիրները ժողովուրդը ամէն գինով կը խրախուսեն ընտրութեան մասնակցելու։
Շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւնը անգամ մը եւս ճակատում ստեղծած է երկրի քաղաքական հրապարակին վրայ, որուն արտացոլածումը կը թափանցէ նաեւ ժողովուրդին։
Մէկ բան որ յստակ է իշխանութեան ձայներու նուազումը յոյսի նոր ալիք մը պիտի ստեղծէ, իսկ հակառակը հիասթափութեան ալ աւելի խորացումը։
Պ....
pakrates@yahoo.com